10Նոյեմբերի անակնկալ յայտարարութիւնը բնականաբար ցասում պատճառեց Հայաստանի մէջ։ Այդ հիասթափութեան հետեւանքով բազմաթիւ ցուցարարներ հաւաքուեցան նախ Հանրապետութեան Հրապարակի վրայ, խուժեցին կառավարական շէնք, գրաւեցին նիստերու դահլիճը եւ վնասեցին պատգամաւորներու գրասենեակները։ Ցուցարարներուն ուղղութիւն տալ կը փորձէին ընդդիմադիր կուսակցութիւններէ զանազան դէմքեր։ Վերջապէս անոնք 12 Նոյեմբերին ալ Ազատութեան Հրապարակին վրայ կատարեցին հանրահաւաք, որ վերածուեցաւ իշխանութեան դէմ հալածանքի ալիքի մը։ Որոշ չափով հասկնալի էր հասարակութեան մատնուած ափսոսանքը, որ կ՚ուզէր իր պոռթկումը լսելի դարձնել բոլորին։ Սակայն ընդդիմադիրներու ժողովուրդի այդ զգացումը իսկոյն իշխանափոխութեան մարմաջի մը վերածելը անշուշտ որ անընդունելի էր։ Պարտինք յայտնել թէ այդ պոռթկումով դուրս ելածներու կողքին բազմաթիւ քաղաքացիներ իրենց տուներէ ներս մեծ մտահոգութեամբ կը հետեւէին զարգացումներուն, որոնք եւս կը բաժնէին հոգեկան այդ նոյն ցնցումը, բայց կը խուսափէին տարիներու մեղքը հազիւ երկու տարուայ անցեալ ունեցող ներկայ իշխանութեան բեռցնելէ։
Այս ցոյցերու ընթացքին ոստիկանութիւնը բերման ենթարկեց աւելի քան 70 ցուցարարներ, որոնք հարցաքննութենէ անմիջապէս վերջ ազատ արձակուեցան։ Յստակ է թէ Հայաստան եւս կ՚ապրի փոթորկալից օրեր, որոնց աւարտը առիթ պիտի ստեղծէ խնդիրները շատ աւելի պարզ քննարկելու համար։
Խաղաղապահները կը տեղադրուին
Համաձայնագրի պայմաններէն մէկն ալ 1960 զինուորներէ բաղկացեալ ռուս խաղաղապահ զօրքին տեղադրումն էր շփման գծի վրայ։ Բաստաթույթի ստորագրութենէն անմիջապէս ետք Խաղաղապահ զօրքը սկսաւ փոխադրուիլ Ռուսաստանի Ուլեանոսվսք քաղաքէն դէպի Արցախ։ Համաձայնութեան հրապարակումէն ետք Իլհամ Ալիեւ իր ունեցած ելոյթին մէջ նշեց նաեւ թուրք զինուորներու եւս մասնակցութիւնը խաղաղապահ զինուորներու շարքին։ Ալիեւի այս յայտարարութիւնը իսկոյն հերքուեցաւ Ռուսիոյ Դաշինքի կառավարութեան ներկայացուցիչ Տիմիդրի Փեսքովի կողմէ։ «Համաձայնագրին մէջ ոչ մէկ ակնարկութիւն կայ Թուրքիոյ զինեալ ուժերու Արցախի մէջ խաղաղապահ պաշտօն ստանձնելու մասին» ըսաւ Փեսքով։