ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Խնդիրը մերն է, ուժը ուրիշի ձեռքին

«Ակօս»ի բազ­մա­մեայ սիւ­նա­կագիր Փրոֆ. Պաս­քըն Օրա­նի Թուրքիոյ ար­տա­քին քա­ղաքա­կանու­թիւնը ու­սումնա­սիրող ծա­ւալուն հա­տորը յա­ճախ պար­զումներ կը ներ­կա­յաց­նէ այ­սօր կա­տարո­ւած­նե­րը աւե­լի ճիշդ ըն­կա­լելու առու­մով։ Կա­րելի է հաս­տա­տել իրո­ղու­թիւն մը՝ Հա­յաս­տան աշ­խարհը շրջա­պատո­ւած է կայսրու­թիւննե­րով, որոնց մէջ ինք առան­ձին կը շա­րու­նա­կէ իր գո­յատեւ­ման փա­ռահեղ պատ­մութիւ­նը։

Մեծ ու Փոքր Հայ­քը շրջա­պատուած են Ռու­սիոյ, Օս­մա­նեան Կայսրու­թեան եւ Պարսկաս­տա­նի նման գեր­տէ­րու­թիւննե­րով։ Այդ հզօր ու­ժերը մեր մշա­կոյ­թի ձե­ւաւոր­ման մէջ ու­նե­ցած դե­րակա­տարու­թե­նէն զատ ու­նե­ցած են նաեւ ազ­գին ճա­կատագ­րին հետ առնչո­ւած զա­նազան ազ­դե­ցու­թիւններ։

Ճիշդ է որ այ­սօր Հան­րա­պետա­կան Թուրքիան ոչ կայսրու­թիւն է, ոչ ալ գեր­պե­տու­թիւն։ Սա­կայն այս յա­ւակ­նութիւ­նը ընդմիշտ առ­կայ եղած է այս երկրի հա­սարա­կու­թեան մօտ։ Կա­րելի է յի­շել մեր դպրո­ցական դա­սագիր­քե­րը, ուր պար­ծանքով կը յի­շատա­կուէին երեք ցա­մաքա­մասե­րուն ծա­ւալած կա­յեր­սա­կան քար­տէ­զը։ Այս երե­ւոյ­թը մա­սամբ կը յի­շեց­նէ նաեւ մեր հա­սարա­կու­թեան մօտ ալ տեղ գտած ծո­վից ծով Հա­յաս­տա­նի երա­զան­քը։ Ընե­լիք բան չկայ, մարդկա­յին թե­րու­թիւն մըն է ու­նե­ցածը ան­տե­սելով չու­նե­ցածէն պար­ծե­նալու ախ­տը։ Բայց կայ խիստ վտան­գա­ւոր ջիղ մը։ Այդ ջի­ղը կը ներ­կա­յանայ ան­կա­րելիին ձգտե­լով։ Այո՝ այ­սօր Թուրքիա կայսրու­թիւն մը չէ, բայց ու­նի կայ­սե­րական յա­ւակ­նութիւններ պա­հող նա­խագահ մը։ Եւ այդ նա­խագա­հը զսպող կամ կար­գի բե­րող որե­ւէ ուժ մըն ալ գո­յու­թիւն չու­նի ներ­կայ պա­հուս։ Ընդհա­կառա­կը շա­տեր կը սի­րեն անոր այդ յա­ւակ­նութիւ­նը փայ­փա­յել յա­նուն իրենց յե­տագայ շա­հերուն։ Այսպէս կ՚ըն­դա­նան մի­ջազ­գա­յին յա­րաբե­րու­թիւննե­րը, այլ ո՛չ թէ կարգ մը միամիտ­նե­րուն ակնկա­լած բա­րոյա­կան ար­ժէքնե­րով։ Իզուր չէ այն հաս­տա­տու­մը, ըստ որու պե­տու­թիւննե­րը բա­րեկամ­ներ չեն ու­նե­նար, այլ կ՚ու­նենան շա­հերը իրա­րու հետ հա­մընկնող գոր­ծա­կից­ներ։

Սա­կայն այս պա­հուն հետզհե­տէ կը ձե­ւաւո­րուի խիստ վտան­գա­ւոր զար­գա­ցումներ։ Վտան­գա­ւոր ոչ թէ այս կամ այն ազ­գի կամ ժո­ղովուրդի հա­մար, այլ առ­հա­սարակ մարդկու­թեան հա­մար։ Լոն­տո­նի մէջ գոր­ծող Մար­դու Իրա­ւունքնե­րու Դի­տարկման Կեդ­րո­նի տե­ղեկու­թիւննե­րով Սու­րիայէն դէ­պի Ատրպէյ­ճան փո­խադ­րո­ւած ճի­հատա­կան­նե­րու թի­ւը հա­սած է 4 հա­զարի եւ աւե­լի մտա­հոգի­չը Էր­տո­ղանի կա­ռավա­րու­թիւնը այժմ կ՚ու­զէ անոնց ըն­տա­նիք­ներն ալ փո­խադ­րել հոն եւ ու­նե­նալ իրեն հա­ւատա­րիմ հա­մայնք մը։ Կաս­կած չըայ որ այս ռազ­մա­վարու­թիւնը ձեռնտու չէ նաեւ շիա Ատրպէյ­ճա­նի հա­մար, քա­նի որ փո­խադ­րո­ւող­նե­րը Սիւննիադա­ւան թիւրքմեն­ներ եւ արապ­ներ են առ­հա­սարակ։ Այս երե­ւոյ­թը մե­զի ծա­նօթ է նաեւ Լի­բանա­նէն, ուր յատ­կա­պէս Այնճար շրջա­պատո­ւած է թրքա­կան ցե­ղախմբե­րով։ Այս վտան­գը նկա­տի պի­տի չու­նե­նայ ոչ Ռու­սիոյ Դաշ­նութեան նա­խագա­հը, ոչ Դաշ­նակցա­յին Գեր­մա­նիոյ վար­չա­պետը եւ ոչ ալ ԱՄՆ-ի նո­րըն­տիր նա­խագահ Պայ­տը­նը։ Սա ու­րիշ աշ­խարհ է, ու­րիշ պատ­մութիւն, որ ու­նի իր յա­տուկ հա­ւասա­րակշռու­թիւննե­րը։ Ահա այս հա­ւաարակշռու­թիւննե­րու խան­գա­րումն է որ մեծ սպառ­նա­լիք մըն է տա­րած­քաշրջա­նի բո­լոր ժո­ղովուրդնե­րու համար։

pakrates@yahoo.com