ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊԱՏԻՒ

-Ինձ հա­մար զի­նուո­րակա­նու­թիւնը պա­տուի խնդիր է»։ Ահա այս նշա­նաբա­նով ապ­րեր ու նա­հատա­կուեր է Ար­տա­կը, հայ­կա­կան բա­նակի հա­զարա­ւոր հե­րոս­նե­րէն մէ­կը։ Իսկ անոր այ­րին, ամուսնոյն պար­գե­ւատ­րո­ւած յետ­մա­հու «Մար­տա­կան ծա­ռայու­թիւն» մե­տալը ստա­նալու ժա­մանակ մա­մու­լին խօ­սեր է. «Ու­րիշ այլ հարց ին­քը իր առ­ջեւ չէր դրել. Պա­տիւ եւ Հայ­րե­նիք։ Նա ամէն ինչ արեց՝ մին­չեւ վերջ բարձր պա­հելու իր հա­մար այնքան թանկ պա­տիւը»։ Այ­սօր, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ամէն հայ­րե­նանո­ւէր հա­յոր­դի, ըլ­լայ զի­նուո­րական, թէ ըլ­լայ աշ­խարհա­յին, պա­տուով կը կա­տարէ տե­ղի եւ ժա­մանա­կի հրա­մայա­կանը, պա­տիւը ու­նիմ խօ­սելու «պա­տիւ»բա­ռի մա­սին ու ձե­զի ներ­կա­յաց­նե­լու, թէ ան ի՛նչ պա­տուա­բեր էջեր պար­գե­ւեր է հա­յոց լե­զուի եւ գրա­կանու­թեան պատ­մութեան։

Մեր ամե­նահին գո­յական­նե­րէն մէկն է «պա­տիւ»ը։ Հա­յոց նախ­նի­ները, որոնք շատ պա­տիւ­ներ առեր են ու տո­ւեր են, մե­զի աւան­դեր են «պա­տիւ»բա­ռի հա­րուստ եւ նախ­նա­ձելի գանձ մը։ Յօ­դուա­ծիս մէջ այդ գո­հար­նե­րուն զու­գա­հեր պի­տի մէջ­բե­րեմ նաեւ հայ զի­նուո­րի, կա­մաւո­րի եւ հրա­մանա­տարի հա­մար ար­տա­սանո­ւած պա­տուա­բեր խօս­քեր։

Հայ­կա­կան գրա­կանու­թեան ոս­կե­դարուն ու­նէինք «պա­տիւ»երկվան­կը՝ «շուք ներ­քին եւ ար­տա­քին, փառք, փա­ռաւո­րու­թիւն, պար­ծանք. շնորհ, յար­գանք»։ 19-րդ դա­րու ակա­նաւոր բա­նաս­տեղծ եւ թարգմա­նիչ Ալեք­սանդր Ծա­տու­րեանը «Պա­տիւ»քեր­թո­ւածի մէջ չորս տո­ղով պա­տաս­խա­նեց այն հին հար­ցումը, թէ պա­տի՞ւն է աւե­լի կա­րեւոր, թէ՝ ան­ձը. «Ասում են, մարդս պէտք է իր ան­ձից / Միշտ բարձր դա­սի պա­տիւն անա­րատ, / Եւ ով զրկո­ւած է այդ ան­գին գան­ձից, / Նա՚ է կեան­քի մէջ ամե­նից աղ­քատ»։

Բա­ռը ժա­մանա­կի ըն­թացքին ու­նե­ցաւ իմաս­տի զար­գա­ցում, դար­ձաւ՝ բարձ (ուր իշ­խաննե­րը կը նստէին ըստ աս­տի­ճանի), աթոռ, տա­ճարին տրո­ւած ըն­ծայ, պար­գեւ, ճաշ­կե­րոյթ կամ՝ հիւ­րա­սիրու­թիւն, իրբ շնոր­հա­կալու­թիւն, ու վեր­ջա­պէս՝ աղջկայ կու­սութիւն։ Իսկ եթէ յի­շէնք, թէ հնա­գոյն ժա­մանակ­նե­րուն իշ­խա­նական պսա­կը եւ պա­տուի զար­դը կը կո­չուէին «պա­տիւ», այն ժա­մանակ հասկնա­լի կը դառ­նայ «Կա­պէր զպա­տիւ վար­սին» ար­տա­յայու­թիւնը։

