Հրանդ Տինք Հիմնարկի նախաձեռնութեամբ, Թուրքիոյ Թատրոնի Հիմնարկի, «Եափը Քրետի» մշակութեանին հրատակչութեան համագործակցութեամբ, «Քրէսթ» հիմնարկի, Հոլլանտայի եւ Ֆրանսայի Հիւպատասարաններու աջակցութեամբ կը կայանայ «Քուլիս՝ Թատերական Յիշողութիւն մը, Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Արխիւային նիւթերով պատրաստուած ցուցահանդէսին կարելի է հետեւիլ 15 Դեկտեմբեր 2020- 21 Փետրուար 2021 թուականներու միջեւ, «Եափը Քրետի» դրամատան Կալաթասարայի ցուցասրահին մէջ։ Յակոբ Այվազի 2006 թուականի մահէն ետք իր արխիւային նիւթերը յանձնուեցան նախ «Ակօս» շաբաթաթերթին եւ ապա Հրանդ Տինք հիմնարկին։
Արխիւի մէջ օսմաներէն, հայերէն եւ թրքերէն մօտ 600 ձեռագիր ըամ տպագրուած թատրերգութիւն, աւելի քան 500 հայերէն կամ թրքերէն պարբերականներու կողքին լուսանկարներէ, որմանկարներէ, երգիծանկարներէ բաղկացող 12 հազար տեսանիւթ կը կազմեն արխիւի ընդհանուր բովանդակութիւնը։ Արխիւը ալ աւեի ճոխացաւ 2019-ին հիմնարկին յանձնուած կարգ մը անհատական իրերով, ստացած մրցանակներով եւ 1946-1996 թուականներու միջեւ հրատարակուած «Քուլիս» պարբերականի 1104 համարներ կազմող լիակատար հաւաքածոյով։ Հրանդ Տինք Հիմնարկը անցնող ժամանկի ընթացքին բոլոր այս հաւաքածոն ցանկագրեց եւ թուայնացուց։ Այսպէսով մեր դիմաց կայ ԺԹ. դարու կէսերէն մինչեւ մեր օրերուն հասնող դերասաններու, թատերախումբերու մասին բազմաթիւ գիտելիքներ։ Այվազ իր երիտասարդութեան տարիներէն սկսելով հաւաքած գիրքերը, պարբերականները լուսանկարները պարունակող աշխատասենեակը կը կոչէր «Իմ դրախտը»։
Երեք բաժանումով
ցուցահանդէս մը
«Քուլիս՝ թատերական յիշողութիւնը ոը Յակոբ Այվազ» խորագրեալ ցուցահանդէսը կը բաղկանայ երեք բաժիններէ։
Առաջին բաժնի մէջ լուսարձակի տակ կ՚առնուին Յակոբ Այվազի պատանութեան տարիներէն ձեւաւորուած թատերական աշխատութիւնները, սիւնակագրութենէ դէպի հրատարակչութիւն ծաւալող կեանքի ընթացքին Իսթանպուլի հայերէն թատրոնի արտադրութիւնները։
Երկրորդ բաժնի մէջ կը տեսնենք Այվազի յիսուն տարիներ անընդհատ հրատարակած եւ ազդեցութիւնները Թուրքիոյ սահմանները գերազանցող պարբերականի նիւթերը։ Վերջին հատուածին մէջ Օսմանեան եւ Թրքական թատրոնի պատմութեան մէջ մեծ նշանակութիւն ունեցած արուեստագէտներու, խումբերու, բեմադրութիւններու եւ վայրերու մասին նիւթեր։
«Եափը Քրետի» հրատարակչատան կողմէ ցուցահանդէսի հետ նոյն անունը կրող անգլերէն-թրքերէն երկլեզու գիրք մըն ալ պատրաստուած է, որ Թուրքիոյ թատերական պատմութիւնը որոշ բազմազանութեան մէջ ընկալելու առիթ կը կ՚ընձեռէ։