Կրօնական Ժողովի որոշումով 20 Նոյեմբեր, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, Ֆերիգիւղի Ս. Վարդանանց Եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութեան աւարտին, խարտաւիլակ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, օժանդա-կութեամբ Արժ. Տ. Գրիգոր եւ Տ. Տրդատ Աւ. քահանաներու, եկեղեցւոյ գաւիթէն դէպի դաս ծնրադիր առաջնորդեց ընծայեալ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը։
Շարականներու երգեցողութեան հետ հանդիսադիր Պատրիարք Հօր կողմէ կատարուեցաւ քահանայութեան կոչման արարողութիւնը։
Իսկ 21 Նոյեմբեր, Շաբաթ, Ս. Կոյս Աստուածամօր Երից Ամաց Տաճար Ընծայման տօնին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ հանդիսաւոր Ս. Պատարագ մատոյց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը։
«Զի ողորմած…» աղօթքէն առաջ, խարտաւիլակ Հայր Սուրբն ու օժանդակ քահանաներ դասուն մէջէն Նորին Ամենապատուութեան առաջնորդեցին ընծայեալը։ Ծնրադիր ու սաղմոսներով գնացքը կանգ առաւ մեր Հոգեւոր Պետին առաջ, որու աղօթքներէն ու սուրբգրոց ընթերցումէն ետք, նուիրեալը որպէս աշխարհ ուրացման նշան ձեռամբարձ դարձաւ դէպի արեւմուտք եւ երգուեցաւ «Աստուածային եւ երկնաւոր շնորհ…» երգը, որուն երիցս կը պատասխանէր երգչախումբը. Արժանի է։
Նորին Ամենապատուութիւնը նախ Վաղարշակ Սրկ.ի ուրարը փոխակերպեց փորուրարի, ապա աղօթքներով հագուեցուց փիլոնը, սաղաւարտը, շուրջառը, յանձնեց պատարագիչի զգեստները։
Աւանդատան մէջ խարտաւիլակն ու սպասարկողներ զգեստները հագուեցուցին ընծայեալին եւ «Խորհուրդ խորին» շարականով բեմ առաջնորդեցին։
Խարտաւիլակ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան կատարեց Ս. Միւռոնի վերաբերումը, որմէ ետք Նորին Ամենապատուութիւնը սկսաւ օծել նորընծան։ Նախ օծեց ճակատը եւ անուանեց զայն Տ. Յովակիմ Քահանայ։ Ապա օծեց նաեւ աջ եւ ձախ ձեռքերը, տուաւ իրեն Ս. Պատարագ մատուցանելու իշխանութիւն։
Յետոյ Նորընծան տուաւ իր առաջին քահանայական ողջոյնը. «Խաղաղութիւն ամենեցուն»։
Նորին Ամենապատուութիւնը այստեղ քարոզեց, ապա «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց նորօծ Տ. Յովակիմ Քահանան եւ աւարտեցաւ օծման կարգը։
Կենսագրութիւն Հոգշ.
Տ. Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի
Ծնած է 1970-ին, Պաքըրգիւղ, Իսթանպուլ։ Որդին է թերթիս հայերէն էջերու նախկին աւագ խմբագիր Սարգիս Սերովբեանի եւ Մանուշակ Էլմաեանի։ Նախնական ուսումը ստացած է Պաքըրգիւղի Տատեան Վարժարանը՞ իսկ թաղի Ծնունդ Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ հայկական ձայնագրութեան դասեր կ՚առնէր Յովսէփ Պըտըլիկեանէ։ Ապա աւարտած է Կեդրոնական վարժարանը, որմէ ետք յաճախեց Եըլտըզ Համալսարանի ճարտարապետութեան բաժինը։
Պատանեկան տարիքներէ ի վեր կը հետեւէր Մեսրոպ Արք. Եպիսկոպոսի կազմակերպած դասընթացքներուն եւ արդէն նախ իբրեւ ուրարակիր դպիր եւ ապա սարկաւագ մաս կը կազմէր Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի հոգեւորականաց դասուն։
Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան որպէս կազմուած մտաւորական բաւական բեղուն աշխատութիւն ունեցած է գրական եւ մատենագրական ոլորտէ ներս։ Աշխատակցած է զանազան հրատարակութիւններու։ Ուշագրաւ է «Իսթանպուլի Հանրագիտարան» անուն բազմահատոր աշխատասիրութեան մէջ հայապատկան նիւթերու խմբագրութիւնը։ Թրքերէնով լոյս տեսնող այս աշխատասիրութեան մէջ Յովակիմ Աբղ. իր աւազանի անունով Վաղարշակ Սերովբեան հեղինակած է բազմաթիւ յօդուածներ։
Ան նաեւ խմբագրական աշխատանք տարած է պատրիարքարանի մատենաշարէն վերջերս հրատարակուած զանազան գիրքեր։ Պատրիարքարանի հրատակչութեան յանձնախումբը Յովակիմ Աբեղայի ձեռնադրութեան առթիւ լոյս ընծայեց «Կանոն Ձեռնադրութեան Քահանայի» խորագրեալ գրքոյկ մը։
Այս հատորը եւս հրատակութեան պատրաստուած է Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանի կողմէ։
Հարկ է նշել թէ բաւականին ուշացած ձեռնադրութիւն մըն է կատարուածը, որու շնորհիւ Պատրիարքական Աթոռը կ՚ունենայ արժանի հոգեւորական մը, որ իր բազմաշնորհ յատկութիւններով կը յուսադրէ պանծացնել այս պատմական աթոռի վերջերս բաւական վիճելի դարձած փառքն ու պատիւը։