Սիրելի Սեպուհ Սրբազան քու մահուան գոյժը չես կրնար գիտնալ թէ որքան դառն էր ինծի համար։ Բազմապատկուած վիշտեր կ՚ապրինք այս օրերուս։ Կարծես չէր բաւեր համավարակի պատճառած կսկիծը, անոր վրայ եկաւ աւելնալու շատ աւելի ցաւալի պատերազմը։ Այս երկուքին իրարու հետ համընկնումով ահա դուն ալ ինկար։ Չէ որ սրտէդ ու հաւատքէդ եկող նուիրումով հիւանդներուն, մահացածներուն, սպանուածներուն կողքին էիր։ Քու այդ անսպառ աշխատահսիրութեամբ բարի հետքեր թողուցիր, շատ մարդկանց դպչար։ Վերջին անգամ Գընալը Կղզիի եկեղեցւոյ մէջ պատրիարքական խարդախութիւններուն փոթորկած օրերուն եկեղեցւոյ խորանէն արտասանած քարոզդ կը յիշեմ։ «Աշխարհիկ թէ հոգեւոր ամէն նիւթի մէջ ազնիւ եւ ուղիղ եղէք։ Այս է արժեքաւոր եղածը թէ մարդկանց եւ թէ Աստուծոյ համար»։ Երբեք չեմ մոռնար քու արդ քարոզդ լսող ժողովուրդի արցունքոտ աչքերը։ Այդ նոյն ամառ 18 Օգոստոս 2018-ին Կիւմրի քաղաքին մէջ Ալպերտ Սեւինչ Հատոտոյի ցեղասպանութենէն մազապուրծ փրկուած մեծ հօր յիշատակին կառուցուած «Որդիկ Կուլպէնկեան Ծերանոց»ի դրան առջեւ քեզ տեսած ու կարծես հայրս տեսած ըլլալու նման քովդ վազելով փաթթուած էի։ Այդ պահուն շուրջբոլորս հաւաքուած մարդոց հանդէպ մատնուած ամօթխածութիւնս չեմ մոռնար։
Սրբազան Հայր չեմ մոռնար քու հեզ հայրախնամ սէրդ։ Յիշատակդ անթառամ է իմ մօտ եւ միշտ սէր ու հարգանքով պիտի յիշենք ձեզ։
Ռաքել Տինք