19Նոյեմբեր հինգշաբթի առաւօտ Քովիտ 19-ով վարակուած Գուգարաց Թեմի առաջնորդ Սեպուտ Արք. Չուլճեան կնքեց իր մահկանացուն հիւանդանոցի մէջ։
Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածինը հաղորդեց տխուր լուրը, որ խոր սուգի մատնեց զինք սիրող բազմաթիւ ժողովուրդը։
Սեպուհ Արք. Չուլճեան յատկապէս իր պաշտօնավարած Վանաձորի մէջ ունեցած էր բեղուն աշխատանք, մանաւանդ կազմակերպելով մանկական ճամբար մը, ուր ամառուայ ամիսներուն կը հիւրընկալէր բազմահարիւր երախաներ ազգային ու հագեւոր դաստիարակութեան կողքին ապահովելով անոնց հաճելի ժամանցը։
Սեպուհ Արք. Չուլճեան Պոլսոյ Պատրիարքական ընտրութիւններուն մէջ առաջադրած էր իր թեկնածութիւնը, սակայն Գարեգին Արք. Պէքճեանի տեղապահութեան արգելք հանդիսացող մութ շրջանակներ դաւադրական ծրագիրներով խափանեցին նաեւ Չուլճեան Սրբազանի թեկնածութիւնը։
Թաղման կարգը տեղի ունեցաւ 24 Նոյեմբեր Երեքշաբթի օր Վանաձորի եկեղեցւոյ մէջ, որու շրջափակին հողին յանձնուեցաւ նուիրեալ Սրբազանի մարմինը։
Այս առթիւ «Ակօս»ի անձնակազմն ալ կը բաժնէ այդ ծանր կսկիծը, քանի որ սրբազանի Պոլիս գտնուած օրերուն մեր խմբագրատան մէջ վայելած էինք իր մտերմութիւնը։
Հայ Առաքելական Եկեղեցին Սեպուհ Արք. Չուլճեանի մահով կը կորսնցնէ իր նուիրեալ մէկ ուխտաւորը, յիշեցնելով Պարոյր Սեւակի Կոմիտաս Վարդապետին համար ըսած խօսքերը. «Պիպլիական մի գաւազան, որ ուր դիպաւ աղբիւր հանեց»։