Փարիզի մէջ ուսուցիչի մը չեչեն ճիհատականի մը ձեռքով սպաննուելէն ետք Եւորպայի զանազան քաղաքներ իսլամական ահաբեկչութեան թիրախը դարձած են։ Ոճիրէն անմիջապէս ետք նախագահ Մաքրոնի հակազդեցութիւնը Թուրքիոյ նախագահի կողմէ դիտուած էր իբրեւ իսլամաֆոպիա եւ իսլամ կրօնի դէմ ատելութիւն։ Այդ նկատումով Էրտողան արհամարհական ելոյթներ ունեցած էր Մաքրոնի հանդէպ։ Խորհուրդ տուած էր, որ Մաքրոն հոգեբուժական դարմանում մը տեսնէ։ Ֆրանսա այս անարգանքին պատասխանեց Անգարայի իր դեսպանը ետ կանչելով։ Նոյն օրերուն Նիս ու Լիոն քաղաքներու մէջ նորանոր յարձակումներ կատարուեցան եկեղեցիներու հանդէպ։ Այսպէս Նիսի մէջ Թունիսէն եկած ճիհատական մը Նիսի եկեղեցին խուժելով սպաննեց երեք հաւատացեալներ, որոնք մոմավառութեամբ կ՚աղօթէին եկեղեցւոյ մէջ։
Շատերու համար զարմանալի երեւոյթ էր նման բնոյթի դէպքի մը Վիանայի մէջ կրկնուիլը։ Այստեղ ալ զինեալներ վեց տարբեր կէտերէ կրակեցին քաղաքացիներու վրայ ու սպաննեցին երեք անձեր, երկու այր եւ մէկ կին։ Վիանայի ոստիկանապետը յայտնեց թէ յայտնաբերուած է յարձակողներէն միայն մէկը, այն ալ սպանուած ձեւով։ Միւս յարձակողները յաջողած են փախուստի դիմելու։ Աւստրիոյ Ներքին Գործոց Նախարար Քառլ Նեհամմեր յայտնեց, թէ դէպքը իրականացնողները ՏԱԻՇ-ի համակիրներ են։
Դէպքերը կ՚արդարացնեն հակառակ բեւեռներ ներկայացնող երկու քաղաքական գործիչներու՝ Թուրքիոյ Նախագահ Էրտողանի եւ Հայաստանի Վարչապետ Փաշինեանի այն համատեղ համոզումը, ըստ որու եւրոպացիներ պիտի չի կարենան փողոց ելլել եւ ահաբեկչութիւնը պիտի վայելեն իրենց քաղաքներուն մէջ։