ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
Յակոբ Այվազի հիմնադրած, 1946-1996 թուականներու միջեւ անխափան 50 տարի հրատարակուած հայերէն թատրոնի պարբերական «Քուլիս», ցուցահանդէսի ձեւաչափով կը ներկայանայ հանրութեան։ Հրանդ Տինք Հիմնարկի, Եափը Քրետի Գեղարուեստի եւ Մշակոյթի հրատարակչութեան ու Թուրքիոյ Թատերական Հիմնարկի համագործակցութեամբ պատրաստուած «Քուլիս՝ Թատրոնի Յիշողութիւն Մը, Յակոբ Այվազ» ցուցահանդէսի բացումը կայացաւ պարբերականի առաջին համարի հրատարակութենէն ուղիղ 74 տարի ետք 15 Դեկտեմբերին Եափը Քրետի Մշակոյթի Կեդրոնին մէջ։
Ցուցահանդէսին բացի «Քուլիս»ի էջերէն, կը ներկայացուի նաեւ Այվազի անհատական հաւաքածոյէն նմոյշներ եւս։ 1800-ական տարեթիւերու վերջերէն մինչեւ այսօր Թուրքիոյ բեմի մասին բազմաթիւ վկայութիւններու կողքին Յակոբ Այվազի անձնական ճիգերով հաւաքած նիւթերն ալ շահեկան անդրադարձ մը կ՚ապահովեն Թուրքիոյ թատրոնի պատմութեան մէջ։ Երեք բաժիններէ բաղկացող ցուցահանդէսի քուրաթէօրներն են Հրանդ Տինք Հիմնարկէն Պանու Աթչա, Եափը Քրետի Գեղարուեստի եւ Մշակոյթի հրատարակչատունէն Քեւսէր Կիւլէր եւ Թուրքիոյ Թատրոնի Հիմնարկէն ալ Էսէն Չամուրտան։
Ցուցահանդէսի առաջին հատուածին մէջ կենսագրական տեղեկութիւններ կը փոխանցուի Յակոբ Այվազի բեմընկերներ եղած Մուհսին Էրթուղրուլ կամ Թոթօ Գարաճայի նման անուններէ։
Երկրորդ հատուածի մէջ հանդիսատեսը կը գտնէ «Քուլիս»ի արխիւը։ Երրորդ հատուածը նիւթ կ՚ունենայ Պոլսոյ հին ու նոր թատրոնի շէնքերը։
Հրատարակութեան 50 տարիներու ընթացքին զանազան զինուորական յեղափոխութիւններու ականատես դարձած «Քուլիս» նաեւ ապրած է 6-7 Սեպտեմբերի դէպքերէն իրեն վիճակած բաժինը։ Ցուցահանդէսի ընթացքին կը հանդիպինք պարբերականի այդ օրերուն զուգադիպող համարին, որ ուշադրութեան կ՚արժանանայ «Ընթերցողներուն» խորագրեալ խմբագրական մը։ «Քուլիս երկար տարիներ է որ առանց իր սկզբունքներէն շեղելու կը շարունակէ հրատարակութիւնը։ Ողբերգական 6 Սեպտեմբերի գիշեր չար ձեռքեր թալանեցին նաեւ թերթիս տպուած «Վարոլ» տպարանը։ 15 Սեպտեմբերին հրատարակելի համարին բոլոր էջերը արդէն իսկ պատրաստ էին, բայց չարագործներ ամէն ինչ կոտրեցին, թափեցին ու փողոց նետեցին։ Այդ իսկ պատճառաւ թերթի առաքումը քանի մը օր ուշացաւ։ Վերջապէս բազում դժուարութիւններ յաղթահարելով յաջողեցանք մեր խմբագրատան մէջ վերստին աշխատելու։ Աստուած մեզ հետ։ Կը յուսանք թէ շուտով կը դասաւորենք մեր աշխատութիւնը եւ ամուր քայլերով կը կատարենք մեր առաքելութիւնը» ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։