Կը խնդրենք քեզմէ միասին երեւակայենք,
Երեւակայենք որ դուն Սեպուհ սրբազան չըլլայիր։
Չըլլայիր եւ «Եկէք Վանաձմր միասին համերգ մը կազմակերպենք» չըսէիր։
Մեզ հրաւիրած չըլլայիր երբեք։
Բեմ չբարձրանայինք քու գեղեցիկ քաղաքիդ մէջ։
Այդ անմոռանալի օրերը ապրած չըլլայինք բնաւ։
Ծանօթացած չըլլայինք քեզի հետ։
Կամ դուն միայն ոեւէ սրբազան մը ըլլային մեզի համար։
Ազդեցիկ խօսքդ, իմաստուն միտքդ՝ անուշ ժպիտդ, մտերմութիւնդ…
Վայելած չըլլայինք բոլոր ասոնք։
Սեղաններու շուրջ հաւաքուած չըլլայինք քեզի հետ։
Խնդրենք դարձեալ երեւակայենք դուն Վանաձոր չըլլայիր այս օր։
Տարբեր ըլլար այս վերջին տարին։
Մեզի աւելի մօտ ըլլայիր։
Այսօր հոս ըլլայիր։
Ժահրը չըլլար։
Պատերազմը չըլլար։
Բոլոր այդ տղերքը չկորսնցնէին իրենց կեանքը։
Բնաւ ապրած չըլլայինք 2020-ը։
Դուն վախճանած չըլլայիր։
Ի՞նչ կ՚ըլլար, ի՞նչ կ՚ըլլար Սրբազան։
Եթէ մենք այս լուրը ստացած չըլլայինք երբեք։
Սիրելի Սեպուհ Սրբազան չենք հաշտուած դառն իրողութեան հետ։ Բայց ի զուր է ճշմարտութեան դէմ մեր դիմադրութիւնը։ Իրողութիւնը այն է թէ եկար ու դպչար մեր կեանքերուն, խոր հետքեր թողուցիր մեր յիշողութեան մէջ եւ հաստատ որ յիշատակդ անթառամ կը մնայ մեզմէ իւրաքանչիւրին սրտերուն։ Քանի որ լուսեղէն առագաստով հեռացար մեզմէ մենք կը շարունակենք քու լոյսի ճամբով։ Խունկ ու յարգանք յիշատակիդ։
Սայաթ Նովա Երգչախումբ