ՔԱՅՈՒՇ ՉԱԼԸՔՄԱՆ ԿԱՎՐԻԼՈՖ
1996 թուին առաջին անգամ էր որ կ՚այցելէինք Հայաստան։ Մտքերնիս, սրտերնիս հոն թողելով վերադարձանք։ Թէ ընտանեկան հարազատներուս հետ հանդիպիլ եւ թէ նոր կազմած բարեկամութիւնները կը վկայէին թէ այս մէկը պարզ թուրիստական այցելութիւն մը չէր։
Այդ թուականէն ետք ամէն ամառ Հայաստան կ՚երթամ եւ հոն մէկ-երըու ամիս անցնելէ ետք ծոցատետրիս նոր հեռախօսահամարներ սրտիս մէջ նոր բարեկամներու ջերմութիւնը լցրած, լաց ու կոծով կը վերադառնամ իմ իրաւ կեանքիս։
98-ի ամառ էր, դպրւցները արձակուած էին ու մենք դարձեալ դէպի Հայաստան ճամբորդութեան պատրաստութեան մէջ։ Մեր շատ սիրած մօրաքոյրը խօսած էր Գերմանիայէն Վանաձոր գաղթած ազգականին մասին։ Խնդրած էր, որ երթամ ու այցելեմ զինք։ Զարմանալի զուգադիպութիւն, յիշած ազգականը իմ մանկութեան ընկերուհիս էր։ Բայց ոչ հեռախօսահամար կար եւ ոչ ալ հասցէ։
«Շատ պարզ է գտնելը, Վանաձորի մուտքին աջ թեւի վրայ եկեղեցի մը կայ, հոն այցելելով Սեպուհ Սրբազանը կը գտնես եւ ան ալ քեզ կը հանդիպեցնէ ընկերոջդ հետ» ըսած էր մօրաքոյրը։ Մինչեւ Վանաձոր գալ ու Սեպուհ Սրբազանը գտնելը ամէն ինչ կարգին ընթացաւ։ Բուն խնդիրը պիտի ծագէր Սեպուհ Սրբազանի հետ ծանօթանալէ ետք։ Նախ ո՞վ էի, Վանաձոր լո՞կ ընկերուհիս գտնելու համար եկած էի։ Ո՛չ, Ալավերտի ազգականներուս երթալու ճամբուն վրայ ուզած էի զինք ալ տեսնել։ Շատ քիչ ժամանակ ունէի եւ կ՚աճապարէի ընկերս տեսնելու համար։ Կը շարունակուէր հարց ու փորձը։ Ազգականներս ո՞վ էին, Սեպուհ Սրբազան կը ճանչնա՞ր զիրենք, ո՞վ էր Գեղամը, ի՞նչ գործ կ՚ընէր, ո՞վ ինչպէ՞ս եղած էր որ ընտանիքին կէսը Հայաստան էին, իսկ կէսը Թուրքիա։ Առանց այս հարցումներուն պատասխանելու չէի կրնար քայլ մը անցնիլ։ Ճիշդ կը կարծէի թէ վերջացած է հարց ու փորձը, այս անգամ թրքերէնով դիմեց. «Մեր տղան ինչպէ՞ս է, գո՞հ ենք իրմէ»։ Զարմացած էի ոչ թէ հարցումէն, այլ թրքերէնէն։ Տարօրինակ նախազգացումով իսկոյն պատասխանեցի։ «Կեցցէ՛ս արթուն աղջիկ ես» ըսաւ։ Ես այդ օր, այդ պահուն ներքուստ «Մեր տղան շատ կը սիրեմ, բայց կարծես դուն ալ կը պատշաճէիր այդ աթոռին» մտածեցի։ Այդ պահուն ուրկէ՞ գիտնայի թէ յառաջացող տարիներուն անհաւատալի դառն զարգացումներ պիտի ապրուի եւ ինք, այդ աթոռին բարձրանայ խորհելով Շուշանիկ Կուրղինեանի խօսքերով. «Ղարիպ աղբեր արի մեր տուն, էս էլ հայի օճախ է» ըսելով կոչ պիտի ունենայի Սայաթ Նովա երգչախումբի հաւաքոյթներէն մէկուն։ 98-ին սկսող մեր ծանօթութիւնը յատկապէս իր ջանքերով ժամնակի ընթացքին բարեկամութեան վերածուեցաւ։ Ես վարանող եմ։ Անհանգիստ կ՚ընեմ մտահոգութեամբ չէի զանգահարեր։ Ինք կը զայրանար իմ այդ վարանումին եւ «Խենդ աղջիկ» ըսելով կը սաստէր։ Անցնող այդ տարիներու ընթաքին ինձմէ միայն մէկ ակնկալութիւն ունեցած էր, ամառները իր հիմնած ճամբարին մէջ երախաներուն հետ բրուտագործութիւն ընեմ։ Կեանքիս մինչեւ վեջ պիտի ընկճուիմ իր այդ ցանկութիւնը իրականացուցած չըլլալուս համար։
Հրանդ Տինք Սայաթ Նովա երգչախումբին, «Քարտէս Թիւրքիւլեր» խումբի հետ միասին կազմակերպած համերգէն շատ ազդուած էր։ Այդ համերգի նկարագրականը գրելու պահուն ձայնած էր իր բարեկամ քիւրտ վիպագիր Մեհմետ Ուզունին. «Կրնա՞ս երեւակայել թէ այս կազմը համերգը կրկնէ Հայաստան» հարցնելով։
