Մենք, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Հէյդարի Ալիեւս, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Վ. Փաշինեանս եւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Վ. Փութինը կը յայտարարենք հետեւեալի մասին.
Յայտարարում է ամբողջական կրակի դադարեցում բոլոր տեսակի մարտական գործողութիւններու՝ Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիին, սկսած Նոյեմբերի 10-ի 00։00-ից, ըստ Մոսկուայի ժամանակի։ Ատրպէյճանական Հանրապետութիւնը եւ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, յետագայում կը մնան իրենց գրաւուած դիրքերու վրայ։
Աղդամի շրջանը եւ տարածքները, որոնք կը հսկուին հայկական կողմէ Ղազախի շրջան, վերադարձուին Ատրպէյճանին մինչեւ Նոյեմբերի 20-ը։
Շփման գծի երկայնքով Լեռնային Ղարաբաղի, եւ Լաչինի միջանցքին կը հաստատուի ռուսական խաղաղապահ ուժեր 1960 զինուորականի չափով, հրազէնային զէնքով, 90 զրահատրանսպորտային եւ 380 ինքնաշարժներով եւ յատուկ տեխնիկայով։
Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը կը տեղակայուի հայկական ուժերու դուրս բերմանը զուգահեռ։ Խաղաղապահները կը մնան հինգ տարի ժամանակով, ինքնաբար երկարացման հնարաւորութեամբ յաջորդ հինգ տարուայ համար, եթէ կողմերը ժամկէտի լրանալէ վեց ամիս առաջ չեն յայտարարած, որ կը դադարեցնեն այս դրոյթի կիրառութիւնը։
Արդիւնաւէտութեան եւ վերահսկողութեան համար կողմերու միջեւ պայմանաւորուածութիւններու կատարման, կը հաստատուի կրակի դադարեցման խաղաղարար կեդրոն։
Հայաստանը մինչեւ Նոյեմբերի 15-ը Ատրպէյճանին կը վերադարձնէ Քելբաջարը, մինչեւ Դեկտեմբերի մէկը՝ Լաչինի շրջանը, թողնելով միջանցք 5 քմ լայնութեամբ, որը ապահովելու է Հայաստանի կապը, սակայն չի շօշափելու Շուշին։ Կողմերու համաձայնութեամբ, առաջիկայ երեք տարուայ ընթացքին կառուցուելու է նոր ճանապարհ Լաչինով, որը կը կապի Ստեփանակերտը Հայաստանի հետ, յետագայում խաղաղապահներու՝ այդ ճանապարհը հսկելու համար տեղակայման նպատակաւ։
Ներքին տեղահանուածները եւ փախստականները կը վերադառնան ԼՂ եւ յարակից շրջաններ՝ ՄԱԿ Փախստականներու հարցերով բարձր յանձնակատարի հսկողութեան ներքոյ։
Կ՚իրականանայ ռազմագերիներու փոխանակութիւն եւ միւս պահուող անձերու փոխանակութիւն։
Կ՚ապաարգելափակուին բոլոր տնտեսական եւ փոխադրային կապերը շրջանին։ Հայաստանը կ՚ապահովէ փոխադրային կապ Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջաններու եւ Նախիջեւանի ինքնավար Հանրապետութեան միջեւ։ Տրանսպորտային այս կապը կը հսկեն ՌԴ Անվտանգութեան Դաշնակցութեան Ծառայութեան սահմանապահները։ Կողմերու համաձայնութեամբ, կառուցուելու է տրանսպորտային ուղի՝ Նախիջեւանն ու Ատրպէյճանի արեւմտեան շրջանները իրար կապելու համար։
«ԼՐԱԳԻՐ»