Թուրքիոյ քաղաքացիներու համար երկրաշարժը անակնկալ մը չէ երբեք, քանի որ Թուրքիա կը գտնուի ստորերկրեայ շարժուն խաւերու վերեւ։ Արդարեւ վերջին երկրաշարժը տեղի ունեցաւ Եգէական ծովու յատակը, որմէ լրջօրէն ազդուեցաւ Զմիւռնիոյ կարգ մը թաղամասերը։ Փուլ եկան բարձրայարկ շէնքեր, որոնց փլատակներուն տակ զոհուեցան 114 քաղաքացիներ։ Մասնագէտներու հաստատումով շէնքերու փլուզման գլխաւոր ազդակն էր նախ անորակ շինանիւթը եւ ապա մուտքի յարկերը խանութի վերածելու համար կարգ մը սիւներուն վերացումը։ Պորնովա եւ Պայրաքլը թաղերու մէջ տեղի ունեցած աւերը պատճառ եղաւ նաեւ հրաշքի համազօր երեւոյթներու յայտնութեան։ Երկրաշարժին յաջորդող հինգերորդ օրն իսկ կենդանի կեանքեր փրկուեցան շնորհիւ գերմարդկային ջանքով աշխատող փրկարար ջոկատներու։ Երկրաշարժը եթէ ընկերային գետնի վրայ պարզեց զօրակցութեան խիստ տպաւորիչ երեւոյթներ, քաղաքական դաշտի վրայ ալ անգամ մը եւս օրակարգի բերաւ իշխանութիւններու անփութութիւնը։ Պարզուեցաւ որ այդ շինութիւնները օգտուած են կալուածներու անկարգութիւնը ներելու համար տրամադրուած առիթներէն։ Ընդդիմութիւնը անգամ մը եւս կը յիշեցնէ 1999-ի Մարմարայի աղէտէն ետք հաստատուած երկրաշարժի տուրքի որ եղանակներով գործածուելուն մասին։ Վարկածներու համաձայն այդ տուրքով գանձուած գումարը կը հաշւուի։ 37 եւ 64 միլիառի միջեւ։ Անցեալին այս ուղղութեամբ կատարուած հարցումներուն Նախագահ Էրտողան պատասխանած էր. «Ուր որ պէտք է հոն գործածուած է, ես ժամանակ չունիմ այս հարցումները պատասխանելու համար» ըսելով։ Սակայն ընդդիմադիրները կը յամառին նոյն հարցումով եւ կը պահանջեն, թէ այս գումարը տրամադրուի խարխուլ շէնքերու վերակառուցման համար։