Հրանդ Տինք սպանուեցաւ։ Իր մահով Թուրքիոյ մէջ նոր շրջան մը բացուեցաւ։ Հայերը փիւնիկի նման իրենց մոխիրներէն վերակենդանացան։ Թուրքերը անդրադարձան հայերուն գոյութեան, իսկ սփիւռքն ու Հայաստանն ալ թուրքիացի հայերուն։ Սկսան հասարակ ծրագիրներ մշակուիլ։ Երթ ու դարձերով նոր շարժում մը գոյացաւ։ Մենք՝ Սայաթ Նովացիներս «Քարտէշ Թիւրքիւլեր» խումբի հետ վաղուց մտադրած քայլի մը ձեռնարկեցինք։ Սկսանք Հայաստանի մէջ միասնաբար համերգ մը ծրագրելու միջոցներ որոնել։ Այդ խորհուրդին խթան հանդիսացաւ Հրանդ Տինքի երազանքը, որ հիմա մեր առջեւ կտակի մը վերածուած էր։ Նախապատրաստութիւններու համար Հայաստան գացինք։ Այդ պահուն Սեպուհ Սրբազան ալ մասնակցեցաւ այս ծրագրին։ Ուզեց որ Երեւանէն ետք Վանաձորի մէջ ալ համերգ մը սարքենք։ Այս ծիրէն ներս ես եւ «Քարտէշ Թիւրքիւլեր»էն Իւլքէր Ունճու զինք այցելեցինք իր քաղաքին մէջ։ Այլեւս ոչ թէ քաղաքի մուտքին այդ պատմական եկեղեցին, այլ կեդրոնը իր իսկ կառուցած Առաջնորդարանը կը բնակէր։ Մինչեւ իրեն հանդիպինք կը տիրէր որոշ պաշտօնականութիւն մը։ Իսկ հանդիպած պահուն այդ ծանրութիւնը իսկոյն վերացաւ։ Ընդարձակ դահլիճի մը մէջ սեղանի մը շուրջ սկսանք զրուցել։ Անիմաստ էր մեր ծրագիրը բացատրելու ջանքերը։ Ան կարծես հազարաւոր քմ. հեռաւորութենէն արդէն մեր կողքին էր։ Թէ ինչ ընել կ՚ուզէինք, ինչ կը նպատակադրէինք մեզմէ աւելի լաւ բացատրեց մեզի։ Երկու ամիս շարունակ արհեստավարժը կամ սիրողականը աւելի քան հարիւր հոգիի ներդրումը ապահոված մեր Հայաստանեան համերգի Վանաձորի ելոյթը ինք առանձին կազմակերպեց։ Համերգի սկզբին ժողովուրդին ուղղած ելոյթով քաղաքի բնակչութիւնը եւ մեզ ընդգրկող ցանց մը գոյացուց։ Այդ օրը յուզումնախառն երջանկութիւնով մը դրոշմուած կը մնայ մեր յիշողութեան մէջ։
Տարիներ շարունակ վառ պահեց իր ծննդավայր հետ կապը։ Ամառները այցելելով Արեւմտեան Հայաստանի վանքերը, եկեղեցիները զգաց հայու ոգին այս հողերու վրայ։ Քանի մը տարի առաջ ես Մալաթիա պիտի երթայի, մտաբերեցի իրեն զանգահարել։ Հեռախօսակապով Մալաթիոյ շրջապտոյտ մը ըրաւ կարծես։ Այս երկիրը թէեւ զինք չճանչցաւ արժանի կերպով, Սեպուհ Սրբազան շատ լաւ կը ճանչնար երկիրը։ Կը հետեւէր Թուրքիոյ քաղաքական զարգացումներուն ու նաեւ հեռուստացոյցի սերիալներուն։ Նոյնիսկ ինծի անծանօթ երգիչներ կը ճանչնար, երգերը գիտէր ու եթէ տրամադրութիւնը տեղն էր ինք ալ կ՚երգէր ու ապա կը քրքջար։
Կը սիրէր այս հողերը առեւմուտքով եւ արեւելքով։
Իր կորուստին հետ չհաշտուողները չեն թաքցներ անոր պատրիարքական թեկնածութեան արգելք եղողներու հանդէպ իրենց բարկութիւնը։ «Եթէ Պոլիս ըլլար թերեւս չէր հիւանդանար» կը խորհին։ Չեմ բաժներ այդ կարծիքը։ Ան հոս ալ ըլլար պիտի վարակուէր, որովհետեւ հոս ալ ինքզինք պիտի չմեկուսացնէր իր ժողովուրդէն։ Պիտի այցելէր հիւանդներու բակարանները, պիտի նախագահէր թաղման արարողութիւններուն եւ խնամատար հօր մը նման պիտի չխուսափէր փորձանքներուն հետ պայքարելէ։ Հայ աշխարհը Սեպուհ սրբազանի մահով կորսնցուց մեծ արժէքներով օժտուած հոգեւորական մը, մարդու հանդէպ սէրով լեցուն մտաւորական մը, բարեկամ մը, եղբայր մը, ընկեր մը եւ մանաւանդ իրաւ հայրենասէր մը։ Գալով Պոլսոյ հայերուն անոնք դեռ տարի մը առաջ զիրենք խեղդամահ ըլլալէ փրկելիք առաջնորդը իրենց ձեռքերով վանեցին։ Հիմա թող նստին ու լուռ ու մունջ ողբան կորցրածին։