Երբ պսակաձեւ ժահրի համավարակը ալ աւելի ծաւալելով կը սպառնայ համաշխարհային մարդկութեան առողջութեան, երկիրներ ալ կը մրցին իրարու հետ իրենց ժողովուրդի բաւականաչափ պատուաստանիւթ ապահովելու համար։ Պատուաստանիւթի արտադրութիւնն ալ արդէն ինքնին մրցման նիւթ մը եղած է յատկապէս զարգացած երկիրներու միջեւ։ Փորձերու երեք հանգրուանները յաջողութեամբ անցած պատուաստները յառաջիկայ օրերուն արդէն իսկ պիտի տրամադրուին որոշ առաջահերթութիւններու հետեւելով։ Ընդհանուրի ընդունած առաջնահերթ խմբակը կը կազմեն առողջապահական ոլորտի աշխատողները։ Յաջորդ խումբերու համար կան տարբեր մերձեցումներ։ Ոմանք կ՚ուզեն պատուաստուելու առաջնահերթութիւն տալ տարեց քաղաքացիներուն, քանի անոնք կը նկատուին նաեւ բարձր ռիսքային խումբ։ Մինչ այդ ուրիշներ ալ կ՚առաջարկեն նախ եւ առաջ աշխատունակ հասարակութիւնը պատուաստել, քանի այս խումբը աւելի շատ կ՚օգտուի հանրային փոխադրամիջոցներէ եւ կ՚աշխատի բազմամարդ կառոյցներու մէջ։ Էական խնդիրը կը շեշտուի բաւականաչափ պատուաստի պաշար ունենալով։ Այժմ տեղեակ ենք թէ Գանատա իր կնքած համաձայնութիւններով արդէն ապահոված է երկրի բնակչութեան հնգապատիկ պատուաստներ։ Փոխարէնը Թուրքիա ի դէմ իր 83 միլիոն բնակչութեան ապահոված է չինական արտադրութեամբ Սիլովակ մակնիշի պատուաստներէն 50 միլիոն օրինակ։
Նշենք որ մասնագէտներ խորհուրդ կու տան երեք շաբաթներու ընթացքին ստանալ երկու անգամ պատուաստում, որ պիտի կրնայ չէզոքացնել ժահրի փորձանքաբեր հետեւանքները։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ հասարակութեան մօտ ընդհանուր անվստահութիւն մը կը տիրէ չինական արտադրութեան հանդէպ։ Ժողովուրդը շուկայական փորձարութեամբ կ՚որսնցուցած է չինական արտադրութեան հանդէպ վստահութիւնը, որուն գլխաւոր ազդակը, նոյն ինքն սպառողներն են, որոնք նախապատուութիւն կու տան գինին, այլ ոչ թէ որակին։ Չինաստան արտակարգօրէն աժան արտադրութիւնով կը հրապուրէ համաշխարհային շուկան։ Այդ գինին տիրանալու համար անհրաժեշտ է որակի խնայողութիւնը։ Չինացիներ զանազան ապրանքներու մէջ սպառողին կը մատուցեն տարբեր որակի արտադրութիններ, որոնց գինը բնականաբար կը բարձրանայ որակի բարելաւման զուգահեռ։ Կարելի է եզրակացնել հաստատելով թէ համավարակը տակաւին երկար ժամանակ պիտի զբաղեցնէ համաշխարհային օրակարգը իր տարբեր երեսակներով։