Պսակաձեւ ժահրի համավարակը յանկարծակի ոստում մը արձանագրեց Թուրքիոյ մէջ, շնորհիւ Առողջապահական Նախարարութեան ամենօրեայ վարակուածներու թիւերու յստակ հրապարակումով։ Մինչեւ շաբաթ մը առաջ Նախարարութիւնը կը խուսափէր թեստաւորումները դրական յայտնուածներու թիւերը հրապարակելէ։ Այլ նկատի կ՚ունենար միայն հիւանդանոցի բուժման ենթարկուածները։
Այս նոր զարգացումով Թուրքիա կը ներկայացնէ վարակման երկրորդ) ամենաբարձր թուանշանը։ Առաջին հորիզոնականին վրայ կը գտնուի ԱՄն, որուն կը յաջորդեն Թուրքիա, Հնդկաստան, Պրազիլ եւ Ռուսիոյ Դաշնութիւնը։ Իսկ բնակչութեան հետ համեմատելով Թուրքիա կը գտնուի առաջին հորիզոնականին վրայ։
Այս զարգացումը տեղի տուաւ նոր կանխամիջոցներու հրապարակման։ Արդարեւ Նախագահ Էրտողան յայտարարեց թէ երեկոյեան ժամը 21.00-էն մինչեւ առաւօտուայ 05.00 փողոց ելլելու արգելք կը հռչակուի բացի անհրաժեշտ ծառայութիւն մատուցողներէ բոլոր երկրի տարածքին։ Իսկ շաբաթավերջի երկու օրերուն նոյն արգելքը կը կատարուի շուրջօրեայ։ Այսինքն հասարակութիւնը ուրբաթ երեկոյէն մինչեւ երկուշաբթի առաւօտ պիտի զրկուի փողոց ելլելէ։ Մասնագէտներ անբաւարար կը գտնեն այս կանխամիջոցը եւ կը յանձնարարեն առնուազն երկու շաբաթուայ մեկուսացումը։ Սակայն իշխանութիւնը խուսափելով նման արգելքի մը շուկաներու վրայ ստեղծելիք ճգնաժամէն, կը մերժէ այս առաջարկը։ Հետեւաբար շուկայի շահը եւ հասարակութեան առողջութիւնը կրկին անգամ հակադրուած կ՚ըլլան իրարու հանդէպ եւ նախապատուութիւնը կը տրուի առեւտուրին եւ արդիւնաբերութեան։
Այս մասին Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքարանն ալ կ՚ունենայ որոշ կարգադրութիւններ, որոնց մասին Պատրիարքական զեկոյցը կարելի է տեսնել թերթիս հայերէն Դ. էջին վրայ։
Միւս կողմէ Պատրիարքարանը կը հաղորդէ թէ վերջին երկու ամիսներու ընթացքին համավարակի բերմամբ մահացողներու թիւը հասած է 66-ի։ Իր կարգին բաւական ծանր կորուստ մը, նկատի ունենալով Պոլսահայոց արդէն նօսրացած ընդհանուր բնակչութիւնը։