2017 թուի Նեւրուզի տօնակատարութիւններու ընթացքին հազարաւորներու աչքերուն առջեւ ոստիկաններու կրակոցով սպանուած էր երաժշտանոցի ուսանող Քեմալ Քուրքութ։ Սպաննութեան պահը արձանագրուած էր տեղւոյն վրայ գտնուող լրագրողներու կողմէ։ Անզէն երիտասարդի սպանութիւնը ոստիկանական շրջանակները եւ Տիյարպեքիրի կուսակալը մամուլին ներկայացուցին իբրեւ թէ «մահապարտի մը չէզոքացումը» ըլլալով։ Կը պնդէին թէ ան Նեւորզի տօնակատարութեան վայրը եկած էր ինքզինք պայթեցնելու համար։ Այդ սուտը իսկոյն հերքուեցաւ թղթակիցներու լուսանկարով, որուն մէջ Քուրքութ կը տեսնուէր կիսամերկ վիճակով։
Ոճիրէն ետք Քուրքութի ընտանիքը դիմեց դատարան ոճրագործ ոստիկաններու պատժուելու պահանջով։ Դատարանի վերջին նիստը կայացաւ 17 Նոյեմբեր երեքշաբթի, Քուրքութը սպաննող ոստիկանի անպարտ հռչակումով։
Այս վճիռը կայացաւ առանց նկատի ունենալու մասնագէտներու տեղեկագիրը։ Մասնագէտներ նշած էին, թէ 5 կամ 6 մեթրէն կատարուած հրաձգութիւնը նպատակագրած է սպանութիւն։ Այդ հեռաւորութենէն անձը չէզոքացնելու համար կարելի էր ոտքերուն կրակել «Կատարուածը դիտաւորեալ մարդասպանութիւն է» ըսուած էր մասնագէտներու տեղեկագրին մէջ։ Դատակազմը նկատի չառաւ այս տեղեկագիրը եւ որոշում կայացուց սխալմամբ մահուան պատճառ ըլլալու յանցանքով։
Դատական նիստի աւարտին վճիռը դէմ բողոքող Քուրքութի եղբայրը մեղադրեց կատարուած անարդարութիւնը։ ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւոր Մերալ Տանըշ Պէշթաշ ալ քննադատեց վճիռը ըսելով որ «Սա առաջինը չէ որ քրտերու դէմ կատարուած ոստիկանական ոճրագործութիւնները կը վայելեն դատարաններու որդեգրած անպատժելիութեան սկզբունքը»։