Հայոց լեզուաշխարհի քաղցրաբոյր բառերը ճաշակել ու մխիթարուիլ հոգեւոր հացով, ահա, թէ ի՛նչ մնաց մեզի, նախկին բաւականին ընդարձակ Հայաստանէն, երբ անոր մեղրահամ մէկ կտորը եւս, Արցախը կրծոտեցին, հայրենի նռան, տանձի, թութի, թուզի, հոնի, խնձորի, սեւ-սեւ խաղողի հիւթը ծծելու հաճոյքը յանձնուեցաւ օտարին։ Ըսին, «Ձեր ինչի՞ն է պէտք հողը/ արօտներն ու դաշտերը ձեր ինչի՞ն են պէտք,/ չէ՞ որ դուք խելօք ու աշխատասէր մարդիկ էք/ եւ կարող էք քարից հաց քամել / եւ միրգ ժայռերից ու ծերպերից»։ Բանաստեղծ Յովհաննէս Գրիգորեանի քառասուն տարի առաջ գրած խօսքերը, ըսեր եմ աշակերտներուս, քերթողութիւն չէր, այլ դառն իրականութիւն։ Ուստի, յարգելի ընթերցող, որոշեցի այսօր հայոց լեզուի եւ գրականութեան պտուղները դնել մամլիչի մէջ, լաւ մը քամել ու տեսնել, թէ քանի կաթիլ հիւթ մնաց մեզի։ Մեր նիւթը այսօր «հիւթ» բառն է, հայրենիքը վայելած ըլլալու մխիթարանք մը լոկ։
«Հիւթ» բառը բնիկ հայկական է։ Անոր արմատը կը նշանակէ կաթկթիլ, ծորիլ, հեղուլ, քամել, միզել։ Հայրենի հողը պարարտ էր, աճեցաւ ան եւ իմաստի զարգացում ունեցաւ, կը նշանակէ նաեւ՝ տարր, յոյզ, ծուծ, իսկութիւն։ Բառատեսակներով եւ բուսատեսակներով հարուստ մեր լեռնաշխարհը անշուշտ, թէ ծնունդ պիտի տար «հիւթ» բառի բազմահամ տեսակներու- «հիւթ պտղոց», «հիւթ բուսոց», «հիւթ մսոյ», «հիւթ փորոտեաց», իւղային դեղնորակ հիւթ, որ դուրս կու գայ աչքերէն՝ բիժ, եռացնելով թանձրացած պտուղի հիւթ՝ բանդակ, նոր ճմլուած խաղողի հիւթ՝ քաղցու։
Ընդհանրապէս «հիւթ» բառով նկատի կ՚ունենանք ըմպելիք կամ, որեւէ ուտեստի բաղադրիչ, որպէս բուրաւէտիչ։ Սակայն, հայոց գրիչները Ոսկեդարէն սկսեալ խնամքով թորեր են նաեւ հիւթալի տողիկներ։ Այժմ ճեմենք մայրենիի դիւթական դաշտերու վրայ, ի՜նչ փոյթ, թէ պղծուած են այս կամ այն ծայրը, այդ ընթացքին ալ ձեզի մատուցեմ հնաբոյր բաժակ մը զովացուցիչ, որպէսզի հաղորդուինք մեր հիներու հետ։
Ամէն ինչ սկսաւ Կորիւնի «Վարք Մաշտոցի» գիրքով։ Անոր վկայութեամբ Գարդմանքի իշխան Խուրցը խոր երկիւղածութեամբ հիւրընկալեց Մեսրոպ Մաշտոցը, նկատելով անոր վարդապետութեան հիւթը, այսինքն՝ գիտելիքներու ճոխութիւնը, «Վայելեալ ի հիւթ եւ ի պարարտութիւն վարդապետութեանն»։ Մաշտոցը եւ անոր աշակերնտերը երբ կը թարգմանէին Աստուծաշունչը, գործածեցին «հիւթ» բառի պարզ իմաստը անհիւթ հող ինկած սերմի պատմութեան մէջ։ Ահա Ղուկաս առաքեալի խօսքը. «Չորացաւ առ ի չգոյէ հիւթոյ»։ Նոյն թուականներուն Մեսրոպ Մաշտոցի մէկ այլ սանը, հայրապետ Յովհան Մանդակունին քարոզեց ադամորդիներու հաւասարութիւնը, աղքատ, թէ հզօր, քանզի Աստուած բոլորին տուաւ «մի մկրտութիւն եւ մի շնորհք եւ մի մարմին եւ մի արիւն Քրիստոսի, ...