ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՆՊԱՏԱԿ

Վեր­ջին օրե­­րուն, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մեր զրոյցնե­­րու, հար­­ցազրոյցնե­­րու եւ մա­­մու­­լի մէջ աւե­­լի յա­­ճախ սկսանք գոր­­ծա­­­ծել «նպա­­տակ» բա­­ռը։ Եւ դժո­­ւար չէ նկա­­տել, թէ յետ-Ար­­ցա­­­խեան պա­­տերազ­­մի այս շփոթ օրե­­րուն, զայն դար­­ձուցինք աւե­­լի տրտում, իմաս­­տա­­­սիրող, Հա­­յաս­­տա­­­նը եւ հայ ազ­­գը մտա­­տան­­ջող հար­­ցե­­­րով յու­­զո­­­ւած։ Ուստի, այս շա­­բաթ նպա­­տակա­­յար­­մար կը տես­­նեմ յօ­­դուածս նո­­ւիրել «նպա­­տակ» գո­­յակա­­նին ու ձե­­զի ներ­­կա­­­յաց­­նել անոր ստու­­գա­­­բանա­­կան եւ գրա­­կան պատ­­մութիւ­­նը։

Նախ մէջ­­բե­­­րեմ այն քա­­նի մը խօս­­քե­­­րը, որոնք խո­­րագիր դար­­ձած յայտնո­­ւեցան թեր­­թե­­­րու եւ զան­­գո­­­ւածա­­յին լրա­­տուա­­կան մի­­ջոց­­նե­­­րու ճա­­կատի վրայ. «Մենք պա­­տերազմ վերսկսե­­լու նպա­­տակ չու­­նենք», «Նպա­­տակ չկայ. սա է խնդի­­րը», «Խա­­ղաղու­­թիւնը նպա­­տակ չէ, այլ մի­­ջոց»։

Աշ­­խարհա­­բար հա­­յերէ­­նի մէջ «նպա­­տակ» բա­­ռը ու­­նի «առա­­ջադ­­րութիւն» իմաս­­տը եւ անոր հա­­մար է, որ կը սի­­րէ յի­­շուիլ խումբ մը վե­­րացա­­կան բա­­ռերու հետ ու կազ­­մել բարդ ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ, ինչպէս՝ «Ան­­մատչե­­լի նպա­­տակ», «Կեան­­քի նպա­­տակ», «Սուրբ նպա­­տակ», «Վսեմ նպա­­տակ»։ Բայց, ար­­դեօ՞ք այսպէս էր միշտ, ի՞նչ է անոր ծա­­գու­­մը, ու­­նէ՞ր այլ իմաստ։ «Նպա­­տակ» բա­­ռի առեղ­­ծո­­­ւածը բա­­ցայայ­­տե­­­լու հա­­մար այժմ դի­­մենք ստու­­գա­­­բանու­­թեան եւ հա­­յոց պատ­­մութեան հնա­­գոյն էջե­­րուն։

