ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Սրտի խօսք Մարկօ Մամային

1995-ի Սեպտեմբերն էր, ես ինը տարի ետք երկրորդ, իսկ Սեդան առաջին անգամ կ՚ուղուէինք դէպի Հայաստան։ Դաժան ճամբորդութիւն էր, սկսած առաջին պահէն։ Սիւնակի տարողութիւնը չարտօնէր այդ դժուարութիւնները թուելու, ուրեմն անցնինք միայն նշելով թէ հարկաւոր էր նախ ցամաքային ճամբով անցնիլ Պուլղարիա եւ ապա «Հայկական աւիաուղիներ»ու ինքնաթիռով հասնիլ Երեւան։ Գիշերուայ մութին վայրէջք կատարեցինք «Զուարթնոց» օդակայան եւ իջեւանեցանք «Արմենիա 2» հիւրանոցը։ Ճամբրուկները սենեակ հանելէ կէս ժամ ետք արդէն բարեկամացած էինք հիւրանոցի դռնապանի հետ, որ լսելով թէ Թուրքիայէն եկած ենք, պատմեց քանի մը օր առաջուան իր արկածախնդրութիւնը։ «Քանի մը օր առաջ ձեզմէ լրագրող մը եկած էր Չինգիզ անունով»։ Կռահեցի թէ կը խօսի ծանօթ լրագրող Ճենկիզ Չանտարի մասին։ «Բաւականին կծու մէկն էր, յաջորդ օր ես ազատ էի, զինք հրաւիրեցի մեր տուն։ Այդ գիշեր մեր տան մէջ մինչեւ լուսածագ զրուցեցի իր հետ։ Հիմայ վստահ եմ շաքարի պէս մարդ եղած է»։

«Արմենիա 2» հիւրանոցի արծաթափայլ նախշերով կանանչ բաճկոնաւոր դռնապանը իրաւացի էր, Հայաստանէ վերադարձով բոլորովին փոխուած էր Չանտարի հայոց մասին գրածները։

Յետ պատերազմեան այդ օրերու Երեւանը բնաւ նման չէր իմ ինը տարի առաջ տեսած ուրախ ու զուարթ քաղաքին։ Փողոցները դատարկուած էին, ելեկտրական հոսանքը խիստ սահմանափակ եւ ամենակարեւորը՝ ժպիտը վերացած էր մարդկանց դէմքերէն։

Մեր այդ ճամբորդութեան նախօրեակին, որպէս Սայաթ Նովա Երգչախումբ ծրագրած էինք հայ մեծ երգահան Խաչատուր Աւետիսեանի 70 ամեակը նշել Պոլսոյ մէջ։

«Տկզար» նուագախմբի համերգին պատահական կերպով ծանօթացանք անուանի երգիչ Յովհաննէս Պատալեանի հետ։ Իր առաջնորդութեամբ այցելեցինք մեծ երգահանը իր տան մէջ։ Աւետիսեան ոգեւորուած էր մեր ցանկութենէն ու նաեւ զարմացած թէ իր երգերը կը լսուին Պոլսոյ մէջ։ Մեծ վարպետը կը տառապէր սրտի անբաւարարութենէ եւ բժիշկները արգիլած էին ճամբորդել։ Մերժեց մեր հրաւէրը, առաջարկելով թէ որդին՝ խմբավար Միքաէլ Աւետիսեան փոխարինէ իրեն։ «Եթէ հնարաւորութիւն կայ, երկու աշակերտուհիներս եւ Յովիկը կը ներկայացնեն իմ գործերը»։ Այդպէս սկսաւ քանոնահարներ Կարինէ Յովհաննէսեան, Անահիտ Վալեսեան, երգիչ Յովհաննէս Պատալեան եւ կնոչ Մարկոյի, դաշնակահար Նադելլա Աճեմեան եւ խմբավար Միքաէլի հետ մեր բարեկամութիւնը, որ շուտով վերածուեցաւ հարազատ ընկերութեան։

Այդ ընկերութիւնը յատկապէս խորացաւ մեր հիւրերուն քաղաքս ժամանելով, որ ապրեցանք անմոռանալի ու երանելի օրեր։ Խաչատուր Աւետիսեան վիտէօ ժապաւէնով դիտեց իր վաստակին ձօնուած համերգը։ Ափսոս որ առողջութիւնը չարտօնեց որ մենք եւս հանդիպինք եւ ուղղակի իրմէ լսենք այս մասին զգացումները։ Յաջորդ տարի զինք այցելեցինք Թոխմախկէօլի գերեզմանատան մէջ, վերջին հանգստավայրը։

Զրկանքի օրերուն հիմքը դրուած այդ բարեկամութիւնը կը շարունակուի մինչեւ օրս։ Կ՚ափսոսանք որ այդ ճանապարհին նախ կորսնցուցինք Յովհաննէս Պատալեանը եւ վերջերս ալ իր այրին, մեր բոլորին սիրելի Մարկօ մաման։

Հայաստան եւս կ՚ապրի օրհասական ժամանակներ։ Ցաւալի է 25 տարի անց նման պատերազմական երեւոթի վերայայտնութիւնը հայոց երկրի մէջ։ Բայց մենք շարունակենք յուսալ թէ այս դաժան օրերուն իսկ սերմը կը դրուի նոր բարեկամութիւններու, հաւատալով թէ յաղթելու ենք եւ ապագան մերն է լինելու։

pakrates@yahoo.com