ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Երախտագիտութեան դրսեւորումը

Եթէ նախատեսուած կամ ծրագրուած չէ, ուրեմն կա­րելի է պա­տահա­կանու­թիւն կար­ծել այն երե­ւոյ­թը ըստ որու հայ մա­մու­լին ծա­ռայած բազ­մա­թիւ վաս­տա­կաւոր անուններ, իրենց վեր­ջին յօ­դուած­նե­րը ըն­թերցո­ղին փո­խան­ցե­ցին «Ակօս»ի հա­յերէն էջե­րու մի­ջոցաւ։ Այս պա­հուն երբ Հրանդ Տինք Հիմ­նարկը կը պատ­րաստո­ւի Յա­կոբ Այ­վա­զի ծա­ւալուն ար­խի­ւը տրա­մադ­րութեան տակ դնե­լու նոր սե­րունդի հե­տազօ­տող­նե­րուն, ակա­մայ տա­րուինք հա­մարեա աւան­դութեան վե­րածո­ւած այս երե­ւոյ­թի մա­սին խոր­հե­լու։ Ար­դեօք իս­կա­պէս լոկ պա­տահա­կանու­թի՞ւն է եր­բեմնի «Նոր Օր»ի խմբա­գիր­նե­րէն Ռու­բէն Մա­շոյեանի կա­րեւոր ներդրու­մը «Ակօս»ին։ Եր­կար տա­րիներ իր սրտա­ռուչ յօ­դուած­նե­րով, յատ­կա­պէս ճա­նապար­հագրու­թիւննե­րով մեծ վաս­տակ մը թո­ղած Վա­րու­դան Քէօսէեանի վեր­ջին յօ­դուած­նե­րուն «Ակօս»ին մէջ լոյս տես­նե­լը։

Հա­մեմա­տաբար կրտսե­րագոյ­նը կը հան­դի­սանայ «Ակօս» քա­ղաքիս մէջ հան­րա­պետա­կան շրջա­նին լոյս տե­սած թեր­թե­րու մէջ։ Եւ այս քա­ղաքի, նաեւ Լի­բանա­նի թեր­թե­րուն մէջ մեծ ներ­դում ու­նե­ցած Երո­ւանդ Կո­պելեանի վեր­ջին հանգրո­ւանը դար­ձեալ «Ակօս»ի հա­յերէն էջերն էին։

Այդ ծի­րէն ներս մեծ վաս­տակ ու­նե­ցող խմբա­գիր մը եղաւ Յա­կոբ Այ­վազ։ Ան առանց ընդհա­տու­մի նման յի­սուն տա­րիներ հրա­տարա­կեց իր հիմ­նած «Քու­լիս» թա­տերա­կան- գե­ղարո­ւես­տա­կան ու գրա­կան պար­բե­րակա­նը։ Սա ինքնին հսկա­յական աւանդ մըն է, որուն վեր­ջա­կէտը դրաւ Յա­կոբ Այ­վազ եւ ապա սկսաւ աշ­խա­տակ­ցե­լու թեր­թիս հա­յերէն էջե­րուն։

Այս պա­հուն հաս­տատ հա­մոզո­ւած ենք թէ վաս­տա­կաւոր գրող­նե­րու մեր թե­րթի էջե­րուն վրայ յայտնու­թիւնը պա­տահա­կանու­թե­նէ աւե­լի խոր նշա­նակու­թիւններ ալ ու­նի։ Նախ պար­տինք յի­շել Սար­գիս Սե­րով­բեանի բո­լոր այս անուննե­րու հան­դէպ տա­ծած յար­գանքը, սէ­րը եւ յատ­կա­պէս ալ երախ­տա­գիտու­թիւնը։ Ար­դա­րեւ Սե­րով­բեան ամէն հան­դի­պու­մին մեծ գուրգու­րանք կը ցու­ցա­բերէր իր­մէ աւագ գր­չեղ­բայրնե­րուն հան­դէպ։ Մերթ ընդ մերթ աշ­խարհա­յեացքնե­րու տար­բե­րու­թեան բե­րու­մով երբ կը հա­կադ­րո­ւէր իրենց հետ, յա­տուկ զգու­շութեամբ կը ներ­կա­յաց­նէր իր վե­րապա­հու­թիւննե­րը։ Կը վախ­նար որ որե­ւէ ցուցմունք կամ ճշդում վի­րաւո­րէ զի­­րենք։ Բայց այդ վաս­­տա­­­կաւոր վար­­պետնե­­րուն բո­­լորն ալ կը նկա­­տէին Սար­­գիս Սե­­րով­­բեանի իրենց հան­­դէպ հա­­մակ­­րանքը եւ եր­­բեք չէին վի­­րաւո­­րուեր անոր հա­­զուա­­դէպ պա­­տահած ցուցմունքնե­­րէն։

Այս բո­­լորը մտա­­բերե­­ցի, երբ այս էջին վրայ կը ծա­­նօթաց­­նենք Յա­­կոբ Այ­­վա­­­զի ար­­խի­­­ւի նիւ­­թե­­­րով պատ­­րաստո­­ւած ցու­­ցա­­­հան­­դէ­­­սը։ Ինչպէս ծա­­նօթ է շա­­տերուն, Այ­­վա­­­զի պա­­տանու­­թեան տա­­րինե­­րէն սկսեալ մէկ­­տե­­­ղած հա­­ւաքա­­ծոն յանձնո­­ւած է Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկին։ Հիմ­­նարկը բծախնդիր աշ­­խա­­­տան­­քով դա­­սաւո­­րեց եւ թո­­ւայ­­նա­­­ցուց այս հա­­ւաքա­­ծոն եւ հի­­մա կը պատ­­րաստո­­ւի մա­­տու­­ցել երկրի հա­­սարա­­կու­­թեան։ Այս ան­­գամ երախ­­տա­­­գիտու­­թեան վրայ աւել­­ցած է նաեւ մաս­­նա­­­գիտա­­կան ու­­շադրու­­թիւն եւ հա­­սարա­­կու­­թիւնը կը տի­­րանայ գի­­տելիք­­նե­­­րու ան­­ծայրա­­ծիր պա­­շարի մը։

Յե­­շելով նման բնոյ­­թի բազ­­մա­­­թիւ հա­­ւաքա­­ծոներ, բա­­րեբախ­­տութիւն է, որ Այ­­վա­­­զի ար­­խի­­­ւը յանձնո­­ւած է Հրանդ Տինք Հիմ­­նարկի հո­գատա­րու­թեան եւ շա­հագործման։ Այժմ պա­հը եկած է այդ բո­լորի ար­գա­սիքը վա­յելե­լու։

pakrates@yahoo.com