Օտա­­րամուտ է «նպա­­տակ» բա­­ռը։ Ըստ լե­­զուա­­բան­­նե­­­րու ու­­նի իրա­­նական ծա­­գում։ Կը կար­­ծո­­­ւի թէ կազ­­մո­­­ւած է եր­­կու բա­­ղադ­­րիչնե­­րէ. նի+պա­­տակ։ «Պա­­տակ» բա­­ռը իրա­­նական եւ կով­­կա­­­սեան բազ­­մա­­­թիւ լե­­զու­­նե­­­րու մէջ կը նշա­­նակէ «նետ», իսկ «նի» մաս­­նի­­­կը՝ «վայ­­րէջք, ան­­կում»։ Հե­­տեւա­­բար, «նպա­­տակ» բա­­ռը մեր նե­­տաձիգ նա­­խահայ­­րե­­­րու հա­­մար ու­­նէր գործնա­­կան պարզ իմաստ- նե­­տի նշա­­նառու­­թեան կէ­­տը, նշա­­ւակ, թի­­րախ։ Զար­­գա­­­նալով այս իմաս­­տէն ան նաեւ նշա­­նակեց՝ որս եւ մրցա­­նակ, ու գրա­­բար հա­­յերէ­­նը հարստա­­ցաւ պատ­­կե­­­րալից նոր ար­­տա­­­յայ­­տութիւննե­­րով. «Կէտ նպա­­տակի», «Ուղղել ի նպա­­տակն» (նշան առ­­նել), «Հար­­կա­­­նել ի նպա­­տակն», «Առ­­նուլ, կամ՝ յափշտա­­կել զնպա­­տակն» (մրցա­­նակին տի­­րանալ)։ Իսկ ժա­­մանա­­կակից հա­­յը կը գոր­­ծածէ անոր ար­­դի իմաս­­տով շի­­նուած դար­­ձո­­­ւածքնե­­րը. «Նպա­­տակ ու­­նե­­­նալ», «Նպա­­տակին հաս­­նիլ», «Նպա­­տակին ծա­­ռայել»։ Հա­­յոց լե­­զուի բա­­ռապա­­շարին մեծ նպաստ բե­­րաւ «նպա­­տակ» գո­­յակա­­նը։ Ան ու­­նի 60-ի չափ բարդ եւ ածանց բառ։ Նպա­­տակ չու­­նիմ բո­­լորը ար­­տատպե­­լու, սա­­կայն կ՚ար­­ժէ քա­­նի մը ածա­­կան յի­­շել, քան­­զի հե­­տաքրքրա­­կան են. բա­­րեն­­պա­­­տակ, ինքնան­­պա­­­տակ, չա­­րան­­պա­­­տակ, վերջնան­­պա­­­տակ, նպա­­տակա­­զուրկ, նպա­­տակա­­խոյզ, նպա­­տակա­­միտում, նպա­­տակամ­­ղում, նպա­­տակաորոշ, նպա­­տակաս­­լաց, նպա­­տակավ­­րէպ։ Նպա­­տակի բա­­ցակա­­յու­­թիւնն ալ բառ եղաւ՝ աննպա­­տակ։ Հա­­յոց լե­­զուի ամե­­նամեծ եր­­կու նպա­­տակ­­նե՞րը։ Ըսեմ, «նպա­­տակա­­յար­­մա­­­րու­­թիւն» եւ «աննպա­­տակա­­յար­­մա­­­րու­­թիւն»։

«Նպա­­տակ» բա­­ռը եւ անոր հետ հիւ­­սո­­­ւած գրա­­կանու­­թիւնը, յար­­գե­­­լի ըն­­թերցող, մերթ ժպտա­­դէմ է, մերթ տխրա­­դէմ։ Կա­­խում ու­­նի, թէ հա­­յոց պատ­­մութեան ո՛ր էջը բա­­ցեր էք։ Քնա­­րական եւ հե­­րոսա­­շունչ են այն էջե­­րը, ուր հա­­յը որ­­սորդ է, իսկ տրտում եւ մռայլ են ա՛յն էջե­­րը, ուր հայն է որ­­սը։ Այժմ այդ եր­­կու երես­­նե­­­րուն ծա­­նօթա­­նանք գրա­­կան լա­­ւագոյն ստե­­ծագոր­­ծութիւննե­­րէ առ­­նո­­­ւած մէջ­­բե­­­րումնե­­րով։

«Նպա­­տակ» բա­­ռի առա­­ջին պա­­տուա­­բեր գոր­­ծա­­­ծու­­թիւնը մե­­զի պար­­գե­­­ւեց Ար­­ցա­­­խի իշ­­խան Եսա­­յի Ապու­­մուսէն։ 854 թո­­ւակա­­նին երբ արաբ զօ­­րավար Բու­­ղան սպառ­­նա­­­կան թուղթ յղեց Եսա­­յիին՝ պա­­հան­­ջե­­­լով, որ ան իջ­­նէ հայ­­րե­­­նի Քթիշ ամ­­րո­­­ցէն եւ յանձնո­­ւի իրեն, Եսա­­յին հե­­տեւեալ պա­­տաս­­խա­­­նը տո­­ւաւ այդ աւա­­զակին. «Դու նպա­­տակ՝ եւ աղեղն իմ խո­­ցոտիչ»։

