Երեք շաբաթ է ազգութեամբ կը մօտենանք յիմարութեան սահմանագիծին ու կը վերադառնանք։ Գրաւոր փա՞ստը անոր... Հայկական մամուլի վերնագիրները, որոնք աւելի յաճախականութեամբ սկսած են ողողուիլ «յիմար»ով։ Այսօր յարգելի ընթերցող, երբ հայոց աշխարհի մէջ առնուած, տրուած, ընդունուած, ստորագրուած որոշումները կը սպառնան մեզ ազգութեամբ յիմար»ցնել, կամ յիմարի տեղ դնել (որ մէկը, որ կը նախընտրէք), ձեզ կը հրաւիրեմ լապտեր մը բռնած «յիմար» մը բնտռել հայկական գրականութեան խորութիւններու մէջ։ Բայց նախ արտօնեցէք, որ մէջբերեմ հայաստանեան մամուլէն քանի մը զգայացունց խորագիր, ուր ցցուած է «յիմար» ածականը իր իւրայատուկ տրամաբանութեամբ... «Չունենայինք այս յիմար ինքնաթիռները՝... ունենայինք հակաօդային պաշտպանութիւն, որը պէտք է գնէինք, պատերազմը կը յաղթէինք», «Ժողովուրդը յիմար չէ», «Ու՞մ էք յիմարի տեղ դրել», «Ցանկացած իշխանութեան մէջ լինում են յիմարներ... Առանց յիմարների հնարաւոր չէ, քանզի դա […] է ապահուում եւ լեգիտիմացնում (օրինականացնել) իշխանութեանը», եւ ամենէն յոռետեսը՝ «Հիմա, երկար տարիներ յիմարութիւնների հաւատալով եւ յիմարութիւններ անելով՝ յայտնուել ենք ոչնչացման սպառնալիքի առջեւ»։ Եւ ահա համառօտ պատմութիւն, թէ, «յիմար»ը ինչպէ՛ս հասաւ մեր օրերուն եւ յայտնուեցաւ որպէս իմաստասիրութիւն խօսող բառ։
Նախորդ յօդուածը հանդիսարանն էր «յիմար» ածականի բառային պաշարներուն, քանզի ան յաջողեր էր Ոսկեդարեան գրականութեան մէջ յիշուիլ, Աստուածաշունչի հայերէն թաէգմանութեան մէջ յիսուն անգամ գործածուիլ ու իմաստասիրական ամէն երկի մէջ ներկայ ըլլալ։ Առաւելաբար, հայ վարդապետներն ու աշուղները, որպէս համեստութիւն, յիշատակարաններու եւ խոհական բանաստեղծութիւններու մէջ իրենք զիրենք կոչեր էին «յիմար»։ Այդ աւանդութիւնը շատ հարուստ է, ուստի մէջբերեմ քանի մը նմոյշ եւս, որպէսզի ժամանակակից հայը, -հասարակ քաղաքացիէն մինչեւ բարձրաստիճան քաղաքագէտ- ինքնաքննադատական հայեացք ունենայ յանուն հայութեան եւ հայրենիքի։ Առաջին վկայութիւնը բերեմ Աւետիք Մահտեսիէն։ Իր անձը նկարագրելու համար ան գործածեց ոչ այնքան պատուաբեր ածականներ, ինչպէս՝ «մտքով խաւար», «բարկացող», «բարձրամիտ», «մեղքերով զարդարուած», «բարիքի մէջ ունայն», իսկ վերջապէս՝ «յիմար» «Աւետիս անունս է կոչեցեալ, / Սուրբ ո՛չ կեցար, Աւէտ յիմար»։ Համեստութեան ծայրագոյն արտայայտութիւններ գրի առին նաեւ Ստեփանոս Կեղեցին, Յարութիւն տաղասացը, Մինաս Թոխաթեցին եւ Անդրէաս Արծկեցին. «Խեղճ, ողորմելի, յիմար Ստեփաննոս», «Յարութիւն ծառայ քո յիմար, / Գրեցի մեղացս համար, / Բարեխօսեա միշտ տիրաբար», «Երգս գրած է Մինասի՝ Անմիտ, յիմար եւ փանաքի» (թոյլ, տկար, չնչին, ողորմելի, խղճուկ, աղքատ, չունեւոր), «Սէֆիլ Արծկեցի Անդրէաս յիմար»։ Վերջինը «Ս» տառով կը սկսի։ Պատճառը այն է, թէ Արծկեցիի գրածը եօթը տուն ծայրակապ բանաստեղծութիւն է, ամէն տողի սկզբնատառը երբ հաւաքենք կը յայտնուի անունը- Ա-Ն-Դ-Ր-Է-Ա-Ս։
