10Նոյեմբերի ողբերգական պարտութենէն ետք Հայաստանի մէջ կը շարունակուի վարչապետ Փաշինեանի հրաժարումը պահանջող բողոքի ցոյցերը։ Ուշագրաւ է, որ մերթ ընդ մերթ խուլիկանական բնոյթ ստացող ցոյցերու պարագլուխներ ըլլալով կը յայտնուին նախկին իշխանութիւներուն զօրակցող անձինք։ Երկրի բոլոր ընդդիմադիր կուսակցութիւնները միաձայնութեամբ մաս կը կազմեն այդ բողոքի ալիքին։ Այս բոլորով հանդերձ Վարչապետ Փաշինեան 18 Նոյեմբերին «դիմատետր»ի վրայ ունեցած յայտարարութիւնով հրապարակեց, որ մտադիր չէ հրաժարելու եւ ապա աւելցուց «առկայ իրավիճակը յաղթահարելու համար նոր ծրագիրներու մասին խօսելու ժամանակն է» ըսելով։
Փաշինեան յայտնեց թէ ներկայ իրավիճակին պատասխանատուութիւնը իր վրայ է հետեւաբար այս իրավիճակը յաղթահարելու պատասխանատուութիւնն ալ կը վիճակի իրեն։
Փաշինեան ներկայացուց հետեւեալ ժամանակագրութիւնը.
ա Ղարաբաղեան խաղաղութեան գործընթացի ԵԱՀԿ-ի Մինսկեան խմբակի համանախագահներու ձեւաչափով Արցախի իրավիճակի յստակացումը եւ արցախցիներու վերադարձի գործընթացին նախապատութիւնը։
բ Զոհուած զինուորներու եւ քաղաքացիներու ընտանիքներուն ընկերային խնդիրներու հաւաստիացումը։
գ Պատերազմի մասնակցածներուն եւ առհասարակ հանրութեան հոգեբանութեան բարելաւումը։
դ Ընտրութեան օրէնքին վերաբերեալ փոփոխութիւններ եւ կուսակցութիւններու համար նոր օրէնքի մը ձեւաւորումը։
ե Կաշառակերութեան նման ապօրէնութիւններու դէմ պայքարի յատուկ դատարաններուն հիմնադրութիւնը, այդ ուղղութեամբ իբրեւ առաջին քայլ արհեստավարժ դատաւորներու ինստուտուտի մը կազմութիւնը։
զ Հայ քաղաքական հաստատութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու հետ կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ ունենալ։
է Հայ կազմակերպութիւններու եւ սփիւռքի հետ որոշեալ նիւթերու շուրջ բանակցութիւններ տանիլ։
Փաշինեան կը յայտնէ թէ այս վերագրերու նպատակն է Հայաստանի մէջ ժողովրդավարական կայունութեան հաստատումը եւ իշխանափոխութիւններուն ժողովուրդի արդար ընտրութիւնով կայանալը խափանող բոլոր գործօններու չեղարկումը։
Երբ վարչապետը կը հրապարակէր այս ծրագիրը, երկու օր առաջ ալ նախագահ Արմէն Սարգսեան երկրի զանազան քաղաքական խմբակցութիւններու հետ ունեցած հանդիպումներու յաջորդին ուղերձով կը դիմէր ժողովուրդին, խորհուրդ տալով ներկայ իշխանութեան հրաժարումը, ժամանակաւոր կառավարութեան մը կազմութիւնը եւ շուտափոյթ կերպով կանխահաս ընտրութիւններու իրականացումը։ (Նախագահ Սարգսեանի ուղերձի ամբողջական պատճէնը տեսնել մեր միւս սիւնակներու վրայ)