Օր մը պայ­­քա­­­րող ձեռ­­քե­­­րը ան­­հե­­­տացան, մար­­տա­­­կան ոյ­­ժե­­­րէն զրկո­­ւեցաւ հայ­­րե­­­նիքը ու մենք պար­­տո­­­ւեցանք։ «Նպա­­տակ» բա­­ռը հե­­ռացաւ իր որ­­սորդի ռազ­­մա­­­տենչ ոգիէն։ Այդ օրե­­րուն, «նպա­­տակ»ը փայ­­փա­­­յած գրիչ­­նե­­­րէն մէ­­կը Տի­­րան Չրա­­քեանն էր։ Հո­­գեւոր խոր նե­­րաշ­­խարհի տէր Չրա­­քեանը ար­­տադրեց երկնաս­­լաց միտ­­քեր, ինչպէս՝ «Ի՜նչ է, թռչո՜ւն ծո­­վային, քո նպա­­տակ... Եր­­կինքին կա­­պոյ­­տը, ջինջ ու խո­­րին յա­­տակ աշ­­խարհքին, որու բազ­­մա­­­զանու­­թեան միան­­գա­­­մա՚յն կը պատ­­շա­­­ճի իբ­­րեւ հուսկ տիեզե­­րական նպա­­տակ... Բո­­լոր կեն­­դա­­­նու­­թեանց երազն է յա­­ւեր­­ժա­­­կեն­­սութեան եր­­կինք մը. բո­­լոր այս այ­­րումնե­­րուն նպա­­տակն է լու­­սա­­­վառ անեզ­­րութիւ­­նը»։ 19-րդ դա­­րը ու­­նի գա­­ղափա­­րախօս հե­­ղինակ­­նե­­­րու բոյլ մը։ Շա­­րու­­նա­­­կենք վա­­յելել անոնց ցոլ­­քը։ Ռու­­բէն Սե­­ւակը անոյշ վտա­­կի մը հար­­ցում ուղղեց. «Ո՞ւր կը վա­­զես աննպա­­տակ», վտա­­կը հծծեց, «Թո՛ղ, որ եր­­գեմ լոյսն ու մու­­թին, / Ի՜նչ փոյթ թէ մահն է քայլ մ՛ան­­դին, / Ես սի­­րահար եմ մար­­մանդին»։ Ար­­շակ Չօ­­պանեանը անձնա­­կան նպա­­տակի որոն­­ման մէջ էր. «Եթէ չու­­նի նպա­­տակ Արար­­չութիւնն ահա­­գին, Քու կեանքդ իրեն ու­­նե­­­նայ թող նպա­­տակ մը պայ­­ծա­­­ռե։ Սի­­պիլը որո­­շեց կեան­­քի փու­­շե­­­րուն վրա­­յէն անցնիլ եր­­գով եւ տա­­ղով. «Ու ես միշտ կ՚եր­­գեմ ու միշտ կը խնդամ ան­­փոյթ՝ վիշ­­տե­­­րուն / Սին եւ վա­­ղան­­ցուկ. / Զի նպա­­տակս է իմ յոյս ու նե­­ցուկ. / Կեանք պի­­տի տա­­նիմ ծա­­րաւ»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը Արար­­չա­­­գործ աստղին բա­­ցաւ իր վշտա­­հար սիր­­տը ու հար­­ցուց. ‹‹Ո՜ւր ես վա­­նում մեզ երկրի հետ, / Ի՞նչն է կեան­­քի նպա­­տակ. / Ի՞նչ ես կա­­պել մեզ նիւ­­թի հետ, / Դարձրել մա­­հին հպա­­տակ››։ Իսա­­հակեանը ու­­նէր ան­­բե­­­կանե­­լի տենչ, կա­­րելի չէր անոր խո­­չըն­­դո­­­տել. «Եւ ան­­վախ, հպարտ, գլուխս բարձր, / Սլա­­քից արագ ես պի­­տի թռնեմ, / Ամ­­բո­­­խի վրա­­յով պի­­տի թռնեմ ես, / Դէ­­պի նպա­­տակս, միշտ հե­­ռուն, հե­­ռուն»։ Զա­­պէլ Եսա­­յեանը յոր­­դո­­­րեց հա­­մամիու­­թե­­­նական բարձրա­­գոյն նպա­­տակ մը որ­­դեգրել. «Նիւ­­թա­­­կան խնդիր­­նե­­­րէն վեր եւ դուրս, վեհ նպա­­տակ­­ներ կան… եւ այդ նպա­­տակ­­նե­­­րուն հաս­­նե­­­լու հա­­մար պէտք է, որ ամ­­բողջ ազ­­գը, հա­­րուստ, աղ­­քատ միանան»։ Կամ­­քի եւ պայ­­քա­­­րի ռազ­­մա­­­շունչ քեր­­թողն էր Սիաման­­թօն, որ ու­­նէր նպա­­տակ հե­­տապնդող ան­­ձի արթնու­­թիւնը. «Կանգ մի՛ առ­­ներ սրաթ­­ռիչ երի­­վար, նպա­­տակս տկա­­րու­­թիւն չի ճանչնար։ Այդ օրե­­րուն, երբ ազ­­գը եր­­կար դա­­րերու թմբի­­րէն նոր արթնցած, լա­­րած էր իր լայ­­նա­­­լիճ աղե­­ղը, հա­­յու շրթունքնե­­րը մրմնջա­­ցին այս խօս­­քե­­­րը. «Ահա՛ կ՚եր­­թամ, սի­­րելի քոյր, / Նպա­­տակս է բա­­րի, / Չենք դի­­մանար, մենք գե­­րի ենք, / Իրբ վեց հա­­րիւր տա­­րի. / Մի՛ լար քոյր իմ, մ՛ող­­բար, քոյր իմ, / Վե­­րադար­­ձիս սպա­­սէ»։

