Պատերազի 43-րդ օրը աշխարհասփիւռ հայութիւնը դէմ յանդիման թողուց անսպասելի պարտութեան հետ։ Բոլորս գիտէինք, թէ մարտերը որքան թէժ կ՚ընթանային, որքան դժուար էր հայրենի երկրի սահմանը պահող զինուորին ուսերուն դրուած պարտականութիւնը։ Ամբողջ ազգ մը սրտի դառնութեամբ կը հետեւէինք զոհուածներու անուանացանկերուն հեռուստաէկրանի վրայ յայտնութիւնով։ Պատերազմի առաջին օրերուն 15-16 զոհերով ներկայացող ցուցակը հետզհետէ աճեցաւ եւ հասաւ 50-60-ական թիւերու։ Ցաւը կը կրկնապատկուէր անուններու կողքին նշուած ծննդեան թուականներով։ 18-19 տարեկան պատանիներ էին զոհուածները։ Բացարձակ մխիթարութիւն չէր բերեր հակառակորդին զոհերուն հինգ անգամ աւելի բարձր ըլլալու երեւոյթը։ Վերջապէս 10 Նոյեմբերի համաձայնութեան հրապարակումով շատերուս համար պարզ դարձաւ պատերազմի ողբերգական իրողութիւնը։
Ճիշդ որ առաջին օրէն իսկ յայտնի էր հակառակորդի տիրացած ուժի գերակշռութիւնը։ Ատրպէյճան վերջին տասնամեակներուն իր պետական պիւտճէի շատ կարեւոր մէկ մասը տրամադրած էր բանակը հզօր զէնքերով օժտելու։
Միւս կողմէ այդ երկրի իշխանութիւնը յարատեւ կերպով ատելութիւն եւ թշնամութիւն կը սնուացնէր հայ ժողովուրդի եւ հայոց երկրի նկատմամբ։ Յայտնի է թէ Ատրպէյճան չէր կրցած մարսել 1993-ի պարտութիւնը եւ մանաւանդ ալ բացի Ղարաբաղէ յարակից եօթը շրջաններու կորուստը։ Այդ հողային կորուստը պատճառ դարձած էր նաեւ բիւրաւոր Ատրպէյճանցիներու տնազրկութեան։ Համաշխարհային գերպետութիւնները, որոնք իբրեւ թէ իրենց առջեւ պարտականութիւն դրած էին Ղարաբաղեան խնդրին խաղաղ եղանակով լուծումը, բացայայտօրէն թերացան իրենց այդ առաքելութեան մէջ։ Այս պայմաններու տակ Ալիեւի իշխանութեան համար նախընտրութիւն էր պատերազմի միջոցաւ խնդրի լուծումը։ Ո՛չ միայն նախընտրութիւն, նաեւ յարատեւ խոստում մը իր ժողովուրդին ուղղեալ։ Առիթը գոյացաւ Թուրքիոյ կառավարութեան ալ այս խնդրին ներթափանցման շնորհիւ։ Էրտողան չէր գոհացած բարոյական քաջալերանքով եւ մատուցած էր աւելին։ Արդարեւ Ատրպէյճան զգուշօրէն մշակուած ռազմական ծրագիր մըն է, որ կեանքի կոչեց 27 Սեպտեմբերի առաւօտուայ ժամերուն։
Արցախի պաշտպանութեան բանակը թէեւ միշտ զգօն էր նման ոտնձգութեան մը դիմաց։ Սակայն չէր կանխատեսուած պատերազմի այսքան լայնածաւալ դաշտի մը վրայ բռնկումը։ Հակառակորդը ամբողջ Արցախի սահմանով մէկ սկսած յարձակումը կը յուսար շատ աւելի կարճ ժամանակի մէջ աւարտին հասցնել։ Թրքական քարոզչամեքենան հազիւ քանի մը օրեր կը նախատեսէր վերջնական յաղթանակին հասնելու համար։ Ակնկալուած յաղթանակը իրականացաւ պատերազմի 43-րդ օրին, ի գին հայկական բանակի բաղդատմամբ հինգ անգամ աւելի զինուորներու մահուան։
