Պոլսոյ պատմական թաղերէն է Օրթագիւղը։ Այդ թաղի պատմական հաստատութիւններէն է Թարգմանչաց վարժարանը։ Անցեալին այդ նոյն թաղի մէջ գործող երեք դպրոցներէն մեր օրերուն հասած միակը։
Օրթագիւղը յետեղեռնեան շրջանին եւս կարեւոր կեդրոն էր իր գաղթակայանի յատկութիւնով։ Ան Սամաթիոյ «Սուլու Մանաստըր» կոչեալ Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ եւ այլ մի քանի կեդրոններու հետ առաջին հանգրուանը դարձած էր Արեւմտեան Հայաստանէ տարագրուած բիւրաւոր գաղթականներու։
Որո՞նք էին այդ տարիներու երեւելիները։ Ի՞նչ հետքեր թողուցին օտարութեան մէջ յայտնուած, բազմաթիւ զրկանքներու մատնուած ժողովուրդի յիշողութեան մէջ։ Կա՞յ արդեօք այդ մասին վկայութիւններ պարունակող յուշամատեան մը։
Եթէ այսօր ձեռնարկուի նման յուշամատեանի մը գրառումին, կասկած չկայ թէ հոն իր արժանի բաժինը պիտի ունենայ Թարգմանչաց վարժարանի վաստակաւոր տնտեսը՝ Յակոբ Էզիքօղլուն։
Ան վարժարանի սաներուն եւ անոնց ծնողաց ծանօթ է «Յակոբ վարպետ» անունով։ Յաճախ չէ որ կը հանդիպինք իր գործին, որդեգրած առաքելութեան նման նուիրումով փարած մարդկանց։ Նման նուիրումի ետին կայ երկու գործօն՝ մարդու յղկուած բնածին բարոյական վեհութիւն եւ իր համեստութեան մէջ ամուր գիտակցութիւն։ Այդ երկու շնորհներով օժտուած անձը առանց դոյզն իսկ յաւակնութեան, կը գերազանցէ ինքն իր, ստանձնած բոլոր գործերուն մէջ։
Հայ Պոլսոյ պատմութեան մէջ համեմատաբար աւելի նոր թաղամաս մըն է Ֆերիգիւղ։ Օրինակի համար ան չէ արժանացած Յակոբ Պարոնեանի «Պտոյտ մը Պոլսոյ թաղերուն մէջ» գրքին էջերուն վրայ յատուկ նշանակման։ Բայց Ֆերիգիւղ իր կարգին ունի ուրիշ յատկութիւն մը, ան մերօրեայ Պոլսոյ ամենահայաշատ թաղն է։ Քաղաքի ամենագործոն աղօթատեղիներէն է Ֆերիգիւղի Սուրբ Վարդանանց եկեղեցին։ Սփիւռքահայութեան յատուկ երեւոյթ է եկեղեցիներու շրջակայքի բացի հոգեւոր նշանակութենէ, ընկերային ապրումներու ալ կեդրոն ըլլալու հանգամանքը։ Հայաշատ թաղի եկեղեցին եւս ունէր ենթամարմիններ, Մերամէթճեան վարժարանով, դպրոցի սաներու հիմնած միութիւնով, աղքատախնամով եւ մանաւանդ ալ Վարդանանց երգչախումբով։ Հոն եւս կար նուիրեալ մը՝ որ իր ամբողջ կեանքը նուիրած էր թաղի եկեղեցւոյ շուրջ կատարուած բոլոր աշխատութիւններուն։ Ոչ թէ բարիքի համար, այլ ուրիշ կերպը պատկերացնելու կարողութիւն չունենալով։ Բարի էր այն, հետեւաբար իր գործը միայն բարիք պիտի բերէր։ Յատուկ ջանքի մը կարիք չունէր։ Պարզ ու համեստ, անձայն անշշուկ կ՚ընէր յանձն առած գործը։ Չէր պարծենար իր ըրածով։ Կը բերէր իր նուիրումը, որմէ կը ծնէր բազում արդիւնք եւ ան կ՚ուրախանար հաւաքական յաղթանակով։ Բեմի լուսարձակները չէին շողշողար իր վրայ, չէր արժանանար հասարակութեան գնահատանքին։ Միայն քիչերը, իր անմիչական ընկերները գիտէին թէ բեմին վրայ արձանագրուած յաղթանակի ետին ի՞նչ հերոսական աշխատութիւն տարած է Ալպերը։
Ինչպէս կեանքի բոլոր դրուակները, համավարակն ալ անարդար է մեզի հանդէպ, կը խլէ մեր ամենասիրելիները։ Աւելին՝ կը խլէ կանխարգելման միջոցներուն հաւատարմօրէն հնազանդողները։
Այս ալ հայու յատուկ ճակատագիր է։ Ոչ ոքի համար չենք ցանկար, բայց երանի պսակաձեւ ժահրը հալածանքի արժանի գտնէր բոլոր այն մարդկանց, որոնք առաջին օրէն սկսեալ մերժեցին այս մասին գիտութեան բոլոր թելադրանքները եւ մարտահրաւէր ուղղեցին համավարակին։
pakrates@yahoo.com