Թուրքիոյ մէջ պսակաձեւ ժահրի համավարակը հետզհետէ դուրս եկած է բոլոր տեսակի հսկելութիւններէ։ Իշխանութիւնները որքան ալ փորձեն համազել թէ յաջողած են համավարակը հսկելու, ժողովուրդի փորձառութիւնը բոլորովին հակառակը կ՚ապացուցէ։ Հիւանդանոցները եւ շտապօգնութեան ինքնաշարժները կը դժուարանան իրենցմէ ակնկալուած ծառայութիւնը մատուցելու։ Յատկապէս բժշկական դասը շատ ծանր ճնշումի մը ներքեւ կը գտնուի եւ համարեա ամէն որ կը լսուին զոհուած բժիշկներու նոր անուններ։ Նախագահ Էրտողան իր կուսակցութեան խորհրդարանի խմբակի ժողովի աւարտին հրապարակեց կանխամիջոցներու նոր ցանկ մը, որ ընդհանրապէս կը պարունակէ զանազան արգելքներ։ Այսպէս առցանց ուսուցման դրութիւնը կը գործադրուի բոլոր դպրոցներէ ներս մինչեւ տարեվերջ։ Մարզական մրցումները կը կայանան առանց դիտողի։ Շարժարնկարի ու թատրոնի սրահները նոյնպէս փակ կը մնան մինչեւ տարեվերջ։ Նոյնպէս փակ կը մնան ճաշարանները ու սրճարանները։ Ճաշարաններուն կը պարտադրուի միայն պատուիրուած սնունդը առաքել յաճախորդի հասցէներուն եւ բացարձակապէս յաճախորդ չընդունիլ իրենց տարածքին մէջ։ Սահմանափակուած է նաեւ 65 տարեկանը անձերու եւ 20 տարեկանէն աւելի կրտսեր ու աշխատունակ չեղողներու փողոց ելլելու ժամերը։ Միւս կողմէ բժշկագիտութեան հետ առնչուած հասարակական կազմակերպութիւններ եւ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ կառավարութեան կոչ կ՚ուղղեն նուազագոյն 15 օրուայ ժամկէտով ընդհանուր մեկուսացում յայտարարելու համար։
Ըստ երեւոյթի նժարի վրայ են հասարակութեան առողջութիւնը եւ շուկայի շահը։ Կառավարութիւնը այդ երկընտրանքի մէջ կը շարունակէ նախապատուութիւնը տալ երկրի արդէն ճգնաժամի մատնուած տնտեսութեան ի նպաստ։