Պատերազմի հետ միասին ընթացաւ նաեւ երկկողմանի քարոզարշաւը։ Ատրպէյճան դեռ առաջին օրէն արգիլեց երկրի մէջ գործող բոլոր սոցցանցերը։ Բացառութիւն էր միայն «Թուիթըր»ը, որ կը շահագործուէր նաեւ պետական շրջանակներու կողմէ, իբրեւ լրատուամիջոց։ Դարձեալ Ատրպէյճանի իշխանութիւնը առաջին օրէն իսկ որոշեց չհրապարակել բանակի անձնակազմի կորուստները։ Ի տարբերութիւն, Հայաստանի մէջ կար լրահոս մը, որ եւս տարուած էր որոշ չափով քարոզչութիւնով։ Հազիւ պարտադրուած համաձայնագրին հրապարակումով լսեցինք, թէ իրավիճակը որքան ծանր ընթացած էր հայ զինուորի հաշւոյն։ Արցախի Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան կը խոստովանէր թէ հնարաւորութիւն չունէին առաջին գծի վրայ մարտնչող զինուորները փոխանակելու համար։ Բոլորս գիտէինք թէ պատերազմը որքան սարսափելի ուժգնութիւնով մը կը շարունակուի, բայց չէինք պատկերացուցած իրողութեան այս աստիճան դառն ըլլալու երեւոյթը։ Պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչ Արծրուն Յովհաննիսեանի ամենօրեայ ճեպազրոյցներուն չէինք նկատած սահմանագծի այդ մտահոգիչ երեւոյթը։ Յովհաննիսեանի հաղորդումներով Պաշտպանութեան բանակը կը կատարէր իր առջեւ դրուած խնդիրը ընդմիշտ ետ շպրտելով թշնամիի յարձակումները։ Ափսոսանքի առաջին ազդանշանները յստակացան, երբ Ատրպէյճան մեծ ոգեւորութեամբ կը յայտարարէր Շուշիի անկումը։ Արդէն իսկ նախորդող օրերուն կը պնդուէր թէ հազիւ 5 քմ. հեռաւորութեան մէջ էին Արցախի երկրորդ քաղաք Շուշիի եզրաթաղերէն։ Նոյն օր Պաշտպանութեան բանակի ներկայացուցիչը կը խօսէր Քարի Տակի մէջ թշնամու կրած ահաւոր կորուստի մասին։ Նոյն բնոյթի հաղորդումները կը շարունակուէին նոյնիսկ 10 Հոկտեմբերին ցերեկուայ ժամերուն, երբ օրուայ աւարտին առերեսուեցանք պարտադրուած համաձայնագրով։ Համաձայնագրի ամբողջական պատճէնը տեսնել մեր կողքի սիւնակներուն մէջ։ Այս պայմաններու տակ բոլորովին անսպասելի պահուն յայտնուած այս համաձայնագիրը ինչպէս կը նշէ ՀՀ Վարչապետ Բաշինեան եւ Արցախի նխագահ Յարութիւնեան պարտութեան մը ապացոյցն է, որ բնականաբար պաղ ցնցուղի ազդեցութիւն գործեց համաշխարհային հայութեան առումով։ Իսկոյն փողոցները խառնուեցան Երեւանի եւ այլ քաղաքներու մէջ, ուր մարդիկ կը մերժէին այս համաձայնագիրը պահանջելով, որ Խորհրդարանը մերժէ անոր վաւերացումը։ Անշուշտ երեւոյթը առիթ մըն էր Հայաստանի քաղաքական դաշտին մէջ գահընկէց եղած շրջանակներու համար, որոնք առիթը օգտագործեցին Վարչապետ Փաշինեանը ու իր կառավարութիւնը հալածելու նպատակով։
Յաջորդող զարգացումներու մասին կարդալ թերթիս Բ. էջի վրայ։