«Յիմար լաւատեսութիւն», «Քնարական յիմարութիւն», «Յիմար ժպիտով», «Ի՜նչ յիմարութիւն», ահա այսպէս կարելի է նկարագրել մեր պատմութեան էջերը, ո՛չ բոլորը, բայց որոշ դրուագները, երբ հայը, որ հին եւ փորձուած ժողովուրդի համբաւ կը վայելէ, հեղինակն է, հեղինակն ենք, պատկերալից յիմարութիւններու հարուստ հաւաքածոյի մը։ Եւ այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ կը գտնուինք համազգային նոր յիմարութեան մը շեմին, կ՛արժէ խօսիլ «յիմար» բառի մասին եւ յիշել, թէ առաջին անգան երբ յիմարեցանք ու գրական ի՛նչ խորամիտ երկեր յօրինեցին հայ ազգի իմաստուն վարդապետները, սիրավառ աշուղները եւ պանդուխտ «ղարիբ»ները։
Ձեզ կը վստահեցնեմ. լոկ մէկ հարուածով չյիմարեցաւ հայու գրիչը, ոչ ալ՝ գիշերուան մը մէջ գոյացան «յիմար»ներու բառապաշարը։ Մէկ ու կէս հազարամեակի մէջ առնուած, տրուած, ընդունուած, ստորագրուած որոշումներու արդիւնք են անոնք։ Մեր բառերն են վկայ։ Այժմ, նախ պատմեմ, թէ ինչպէս զարգացաւ «յիմար» ածականը։
«Ճանաչել զիմաստութիւն եւ զխրատ, իմանալ զբանս հանճարոյ»։ Ահա այս նախադասութեամբ սակսաւ Աստուածաշունչի հայերէն թարգմանութիւնը։ Դուք անշուշտ նկատեցինք «իմաստութիւն», «խրատ» եւ «բան» (միտք, գաղափար, խօսք) բառերը։ Սակայ Աստուածաշունչի մէջ կան նաեւ 16 «յիմար», 32 «յիմարել», 8 «յիմարեցուցանել» եւ 24 «յիմարութիւն»։ Մեր ապառնի սխալներէն եւ արկածախնդրութիւններէն ծնունդ առին պատկերալից այլ բառեր, ինչպէս՝ յիմարաբար, յիմարակորոյս, յիմարամիտ, յիմարարար, յիմարութիւն եւ յիմարական։ Վերջինը առիթ տուաւ, որ Ոսկեդարուն ստեղծած ըլլանք «յիմարական միտք» եւ «յիմարական կենցաղ» արտայայտութիւնները։ Ըստ բառարաններու, մեր յիմարութիւնները շարունակեր են Ոսկեդարէն այս կողմ, քանզի մեր ստեղծագործ միտքը առիթ ունեցեր »ժամանակակից բառեր ալ յօրինելու, ինչպէս՝ յիմարաբոյժ, յիմարադէմ, յիմարակերպ, յիմարիկ, յիմարուկ, յիմարապետ։ Իսկ այս բոլորը պարփակելու համար շիներ ենք «յիմարանոց» մը եւ «յիմարատուն» մը։ Անձնանուն ալ դարձաւ ան, «Յիմար» հայկական հազուագիւտ իգական անուն։ Ան չէր նշանակեր անմիտ կամ անբան։ Միջնադարուն «յիմար» կը կոչուէին անոնք, որոնք Քրիստոսի սիրով համակուած ու տոքորուած կ՚ըլլային։
Տեսնելով, թէ որքա՛ն ազգակործան էր միամիտ ձեւացող «յիմար» բառը, հայրենանուէր բազմաթիւ գրիչներ զայն յարմար գտան խրատներ տալու համար։ Անոնցմէ մէկը առակագիր Վարդան Այգեկցին էր։ Ան «յիմար»որակեց այծերու այն ազգը, որ գայլերու հետ հաշտութեան համաձայնագիր ստորագրեց ու հեռացաւ իր հովիւէն եւ հօտապահ գամփռէն։ Առակագիրը ընթերցողին ձգեց, որ ինքը մտածէ, թէ ի՛նչ է այլաբանական այս պատմութեան պատգամը։ Հայկական պատմութեան մէկ այլ դառն երեւոյթն է գաղթականութիւնը։ Միջնադարու տաղասացները գիտէին, թէ որքա՛ն ազգակործան է այդ վիճակը։ Անոնց գրի առած խրատական բոլոր բանաստեղծութիւններու մէջ «յիմար»որակուած է օտար հողի վրայ ապրող հայը, չնայած իր խելքին եւ շնորհքին։ Այդ գործերը անուանուած են «Տաղ ի վերայ ղարիպի»։ Յիմարօրէն գեղեցիկ են անոնք, լի բարոյականութեամբ եւ իմաստութեամբ։ Ուստի, որոշեցի ձեզի մատուցել ընտրանի մը, հնարաւոր եղածին չափ յիշելով նաեւ հեղինակներու անունները. «Օտարն թէ որ ինչ խօսի, / Ասեն՝ յիմար է, խելք չունի, / Եւ թէ խրատել համարձակի, / Նա լիրբ ասեն եւ լեզուանի» Առաքել Բաղիշեցի- «Ղարիպն, որ յօտար աշխարհ եկեալ է, / Հողն այլ չընդունի ոչ, սազգար դարձեալ է, / Թէ գիտութեամբ խելօք Սողովմոն լեալ է, / Մարդկաց յիմար թուի, խումար, անխել է» անյայտ տաղասաց, «Ղարիպն չէ մարդ կատարեալ, / Ոչ ոք չառնու զնա ի համար,/ Ղարիպին կոյր ասեն ւ՚ յիմար, / Եւ ոչ հային ինքն ճարտար», Աւետիք տաղասաց, «Ղարիպն թէ լինի մեծատուն, / Եւ խելօքն եւ մտօքն իմաստուն, / Նա յիմար թւի յաչս ամենուն», Զաքարիա եպս. Գնունեաց։ Իսկ վանականները, որոնք բարձրադիր վանքի լուսամուտներէն կը դիտէին աշխարհի ունայնութիւնը, փոխանակ իրենց գրչական գործը գովաբանելու, իրենք զիրենք արժանի կը տեսնէին միայն «յիմար» կոչուելու։ Անոնց հառաչանքները այսօր ամփոփուած կը մնան ձեռագիրներու յիշատակարաններու մէջ։ Ահա 1200-1600 թուականներուն գրառուած այդ յիշատակարաններէն նմոյշներ. «Յիմար եմ հոգւով եւ անիմաստ մարմնովս» Խաչատուր գրիչ, 1439, «Ես անարժանս ամենայնի, / Որ վարդապետ անունս կոչի / Այլ ի գործոց խիստ եմ հեռի, / Անմիտ, յիմար եւ փանաք» (Փանաք։ Թոյլ, տկար, չնշին, ողորմելի, խղճուկ, աղքատ, չունեւոր), Առաքել գրիչ, 1453, «Եւ յիմար սրտիւ զայս գիրս եւ զծաղիկս / Ի ձիմեռն աւուրք զայս գրեցի» Ստեփանոս գրիչ, Խարբերդ, «Մահու կասկածն նեղ» զիս, / Չառնէք անտես զաղերս ծերիս... / եւ թէ խղճաս այս անմտիս / Եւ ողորմիս այս յիմար իս», Մխիթար Անեցի։ «Գոյներ իրիցու որդ», գրիչը 1300 թուականին գրի առած յիշատակարանի մէջ ինքզինք որակեց որպէս «անվաստակ եւ յիմար մշակ»։
«Յիմար» բառը պատիւ բերաւ հայկական տպագրութեան, ճշգրտօրէն՝ Պոլսահայ տպագրութեան։ Այս գոյականով լոյս տեսած բոլոր գիրքերը, ընդամէնը չորս հատոր, Օսմանեան կայսրութեան մայրաքաղաքի արտադրութիւններ են։ Ահա այդ անունները. «Յիսուսի վերջին շաբաթ խաչի ճառ եւ կորուսելոց յիմարութիւն», Խրիմեան Հայրիկ, 1876, «Նկարագիր Սուրբ Փրկչի Ազգ. Հիւանդանոցի»։ Հիւանդանոց եւ Յիմարանոց», «Յիմար յիսնապետ» եւ «Յիմար Կոյսը»։
19-րդ դարուն երկու հեղինակ, Պոլսոյ մէջ տիկին Էլպիս Կեսարացեանը, առաջին հայ լրագրողուհին, իսկ Թիֆլիսի մէջ Ռաֆֆին մատնանշեցին ընկերային մէկ կարեւոր հարց՝ «հայ կանանց յիմարութիւն» եւ առաջարկեցին լուծումներ։ Ըստ երկու հեղինակներու այդ ախտին պատճառը տգիտութիւնն էր, լուծումը՝ հայուհիներու դաստիարակութիւնը։ Է. Կեսարացեանը գրի առաւ հետեւեալ միտքերը. «Մեր սեռը տգիտութեան մէջ թմրած ըլլալով չզգար իր վիշտերը... Բնութիւնը չէ տուած իրեն հզօր եւ յաղթող բազուկ, բայց շնորհած է ազատ լեզու, ազատ խորհուրդ եւ ազատ կամք, որով կրնայ յիմարական ախտերը բուժել։ Եւ ինչո՞ւ չըսեմ անոնց յիմար խելագարներ՝ որ իրենց վսեմ ներքին զարդը մերժելով, կեղծ եւ արտաքին զարդերով կը հրճուին»։ Իսկ Ռաֆֆին նկարագրեց հայ գեղջկուհիին վիճակը. «Արհեստաւորի կնոջն իր այժմեան վշտալի դրութիւնից ազատելու համար, նախ եւ առաջ պէտք է փոխել հասարակական յիմար նախապաշարմունքները, եւ պէտք է նրան դուրս քաշել ընտանիքի փակուած շրջանից»։
Յաջորդ շաբաթ, յարգելի ընթերցող, կը շարունակենք զրուցել «յիմար»ի եւ անոր իմաստասիրութեան վրայ ու տեսնենք, թէ հայ մտքի մեծերը ի՛նչ խրատներ դեռ տուած են, որպէսզի հայը չմնայ «յիմարամիտ» ու չհետեւի «յիմարութիւն»ներու։ Այսօր հրաժեշտ տամ Պարոյր Սեւակով, բանաստեղծ մը, որ, ըստ իր խօսքերուն, ունէր դառնացած եւ վիրաւոր հոգի մը՝ քանզի յիմարներու մէջ եւ անոնց հետ ապրելու ենթարկուած էր.
Յիմար ժպիտով
Ծածկում եմ վէրքս -
Ներսից սե՜ւ-սե՜ւ է,
Դրսից է ներկս...