Յար­գե­լի ըն­թերցող, քիչ վերջ պի­տի տես­նենք 5րդ դա­րէն մին­չեւ 10րդ դար «պա­տիւ»բա­ռի առած ձե­ւերը, սա­կայն, այժմ ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ ժա­մանա­կակից մա­մու­լէն պա­տուա­բեր պա­տառիկ­ներ. «Սի­սիանում նո­րածին տղա­յին անո­ւանա­կոչել են ի պա­տիւ այս օրե­րին առաջ­նագծում զո­հուած հա­մաքա­ղաքա­ցու զին­ծա­ռայո­ղին», «Փառք ու պա­տիւ ձեզ, որ բարձր էք պա­հում մեր հո­ղի ու հայ զի­նուո­րի պա­տիւը», «Փառք ու պա­տիւ ամէն օր խա­ղաղու­թիւն պար­տադրող հայ զի­նուո­րին ու սպա­յին»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

«Պա­տիւ»ը Ե. դա­րուն դար­ձաւ «պա­տուա­կան», այ­սինքն՝ պա­տուոյ ար­ժա­նի։ Այս իմաս­տով է, որ Եղի­շէ պատ­մի­չը գոր­ծա­ծեց զայն. «Պա­տուա­կան զի­նուո­րու­թիւնն հա­սանէր 'ի չարտշուք անար­գութիւն»։ Ժա­մանա­կի ըն­թացքին այս ածա­կանը նիւ­թա­կանա­ցաւ, այ­սինքն նշա­նակեց՝ մե­ծագին, սա­կաւա­գիւտ, գի­նով մե­ծածախ։ Այ­նուհե­տեւ հայ վա­ճառա­կան­նե­րը եւ ոս­կե­րիչ­նե­րը առա­տօրէն սկսան գոր­ծա­ծել շլա­ցու­ցիչ նկա­րագ­րութիւններ, ինչպէս՝ «Պա­տուա­կան մար­գա­րիտ», «Անօթ պա­տուա­կան»։ Ապա եկան այլ բա­ռեր։ Ազ­նո­ւական­նե­րը, իշ­խա­նաւոր­նե­րը եւ մե­ծամեծ­նե­րը կո­չեցինք «պա­տուա­կանք», պա­տիւ ու­նե­ցող­նե­րը՝ «պա­տուա­կալ», փա­ռասէր եւ ամ­բարհա­ւաճ­նե­րը՝ պա­տուա­սէր, առա­ւել ազ­նուական­նե­րը կամ մե­ծագին առար­կա­ները՝ «պա­տուա­կանա­գոյն»։ Իսկ երբ պէտք եղաւ աթո­ռի ոտ­նա­տեղիի մա­սին խօ­սիլ, որ կը դնէին բարձրու­թեան աս­տի­ճանի ի պա­տիւ՝ շի­նեցինք «պա­տուան­դան» բա­ռը։ Յար­գե­լի ըն­թերցող, կա­րելի՞ է եր­կի­րը գոր­ծա­ծել իբր պա­տուան­դան, որ­պէսզի մէ­կը հաս­նի երկնա­ւոր կեան­քին, կամ մարդ մը կրնա՞յ պա­տուան­դան ըլ­լալ ու­րի­շի հա­մար։ Ահա այդ միտ­քե­րը կը գտնենք հե­տեւեալ եր­կու նա­խադա­սու­թիւննե­րու մէջ։ «Եր­կինք աթոռ իմ են, եւ եր­կիրս պա­տուան­դան ոտից իմոց», «Ըն­դէ՚ր խա­փանից» զանձն լի­նել պա­տուան­դան ընդ ոտիւք այ­լոց»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

