Հայաստանի մամուլին մէջ տեղ գտած լուրերու համաձայն Նախագահ Արմէն Սարգսեան Ռուսիոյ Դաշնութեան Նախագահ Փութինին դիմած է նամակով մը, պահանջելով Արցախեան պատերազմի ընթացքին գերեվարուած զինուորներու տուն դարձին համար միջնորդութիւնը։ Սարգսեան նշած է նաեւ մահացողներու դիակներուն ալ յանձման մասին։ Խնդիրը նաեւ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտ. Գործ. Նախարար Լաւրովին ալ օրակարգին է։ Վերջինս այս մասին ըսաւ հետեւեալն. «Այս մարդկային հարցի ժամ առաջ լուծուիլը կը ցանկանք։ Խաղաղապահ ուժերը արդէն իսկ ձեռնարկած են որոշ աշխատանքներու։ Հայաստանի Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի, Ռուսիոյ Նախագահին հետ ունեցած հեռախօսազրոյցներուն ալ այս նիւթը կ՚արծարծուի»։
Մինչ այդ Կարմիր Խաչի յանձնախումբն ալ կը շարունակէ դիակներու փոխանցման համար աշխատութիւնները։
Ռուսական կողմը նախորդ օրերուն միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահ Փեթեր Մորերի հետ համաձայնած էր։