մի երկիր եւ մի երկինք եւ մի հիւթ ամենայն»։ Տաթեւի համալսարանի դասախօս, աստուածաբան Գրիգոր Տաթեւացին տզրուկը նմանցուց սատանային՝ որովհետեւ այդ անպիտանը արիւն կը ծծէ՝ հիւթը կենդանութեան. «Վասն բազում պատճառի տզրուկ կոչի սատանայ։ Նախզի՝ տզրուկն զարիւնն ծծէ՝ որ է հիւթ կենդանական։ Նոյնպէս եւ սատանայ զկենդանական խորհուրդն խոհեմութեան ցասման եւ ցանկութեան՝ ծծէ եւ քարշէ ի մարդոյն»։ Գրիգոր Նարեկացին այդ բառով շինեց հետաքրքրական մէկ արտայայտութիւն, «Հիւթ լուսակիր»։ Իսկ Թադէոս Կողոնեցի տաղասացը զայն վերածեց գովասանական խօսքի. «Ցօղով, հիւթ իմաստիւք ճոխ պերճացեալ ես»։
Միջնադարու հայ գրիչներու շնորհիւ «հիւթ» բառը դարձաւ աւելի «հիւթալի», «հիւթեղէն», «հիւթաւոր», «հիւթեղ», «հիւթոտ», «հիւթաբեր», «հիւթառատ», այսինքն տեսակ տեսակ բաղադրիչներով պատրաստուած բարդ եւ ածանց բառերու հարստութիւն մը։ Այնուհետեւ, մեր մերձաւոր պատմութեան մէջ հայ հեղինակին ու դպրոցական մանուկներուն մնաց ըմպել նախորդներու աշխատանքով լի բաժակը։ Ռեթէոս Պէրպէրեանի «Դպրոց եւ Դպրութիւն» աշխատասիրութեան մէջ բառը դարձաւ աշակերտական երգ. «Գիտութեանց ծծենք հիւթը կենսատու, / Մեր սիրտն յար տենչա՜յ ազնիւ բաներու»։ Յակոբ Պարոնեանի համաձայն, լուսաւորող հիւթ ունէր գրական, գիտական, քաղաքական «Ծաղիկ» պարբերականը՝ «...քաղցրաբոյր, որ ամառ ձմեռ կը բացուի, եւ որուն ամէն մէկ կոկոնը ազգին լուսաւորութեան հիւթ կը պարունակէ»։ Նոյն թերթի խմբագրին ուղղած նամակի մը մէջ զմիւռնիահայ հրատարակիչ, գրող Մատթէոս Մամուրեանը ըսաւ. «Ծաղկիդ քիչ մը ազատութեան հով եւ պարարտ հող տուր, որպէս զի անոր կենսատու մասերն ոյժ եւ հիւթ առնլով կազդուրին եւ նորէն ծաղկին»։ Դանիէլ Վարուժանը 1908ին Պելճիքայի Կանտ քաղաքէն նամակ մը ուղարկեց Արշակ Չօպանեանին ու գովաբանեց անոր «Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքն ու գործը» աշխատասիրութիւնը. «Երկը գեղեցիկ է ու մանաւանդ հիւթեղ»։ Նոյն տարին, Օսմանեան Սահմանադրութեան հռչակման օրերուն, Գրիգոր Զօհրապը գանգատեցաւ, թէ հիւթ չունէր պոլսահայ քաղաքական դաշտը. «Տաղանդով, նկարագրով ու զարգացմամբ մեր ազգին պատիւ բերող երեսփոխաններ գտնել եւ ընտրել՝ նեխած ու ապականած դիակէ մը կենսատու հիւթ մը փնտռելու կը նմանի»։ Հրաչ Զարդարեանի համար կեանքի հիւթն էր արուեստը. «Ծորի անոր ամէնէն ազնուենի հիւթը՝ արուեստը»։ Ու վերջապէս աշխարհաբար լեզուի համար տրուած պայքարը դարձաւ հիւթալի։ Մոսկուայի մէջ Միքայէլ Նալպանդեանը, արեւելահայութեան յեղափոխական գրիչը, համոզուած էր, թէ ցուրտ եւ սառած է գրաբարը, ան չի կրնար ազգին լոյս եւ կենդանութիւն տալ։ (Նալպանդեանը այս միտքերը արտայայտեց գրաբար հայերէնով). «Հինն լեզու՝ ո՛չ կարելով լինել նմա [հայոց ազգը] առաջնորդ ի