Բա­ռը շա­րու­նա­կեց զար­գա­նալ։ 6-րդ դա­րուն յայտնո­ւեցան «պա­տուա­կից» եւ «պա­տուա­սիրա­կան» բա­ռերը, 8-րդ դա­րուն՝ «պա­տուա­սիրել» բա­յը, իսկ 10-րդ դա­րուն՝ «պա­տուա­մատոյց» եւ «պա­տուա­պար­գեւ» բա­ռերը։ Հե­տաքրքրա­կան է, թէ 9րդ դա­րուն ան նաեւ դար­ձեր էր իւ­րա­յատուկ կե­տադ­րա­կան նշան՝ «Պա­տիւ»։ Մա­տենա­գիր­նե­րը զայն կը գոր­ծա­ծէին հա­մառօ­տագ­րե­լու հա­մար եօթը բառ, որոնք տէ­րու­նա­կան էին. Աս­տո­ւած (ԱԾ), Յի­սուս (ՅՍ), Քրիս­տոս (ՔՍ), Տէր (ՏՐ), Սուրբ (ՍԲ), Իս­րա­յէլ կամ Իս­րաէղ (ԻԷՂ) եւ Երու­սա­ղէմ (ԵՂՄ)։ Այս հա­մառօ­տագ­րո­ւած բա­ռերու վրայ կը դրո­ւէր «պա­տիւ»նշա­նը, քան­զի մեր գրիչ­նե­րը եւ ծաղ­կողնե­րը իրենց ար­ժա­նի չէին հա­մարեր զա­նոնք լրիւ գրե­լու։ Իսկ այժմ մեր առօ­րեայ զրոյցնե­րը հա­րուստ են «պա­տիւ»վա­յելող բազ­մա­թիւ դար­ձո­ւածքնե­րով, ինչպէս՝ պա­տիւ առ­նել, պա­տիւ տալ, պա­տիւ ու­նե­նալ, պա­տիւը ծախ­սել, պա­տիւը ոտ­նա­տակ ընել, պա­տիւը պա­հել, պա­տիւը ցե­խին խառ­նել, պա­տուի բռնել՝ զի­նուո­րական պա­տուի կե­ցուածք ըն­դունիլ, զգաստ կանգնիլ եւ ձեռ­քը գլխին մօ­տեց­նել, պա­տուի գի­նով, պա­տուին հետ խա­ղալ, պա­տուի զգա­ցում, պա­տուին դպչիլ, պա­տուով դուրս գալ՝ բան մը յա­ջողու­թեամբ կա­տարել, գլուխ բե­րել, պար­զե­րես դուրս գալ։ Մե­րօրեայ բա­ռարան­նե­րը այ­սօր կը պա­րու­նա­կեն «պա­տիւ»ով շի­նուած 75-ի չափ բառ։ Այդ բա­ռերու շնոր­հիւ է, որ յա­ջողակ հա­յը կը ստա­նայ «պա­տուա­գիր», որ­դին կ՛ըլ­լայ «պա­տուա­բեր», հե­րոսը կը ստա­նայ «պա­տուա­խաչ», բծախնդիր սպան կ՛ըլ­լայ «պա­տուախնդիր», տուն վե­րադար­ձող մար­տի­կին ի պա­տիւ «պա­տուա­ճաշ» կու տան, իսկ եր­բեմն մու­րացկան­ներն ալ կ՚ըլ­լան «մե­ծապա­տիւ».. Հայ­կա­կան մա­մու­լը կը շա­րու­նա­կէ ար­ձա­գան­գել. «Զո­հեր չու­նենք, ու­նենք հե­րոսա­ցած ու պա­տուով կեանք տո­ւած տղերք», «Իւ­րա­քան­չիւր զի­նուոր պա­տուով է կրում մար­տա­կան հեր­թա­պահու­թիւնը»։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։

Ուշ միջ­նա­դարուն, երբ բա­ցակայ էր հայ­կա­կան պե­տակա­նու­թիւնը, բա­ռը զրկուեցաւ իր զի­նուո­րական պա­րու­նա­կու­թե­նէն, սոսկ պա­հեց կրօ­նական եւ բա­րոյա­կան գոր­ծա­ծու­թիւնը։ Այդ օրե­րուն, Խա­չատուր Խաս­պէկ Կա­ֆացին պա­տուեց Մա­րիամ Աս­տո­ւածա­ծինը. «Ցո՛յց ճա­նապարհ կե­նաց, մայր ճշմար­տա­գոյն... / Որոյ պա­տիւ եւ փառք անսպա­ռագոյն»։ Տա­ղասաց Սու­քիասը խրա­տեց, որ մար­դը չփա­րի մարմնա­կան պա­տիւին, «Թէ ի մարմնոյ պա­տիւ հա­յիս, / Նան­րա­կանօք յե­րակ (միշտ) խա­բիս»։ Իսկ աշ­խարհիկ գրիչ­նե­րը պա­տուե­ցին գե­ղեցի­կը ու գե­ղեց­կուհին ստեղ­ծո­ղին, ու բա­ռը իր կեան­քի մէջ առա­ջին ան­գամ դար­ձաւ... քնա­րական։ Ահա սրտագ­րաւ փունջ մը. «Փառք ու պա­տիւ քո ստեղ­ծո­ղին... Նազ­լու, ո՞ր մայր է զքեզ բե­րեր», Խեւ Կա­ֆացի, «Փառք ու պա­տիւ ասեմ ես քո արար­չին», Քո­սայ Երէց, «Ա՜յ իմ մարգրտ» շա­րոց, ոս­կե­թել ծած­կոցդ ի վե­րայ, / Զքո հայրն պա­տիւ ձե­նեմ, քեզ ին­ձի կ՛ու­զեմ՝ թէ կու տայ», Նա­հապետ Քու­չակ, «Փառք եւ պա­տիւ եւ գո­հու­թիւն. / Ա՚յ լից ու տուց, ա՚յ լից ու տուր / Զա­նուշ գի­նին անա­պական», Աս­տո­ւածա­տուր, «Ամե­նայն արա­րածոց / Փառք եւ պա­տիւ ես դու, Ստըմ­պոլ», Առա­քել Բա­ղիշե­ցի, «Չար թշնա­մին թող վե­րանայ, / Պա­տիւ հա­յոցս մե­ծանայ», Մար­տի­րոս Խա­րասար­ցի։

