ՅԱԿՈԲ ՓԱՆՈՍԵԱՆ
Սիրելի ժողովուրդ հայոց,
Սրտի դառն կսկիծով է որ կը գրեմ այս տողերը։ Վստահ եմ որ հայերու մեծամասնութիւնը երէկ գիշեր անքուն մնաց։ Շատ դժուար որոշում էր այս պարտադրուած համաձայնագրի ստորագրումը եւ վստահ եմ որ եթէ որեւէ կարելիութիւն եւ այլընտրանք ըլլար չէր ստորագրուեր։ Դժբախտաբար 2020-ը սարսափելի եւ ահաւոր տարի մը եղաւ հայութեան համար։ Քորոնայով վարակուած մեր հերոս զինուորները 43 օր անընդհատ պաշտպանեցին Արցախը։ Եւ սակայն յայտնի էր կարծես որ Թուքիոյ պէս հսկայ եւ անմարդկային ոյժի դէմ կռուիլը վերջ չունէր եւ պիտի պատահէր այս աղէտը։ Մեր թշնամիները շատ աւելի են քան մեր բարեկամները։ Ատրպէյճանի բարեկամը օգնեց եւ թիկունք կեցաւ իր բարեկամին։ Մեր դաշնակիցը ոչ միայն անտեսեց այլ եւ հակարակորդին օգնեց։ Ինչպէ՞ս կարելի էր շահիլ այսպիսի պատերազմ մեր փոքրիկ բանակով եւ ոչ բաւարար զինուածութեամբ։
Այժմ խելամիտ հայը կը հանդարտի եւ կը մտածէ թէ ինչպէ՞ս կարելի է այս կացութենէն դուրս գալ եւ մեր ամբողջ կարողականութիւնը տրամադրել մեր հայրենիքին՝ Արցախին եւ Հայաստանին որպէսզի կարենանք ոչ միայն գոյատեւել այլեւ զարգանալ, զօրանալ, բազմանալ եւ փայլուն ապագայ մը կերտել։ Միայն զօրաւորն է որ կը յաղթէ։ Անօդաչու թռջող սարքերն էին գլխաւորաբար յաղթողները։ Մենք մեր ԱԹՍ-ները պէտք է սարգենք, աւելի լաւ եւ աւելի ուժեղ որպէսզի միեւնոյն կացութեան չի մատուինք։
Պէտք է ընդունինք որ այս համաձայնագիրը չարեաց փոքրագոյնն էր։ Աւելի վատ կ՚ըլլար եթէ ամբողջ Արցախը կորսնցնէինք։
Ուստի, այժմ գործի ժամանակ է եւ եթէ իսկապէս հայրենասէր ես եւ կ՚ուզես որ Հայաստան բարգաւաճ, զօրաւոր եւ յաջող երկիր մը դառնայ, ըրէ քու ամենասուրբ պարտականութիւնդ եւ օգնէ ինչպէս որ կրնաս, նիւթապէս, մասնագիտութեամբդ եւ կամ այլ ինչ կերպ որ կրնաս։ Անցեալը չենք կրնար փոխել։ Ժամանակն է որ արթննանք եւ վերանայինք մեր կարելիութիւններն ու առաջնահերթութիւնները եւ ըստ այնմ որոշենք մեր գալիք ապագան։
Անմիտ ամբաստանութիւններն ու հայոյանքները, սիրտխառնուք առաջացնելէ զատ ոչ մէկ օգուտ կը բերեն մեզի։ Հանդարտեցէք եւ գործի անցէք։
Կէցցէ՛ Հայաստանը եւ Արցախը։Կէցցէ՛ հայ ժողովուրդ։ Օ՜ն Յառաջ։