Ղարաբաղեան պատերազմը 27 Սեպտեմբերէն այս կողմ արդէն բոլորած է 40 օրերը։ Այս պահու դրութեամբ պատերազմը կը շարունակուի առաջին օրուան ուժգնութեամբ։ Ապարդիւն մնացած են ցարդ հռչակուած երեք զինադադարները եւ կը շարունակուի համաշխարհային հասարակութեան անտարբերութիւնը հետզհետէ պատերազմական յանցագործութեան բնոյթ ստացող յարձակումներու հանդէպ։ Բացի սահմանի դիրքերէ հրթիռակոծման թիրախ դարձած են քաղաքներու բնակիչ ժողովուրդը։ Բացառուած չէ նաեւ անտառածածկ տարածքներու դէմ ֆոսֆորային զինամթերքով ստեղծուած հրդեհները։ Ռուսիոյ Դաշնութեան Արտ. Գործ. Նախարար Լաւրով «Քոմմերսանթ» թերթի տուած յայտարարութեան մէջ նշեց որ Թուրքիոյ միջնորդութեամբ Ատրպէյճան հասած եւ Ղարաբաղի պատերազմին մասնակցած սուրիացի վարձկաններու թիւը հասած է 2 հազարի։ Այս մասին Վարչապետ Փաշինեան «Երուսաղէմ Փոսթ» թերթի տուած հարցազրոյցին մէջ հաստատած է սուրիացի վարձկաններու հաւաքագրման եւ ապա Թուրքիոյ ճամբորդ դէպի Արցախ փոխադրուելու մասին փաստացի տուեալներ։ Փաշինեան նշած է, որ Իսրաէյլի պետութիւնը չի վարանիր իսլամ ճիհատիստներու հետ նոյն դիրքին մէջ գտնուելէ։ «Արմատական ճիհատիստներու այս եղանակով շահագործումը ոչ միայն Արցախի եւ Հայաստանի հայութեան, այլ համաշխարհային հասարակութեան համար լուրջ սպառնալիք մըն է։ Այսօր Արցախի մէջ կատարուածները անտեսողները պէտք չէ զարմանան, երբ նման երեւոյթներ կը պարզուին Եւրոպայի տարբեր քաղաքներու մէջ» ըսած է Վարչապետ Փաշինեան։ Ճիշդ է, որ համաշխարհային հասարակութիւնը առ այժմ կը գոհանայ միայն ու միայն մտահոգութիւն յայտնելով։ ՄԱԿ-ի Մարդու Իրաւունքներու Կոմիսար Միշել Պեքըլըթ արձանագրեց, թէ Արցախի եւ շրջակայքի ռմբակոծումները համաշխարհային իրաւաբանութեան խախտում են եւ պէտք է գնահատուին պատերազմական յանցագործութեան սահմանումով։ Ան եւս գործածեց «Կողմերը» եզրը առանց տարբերութիւն դնելու յարձակողի եւ պաշտանուողի միջեւ։ Պեքըլըթ նաեւ շեշտեց ընկերային ցանցերու մէջ տեղադրուած կեղծ լրատուութիւնները, որոնց մէջ սակայն մասնագէտներու կողմէ ստուգուած իրողութիւն էր Ատրպէյճանի զինուորներուն երկու հայ ռազմագերիները սպաննելու մասին նկարահանումները։ Նախապէս BBC-ի ռուսերէն հաղորդումն ալ յայտնած է թէ այդ երկու ռազմագերիները Բենիկ Յակոբեանը եւ Յուրի Ադամեանն են։ Ան նաեւ յիշեցուց, որ մօտ 40 հազար ատրպէյճանցիներ եւ 90 հազար ալ արցախցիներ հարկադրուած են իրենց տուները լքելով աւելի ապահով տարածքներ փոխադրուելու։
ՄԱԿ-ի պատասխանատուն պահանջեց որ կողմերը համաձայնին զինադադարի եւ խնդրին խաղաղ ու մնայուն լուծում մը գտնելու համար սկսին բանակցութիւններու։