«Պա­տիւ» բա­ռը պա­տիւ բե­րաւ նաեւ հայ­կա­կան գրատ­պութեան։ Սկսե­լով 1802 թո­ւակա­նէն, ան յա­ճախ յայտնո­ւեցաւ որ­պէս գիր­քի տիտ­ղոս. «Հա­մառօտ կրթու­թիւն վասն ման­կանց՝ ի պա­տիւ օրհնա­բանեալ Կու­սին», «Ներ­բո­ղեան ի պա­տիւ Ս. Հոգ­ւոյն», «Ի պա­տիւ անա­րատ յղու­թեան», «Ներ­բող ի պա­տիւ անուան Ամե­նօրհնեալ Կու­սին Մա­րիամու», «Ի պա­տիւ Հայ թատ­րո­նի ութսու­նա­մեակին», «Ի պա­տիւ հայ գրոց գիւ­տի 1500-ամեակին եւ տպագ­րութեան 400-ամեակին», «Յո­բելի­նական նո­ւագա­հան­դէս ի պա­տիւ Ա. Շահ-Մու­րա­տեանի»։ Հե­տաքրքրա­կան են նաեւ հնա­տիպ եր­կա­րաշունչ խո­րագիր­նե­րու մէջ գոր­ծա­ծուած ար­տա­յայ­տութիւննե­րը. «Ի պա­տիւ ազ­գիս Հա­յոց», «Ի պա­տիւ վսե­մափա­ռու­թեան...», «Ի պա­տիւ կա­ռու­ցուելիք...»։ Բա­ռը նաեւ բե­մական յայտնի գոր­ծի անուն դար­ձաւ։ 1904 թո­ւակա­նին Շիր­վանզա­տէի կող­մէ գրի առ­նուած եւ նոյն տա­րի հա­յաշատ Բա­քու քա­ղաքի թա­տերա­սէր ժո­ղովուրդին հա­մար բե­մադ­րո­ւած «Պա­տուի հա­մար» թա­տերա­խաղն էր ան։ 1905-ին, Պոլ­սոյ մէջ Պէր­պէ­րեան վար­ժա­րանի հիմ­նա­դիր-տնօ­րէն Ռե­թէոս Պէր­պէ­րեանը ամա­վեր­ջի հան­դէ­սին իր ըն­թա­ցաւարտնե­րուն տո­ւաւ հե­տեւեալ պատ­գա­մը. «Հա­ւատա­րիմ մնա­լու հա­մար Պա­տուոյն, որ­պէսզի ո՛չ մէ­կու մ՛առ­ջեւ ամօ­թով կարմրի, ո՛չ մէ­կու մ՛առ­ջեւ ստի­պուի իր ճա­կատը խո­նար­հել ակնկոր- ահա՛ պա­տուա­ւոր մար­դը... Ան­գամ մ՛իր պա­տիւը կո­րու­սա­նելէ յե­տոյ՝ ո՜րքան դժուարին է վերստա­նալ զայն... Բուն պա­տիւը, ճշմա­րիտ պա­տիւը չի կրնար եր­բեք հաշտ ըլ­լալ այնպի­սի արարքնե­րու հետ զորս կը դա­տապար­տէ բա­րոյա­կանը»։

Իսկ վեր­ջա­պէս ձե­զի ներ­կա­յաց­նեմ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պետու­թեան «Զի­նուած ոյ­ժե­րու սպա­յի պա­տուի կա­նոն­նե­րը հաս­տա­տելու մա­սին» օրէն­քէն մէջ­բե­րում մը. «Հրա­մանա­տարը պէտք է մշտա­պէս դրա­կան օրի­նակ ծա­ռայի են­թա­կայ անձնա­կազ­մին, բարձրաց­նի վեր­ջիննե­րիս մէջ պա­տուի եւ զի­նուո­րական պարտքի գի­տակ­ցումը»։ Եւ այն զին­ծա­ռայո­ղին, որ ար­ժա­նի է խրա­խու­սանքի, անու­նը, հօր անու­նը ու մա­կանու­նը կը գրեն զօ­րամա­սի «Պա­տուոյ գիրք»ի մէջ։ Փառք ու պա­տիւ հայ զի­նուո­րին։