ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Համաշխարհայնութիւնը հետզհետէ հակամարդկային

Պարտա­ւոր չենք այսքան եսա­կեդ­րոն ըլ­լա­լու։ Այսպէս կը խոր­հիմ, երբ կը հե­տեւիմ հա­յերէն մա­մու­լի եւ առ­հա­սարակ ԶԼՄ-նե­րու հա­ղոր­դումնե­րուն։ Միայն այ­սօ­րուայ յա­տուկ երե­ւոյթ չէ այս։ Կար­ծես հայ ան­հա­տը մե­կու­սա­ցած ըլ­լայ աշ­խարհի մէջ ու կար­ծէ թէ ամէն ինչ իր ազ­գով, իր եր­կի­րով սահ­մա­նուած է։

Աւե­լի ըն­դարձակ հա­յեացք մը մատ­նա­ցոյց պի­տի ընէ վեր­ջին 30-40 տա­րինե­րու ըն­թացքին հա­մաշ­խարհա­յին հո­սանքնե­րը։ Այս ժա­մանակշրջա­նին կա­րեւո­րագոյն երե­ւոյթն է հա­մաշ­խարհա­յին չա­փերով հա­րուստնե­րու ալ աւե­լի հա­րուստնալ եւ չքա­ւոր­նե­րու ալ աւե­լի աղ­քատնա­լու իրո­ղու­թիւնը։ Հա­մարեա բո­լոր եր­կիրնե­րէ ներս հա­րու­ստներու եւ աղ­քատնե­րու, այ­սինքն մար­դկու­թեան չնչին մէկ փոք­րա­մաս­նութեան եւ բա­ցար­ձակ մե­ծամաս­նութեան մի­ջեւ տար­բե­րու­թիւնը հետզհե­տէ ան­դունդի մը վե­րածո­ւած է։

Ներ­կայ դրու­թեան մէջ մար­դիկ կը տքնին, ալ աւե­լի կ՚աղ­քա­տանան աշ­խարհա­կալ ըն­կե­րու­թիւննե­րու հարստու­թիւնը աճեց­նե­լու հա­մար։

Աշ­խարհի բազ­մա­թիւ եր­կիրնե­րու մէջ աշ­խա­տու­նա­կու­թեան տա­րիքը ուր որ է կը գե­րազան­ցէ ան­հա­տի կեան­քի մի­ջին տե­ւողու­թիւնը։ Պե­տու­թիւններ կար­ծես իրա­րու հետ կը մրցին հա­սարա­կու­թեան ի նպաստ ծախ­սե­րը նո­ւազեց­նե­լու հա­մար։ Այդ առու­մով առաջ­նա­տար եր­կի­րը ԱՄՆ-է, ուր կը բա­ցակա­յի առող­ջա­պահու­թեան ձրի ծա­ռայու­թիւնը։ Հի­ւան­դա­նոցի ըն­ձե­ռած դար­մա­նու­մէն օգ­տո­ւելու հա­մար քա­ղաքա­ցին պարտի վճա­րել բա­ւակա­նին սուղ ար­ժող ապա­հովագ­րութիւն մը։ Այդ վճա­րու­մը թո­ղուած է ան­հա­տի նա­խընտրու­թեան։ Հե­տեւա­բար աշ­խա­տազրկու­թեան պայ­մաննե­րու մէջ մար­դիկ նախ եւ առաջ կը հրա­ժարին այդ ապա­հովագ­րութեան փո­խար­ժէ­քը վճա­րելէ։

Այս հո­սան­քը իր հետ կը բե­րէ խիստ մտա­հոգիչ ըն­կե­րային հա­կազ­դե­ցու­թիւն։ Կը բարձրա­նայ ժո­ղովուդնե­րուն կամ տար­բեր հա­ւատքնե­րու հե­տեւող­նե­րու իրա­րու հան­դէպ ատե­լու­թիւնը։ Այ­լա­մեր­ժութիւ­նը կը ծա­ւալի աշ­խարհի չորս ծա­գերուն։ Այս պայ­մաննե­րու մէջ քրիս­տո­նեանե­րու մե­ծամաս­նութիւն կազ­մած եր­կիրնե­րէն իս­լա­մաֆո­պիան, մահ­մե­տական­նե­րու մե­ծամաս­նութիւն կազ­մած եր­կիրնե­րէ ներս ալ հա­կասե­միթա­կանու­թիւնը եւ քրիս­տո­նէու­թեան դէմ ատե­լու­թիւնը կ՚աճի։ Այս վեր­ջի­նը իր հետ կը բե­րէ նաեւ արեւմտեան քա­ղաքակրթու­թեան ձեռքբե­րումնե­րու մեր­ժումը։ Ար­դա­րեւ Մի­ջին Արե­ւել­քի հետզհե­տէ ծա­ւալող իս­լամ ար­մա­տակա­նու­թիւնը այդ հա­կազ­դե­ցու­թեան դրսե­ւորումն է։

Հե­տաքրքրա­կան խմբակ մը կը կազ­մէ նախ­կին Խորհրդա­յին Միու­թեան ան­դամ եւ այդ ազ­դե­ցու­թեան գօ­տիի մէջ գտնո­ւող եր­կիրնե­րու քա­ղաքա­կան դիր­քո­րոշու­մը։ Ներ­կա­յիս Լե­հաս­տան եւ Հունկա­րիա կը ներ­կա­յանան իբ­րեւ Եւոր­միու­թեան ամե­նայե­տադի­մական եր­կիրնե­րը ըլ­լա­լով։ Անոնք երբ մէկ կող­մէն կը խան­գա­րեն ԵՄ-ի գաղ­թա­կան­նե­րու օժան­դա­կելու հա­մար մշա­կած ծրա­գիր­նե­րը, միւս կող­մէ ար­գելք կ՚ըլ­լան միու­թեան Էր­տո­ղանի ծա­ւալա­պաշտ քա­ղաքա­կանու­թիւննե­րու դէմ ձեռ­նարկած կան­խա­միջոց­նե­րու գոր­ծադրու­մին։

Տո­ւեալ եր­կիրնե­րը յայտնի է որ ոչ մէկ տպա­ւորու­թիւն կը պա­հեն անցնող շուրջ կէս դա­րուայ հա­մայ­նա­վար հա­կումնե­րէն։ Օր­պան եւ նման­նե­րը այժմ ստանձնած են նոր ազա­տամ­տա­կան դրու­թեան, եթէ ոչ տնտե­սական գետ­նի վրայ, այլ գա­ղափա­րախօ­սական իմաս­տով ռահ­վի­րանե­րը կըլլալու երեւոյթը։

Աշ­խարհի ընդհա­նուր ըն­թացքը մտա­հոգիչ է, որուն մէջ կը ձե­ւաւո­րուի նաեւ մի բուռ հայ­րե­նիքի ներ­կան ու ապա­գան։

pakrates@yahoo.com