Մեր նե­­տը չհա­­սաւ նպա­­տակին, կրկին ցմրուր քա­­մեցինք պար­­տութեան բա­­ժակը։ Ապա մտա­­ծեցինք, թէ ին­­չո՛ւ։ Պա­­տաս­­խան տո­­ւին երեք այ­­րեր։ Նախ յի­­շեմ Զմիւռնիա ծնած հրա­­պարա­­կագիր, պատ­­մա­­­բան, թարգմա­­նիչ, հա­­սարա­­կական գոր­­ծիչ Մար­­կոս Աղա­­բեկեանը։ «Գա­­րեգին Սրո­­ւանձտեանց- Ազ­­գա­­­յին ող­­բերգու­­թիւն» թա­­տերա­­խաղի մէջ ան ըսաւ. «Ախ մենք ամէնքս երկպա­­ռակ ենք, երկպա­­ռակ. / Կո­­րու­­սինք գահ, կո­­րու­­սինք թագ աննպա­­տակ»։ Ապա Շա­­հան Շահ­­նուրն է, որ վեր­­լուծեց մեր գո­­յու­­թեան եւ չգո­­յու­­թեան հայ­­ցը. «Ահա թէ ին­­չու պար­­տո­­­ւած­­ներ ենք։ Պար­­տո­­­ւած­­ներ ենք որով­­հե­­­տեւ [...] չկռո­­ւեցանք, չխա­­ծինք, չմա­­քառե­­ցանք։ [...] Մենք մեր ան­­ձէն դուրս չե­­լանք, չու­­նե­­­ցանք նպա­­տակ»։

Բայց եղեր էին օրեր, եւ դեռ ըլ­­լան օրեր, խա­­ղաղու­­թիւն տի­­րէ հա­­յոց աշ­­խարհի վրայ, իմաս­­տութիւն իջ­­նէ եր­­կինքէն մա­­նանա­­յի նման, «նպա­­տակ» բառն ալ դառ­­նայ սի­­րոյ խօսք, ինչպէս դար մը առաջ ան դար­­ձեր էր գեղջկա­­կան երգ. «Ծա­­ղիկ ես բա­­ղի մի­­ջին... / Աչք ու ունքին, / Խելք ու մտքին, / Անոյշ տես­­քին, / Յա­­րիս առ­­նեմ հաս­­նեմ / Իմ նպա­­տակին»։