լուսաւորութիւն, ըստ չունելոյ յինքեան զսննդարարն զայն հիւթ», մինչ Պոլսոյ մէջ Վահան Թէքէեանը հայոց լեզուի մրգաստանի մէջ անսահման խինդով կը ճեմէր ու հիացիկ կը դիտէր հայոց բառերը. «Մէյ-մէկ պտուղ գոյնզգոյն բոլոր բառերդ ահա, / Հիւթեղ բառերդ, զոր որքան հասունցուցին արեւներ»։ Ռուս յայտնի գրող Անդէյ Բիտովն ալ ըսած էր, թէ որքա՛ն հիւթեղ է մեր լեզուն. «Ես երջանիկ էի հայերէն խօսքի կարկաչիւնով եւ ճարճատիւնով... Ինչպիսի զուգադրում, ինչպէս կոշտ, այրուած հողը եւ հիւթալի պտուղը, որը հասունանում է նրա վրայ»։ Իսկ, ըստ Համօ Սահեանի Հայաստանն էր հիւթալի. «Նռան հիւթ է քամում քարից / Իր սիւնաբարձ քերծերի մէջ,- / Այսպիսին է Հայաստանը / Մեր նորօրեայ երգերի մէջ»։
Ապա, փոխուեցաւ աշխարհը, փոխուեցաւ նաեւ մեր լեզուն, «հիւթ» բառը յարմար եկաւ ո՛չ թէ լուսաւոր միտքեր, այլ՝ չարը եւ փորձանքը նկարագրելու համար։ Հաւատալու համար բաւարար է նայիլ մամուլի մէջ յայտնուած արտայայտութիւններուն, ուր կան «Հիւթալի պաշտօններ», «Հիւթալի շուկաներ», եւ երկիր մը, որ «Զէնք կու տայ ՏԱՀԷՇ-ի եւ անոր արտադրած նաւթի հիւթալի առեւտուրով կը զբաղի»։
Օր մըն ալ երգի վերածուեցաւ «հիւթ» բառը, հայրենիքի մէջ հայրենիքէն զրկուած, անպատսպառ հայու վիշտն էր, զոր երգեց աշուղ Ճիւանին.
Ձիւնապատ սարերս, սիզաւէտ դաշտերս ո՞ւր են,
Ասիային կշտացնող հիւթալից բերքերս ո՞ւր են.
Անուշահամ, սննդարար, բազմազան մրգերս ո՞ւր են,
Ընկել եմ ծմակ տեղերը, այգեստանից հեռացել եմ։
Ինչպէս դիմացաւ... Այսքան ցաւին ու տանջանքին ինչպէս հանդուրժեցաւ Արմենական Ազգը։ Պատասխանեց վանեցի ազգագրագէտ Մանուէլ Միրախորեանը։ «Նկարագրական ուղեւորութիւն ի հայաբնակ գաւառս Արեւելեան Տաճկաստանի» աշխատասիրութեան մէջ հեղինակը, կատարելէ յետոյ երկարաշունչ ճանապարհորդութիւններ, կը հասնի Հայոց Ձորի եւ Ոստանի սահմանի անկիւնը, կը հանդիպի աւերակ եկեղեցիի մը, ձորակի մը մէջ, զոր տեղացիները կը կոչէին «Աւեր Վանք», տեսաւ նաեւ հայկական տապանաքարեր հնամեայ յիշատակագրութիւններով փորագրուած, ապա խոր յուզումով նստեցաւ եւ գրի առաւ այս խօսքերը. «Ուղեւոր մը չի կրնար պահ մը չզարմանալ եւ չլինիլ մտահոգ, երբ մտածէ թէ սոյն նախնական ժողովրդեան, կամ որ նոյն է ըսել Արմենական Ազգի արմատն յիրաւի ի՛նչ աստիճան հաստատուն պէտք է եղած լինի, որ այսչափ դարերու հսկայ ժամանակաց դէմն մրցելով տակաւին իւր մէջ կենդանութեան հիւթ կը պահպանէ»։
Այսօր, յարգելի ընթերցող, դարձեալ Յովհաննէս Գրիգորեանի խօսքով՝ «Պատառ-պատառ կ՚ընեն հայրենի հողը, կը յօշոտեն մոլուցքով», ու մեր ափի մէջ կը մնայ նշխարաչափ պատառ մը, հայերէնը, մեր հիւթեղ, հիւթալի եւ հիւթառատ մխիթարութիւնը։ Ըմպենք զայն առատօրէն ու հաղորդուինք մեր հիներու իմաստութեան հետ։