«Յիմար»ը յարմար եկաւ նաեւ իմաստասէր- բանաստեղծներու ստեղծագործութիւններուն։ Խաչատուր Թոխաթցին, 1600-ներու սկիզբն էր, «յիմար» որակեց գինեմոլը. «Ո՛վ դու յիմար, մեղաց գերի, / Խմելն քեզ ինչ շահ ունի»։ Մաղաքիա Դերջանցին զղջաց, որ արբեցող էր եւ աշխարհիկ ցանկութիւններու գերի. «Եւ միշտ գինւով արբենալով, / Հոգւով մտօք յիմար ելով... / Եւ զօր մահուն ոչ յիշելով, / Յիմար կուսանց նմանելով»։ Յովհաննէս Հալէպցի Ղալամքարը (գրիչ, փորագրիչ) յիմար»ցաւ, որովհետեւ մահացաւ կինը. «Ո՛վ մահ, հետ ինձ ինչ արիր, իրիցկինս ինձմէ բաժանեցիր, / Մնացի խեղճ, ողորմելի, զիս իւր տեսոյն զրկեցիր։ / Է՛, անգէտ էրէց յիմար, աշխարհէս դու ի՞նչ շահեցար»։ Յովհաննէս տաղասացը ըսաւ, թէ յիմար է ան, որ չի հասկնար, թէ ունայն է աշխարհը. «Գերի Յոհանէս, էս դուն յիմար, / Հետ աշխարհիս ընկար մեղկան, / Մէրկիկ (անտարազ) եկիր դուն ի աշխարհս, / Մէրկիկ դնեն հող եւ ի զնտան»։ Պլուզ վարդապետը ըսաւ, թէ խաբող է աշխարհը եւ ով որ կը հաւատայ անոր՝ յիմար է. «Թէ դու ի սրտանց քննես, նա կենցաղս յերակ (միշտ) խաբող է, / Աւուրք մի (օր մը) խնդալ կու տայ, բայց յերակ ի լաց կու պահէ. / Այն մարդն որ աւտայ (հաւատայ) սմա կամ աստէն իւր տուն կու շինէ, / Չաւտամ թէ նա խելք ունի, աւատա՚ որ խիստ յիմար է»։ Ըստ Վրթանէս Սռնկեցիի «յիմար» էր ան, որ ճրագը (փոխ.՝ յոյս, հաւատք) բարձր չի պահեր. «Մէկ մարդ մի ճրագ վառեր / Եւ ի բարձր տեղի էր դրեր, / Մէկ մի խիստ յիմար եղեր, / Զճրագն ի վայր էր առեր»։ Իսկ Ֆրիկը, հայկական իմաստասիրական բանաստեղծութեան խոշորագոյն անունը խրատեց, թէ մարդը իմաստուններու հետ ըլլայ եւ չխառնուի յիմարներուն. «Յիմարաց դասն չի խառնիք, / Իմաստնոցն ընկեր կու լինիք»։ Ֆրիկը գիտէր նաեւ, թէ իր խրատը յիմարի համար աղբի արժէք ունի. «Յիմար ու յանգէտն ի մօտ՝ / Սա չարժէ ափով մի թրիք»։ Ֆրիկը, ինչպէս ընդունուած էր իր ապրած օրերուն, ինքզինք կոչեց հետեւեալ խոնարհումներով. «Խիստ յիմար եւ անգէտ էի», «Է՜, Ֆրի՛կ... Յիմա՚րն կու ասէ», «Ֆրի՛կ, դու յիմար»։
Բառս նիւթ դարձաւ նաեւ հայկական երկու արածի. «Թէ անգէտ, յիմար մարդոյն / Խրատ տաս՝ նա զքեզ ատէ», «Մի յիմար քարը գցեց հորը, քառասուն խելօք չկարողացան հանել»։ Սայաթ-Նովան սիրուած երգի դէմքով խորհուրդ տուաւ բոլորիս. «Դուն էն գլխէն իմաստուն իս, խելքդ յիմարին բաբ (հաւասար) մի անի»։ Իսկ աշուղ Ճիւանին նկատեց, թէ փոխուեր են ժամանակները, դժուար է իմանալ, թէ ո՛վ է խելօքը եւ ո՛վ է յիմարը. «Խելքին զոռ տալով է հիմա ամէն բան, / Յիմարն էլ իմաստուն կարծում է իրան»։
Այս բոլորէն շատ տարիներ յետոյ, 1940-ին, Նշան Պէշիկթաշլեանը, որ երգիծաբանի համբաւ կը վայելէ, «Հայ Աղբրտիք» գիրքին մէջ խիստ ազգասիրական միտք մը արտայայտեց։ Հետեւեալն է պատմութիւնը. չափազանց խնայասէր ակնցիի մը տղան ափ ի բերան կը հարցնէ իր հօրը, թէ ինչպէ՛ս կ՚ըլլայ, որ մասնակցեցաւ ազգային հանգանակութեան մը։ Ակնցին խոր լրջութեամբ կը պատասխանէ. «-Մէնչուկ, կ՚ուզեմ, որ մեր ազգին աղքատը յիմար-յիմար ֆէօս ու ֆէօն (հոս ու հոն) չի վազէ... ու չի մաշեցնէ իր շնորհքը։ Թող խելօք կոյնի ու մտածէ գործի, յառաջդիմութեան մասին»։
Իսկ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ բազմահազար հայորդիներ տեղահան են հայրենիքի մէջ, հայրենիքէն հեռու, թող բաց ըլլան երկնքի դուռերը, իմաստութիւն իջնէ մանանայի նման, թանձր, խիտ, մեղրահամ, ու նստի մեր դաշտերու, սար ու ձորերու, գիւղ ու քաղաքներու վրայ, թափանցի հողի խորքերը, ու մեր ազգին զաւակները այլեւս յիմար-յիմար ֆէօս ու ֆէօն չի վազեն... ու չի մաշեցնեն իրենց շնորհքը։