ՆԱՐՕՏ ՔԸՅՄԱԶ
Մարդիկ դարեր շարունակ հարցումներ կը հարցնեն։ Մարդոց խօսակցութիւններուն մեծ մասը կը շարունակուի հարցումներու վրայէն։ Հարցումներն են որ մեզի զարգանալու, յառաջանալու դռները կը բանան։ Քանի հարցում կը հարցնենք այնքան նոր գիտելիքներ սորվելու, աւելի մանրամասն եւ քննադատական խորհելու կը սկսինք։ Հարկաւ միշտ նոյն հարցումները չէ որ կը հարցուի։ Օրինակ՝ գրականութեան աշխարհը ընդհանրապէս կը գործածէ «ո՞վ», «ե՞րբ», «ինչպէ՞ս», «որո՞ւ հետ», «ո՞ւր»ի նման հարցման բառերը։ Այս հարցումներով է որ գրական ստեղծագործութիւն մը աւելի լաւ կրնանք հասկնալ եւ կամ տարբեր գաղափարներու հետ դէմ դիմաց գալով տարբեր մտածելակերպեր կրնանք ըմբռնել։ Օրական լուրերուն հետեւած ատեն ալ նման հարցումներուն հետ դէմ դիմաց կու գանք։ Գիտութեան աշխարն ալ ունի իրեն յատուկ հարցման բառեր։ Ուսումնասիրութիւններու կամ գիտական փորձերու ընթացքին աւելի շատ կը գործածեն «Քանի՞աստիճան», «Քանի՞ վայրկեան»ի նման հարցման բառեր որպէսզի սկսին աւելի մանրամասն խորհելու, աշխատելու հարցման պատասխանը գտնելու եւ ուսումնասիրութիւնը շարունակելու համար։ Իսկ եթէ խորհիմ հայ աշխարհը մտքիս մէջ կը պատկերացնեմ երկու հարցման բառեր «ո՞ւր» եւ «ե՞րբ»։ Եթէ հարցնէք թէ ինչո՞ւ այս երկու հարցման բառերը կու գան միտքդ, ահաւասիկ պատասխանը։ Մենք դարեր շարունակ հարցուցած բայց չենք կրցած գտնել հետեւեալ հարցումներուն պատասխանը՝ «Ո՞ւր էիր Աստուած» եւ «Ե՞րբ պիտի վերջանայ մեր չարչարանքները», «Ե՞րբ պիտի վերջանայ մեզի հանդէպ ցոյց տրուած ատելութեան վարմունքները, բարկութիւնը»։
«Ո՞ւր էիր Աստուած» հարցումը մեր ազգին ապրած եւ դեռ ուսերուն վրայ կրած սեւ օրերէն սկսեալ կը հարցուի։ Կամ պատմութիւնը ինք կը կրկնէ կամ ալ մենք գոհացուցիչ պատասխան մը չենք կրցած գտնել։ Այս հարցումը այնքան խորունկ տեղ մը կը գրաւէ մեր սիրտերուն մէջ որ այս հարցման շուրջ բանաստեղծութիւններ գրուած, երգեր եղանակաւորուած են։ Ինչպէս գրած է Արթիւր Մեսչեան՝
«Ո՞ւր էիր Աստուած երբ խենթացաւ լքուած մի ողջ ժողովուրդ,
Ո՞ւր էիր Աստուած երբ աղերսանքը մեր մարեց անհաղորդ
Ո՞ւր էիր Աստուած երբ աւերում էին չքնաղ մի երկիր
Ո՞ւր էիր Աստուած երբ խենթացած ցաւից աղաչում էինք ամէն»
Իսկ երկրորդ հարցումը «երբ»ն ալ նման «ուր» հարցումին տարիներ շարունակ հարցուցած բայց պատասխան մը չենք կրցած գտնել։ «Ե՞րբ պիտի վերջանայ պատերազմը», «Ե՞րբ Հայը խաղաղ, հանգիստ շունչ մը պիտի առնէ ատելութենէ, սպառնալիքներէ հեռու», «Ե՞րբ պիտի կարենանք ապրիլ հաշտօրէն», «Ե՞րբ մարդկութիւնը պիտի սորվի թէ 21-րդ դարուն պատերազմը լուծում մը չի կրնար գտնել հարցերուն»։
Ես ալ քանի անգամներ տարբեր տարբեր դէպքերու հետեւանքով հարցուցի այս հարցումները բայց դժբախտաբար պատասխան մը չկրցայ գտնել։ Այս օրերուն ալ նորէն օրակարգի նիւթերու, դիտած եւ կարդացած լուրերուս պատճառաւ մտքիս մէջ ալ աւելի տեղ գրաւելու սկսաւ այս հարցումները։ Տեսածներս, լսածներս այնքան ազդեցուցիչ են որ ատեն ատեն կը կարծեմ թէ պիտի խեղդուիմ։ Յետոյ պահ մը կու գայ կ՚ուզեմ բոլորին ինքզինքս, իմ ժողովուրդս պատմել բայց այս պահը կարճ կը տեւէ որովհետեւ դժբախտաբար գիտեմ թէ որքան ալ պատմեմ, պատմելու ջանամ դիմացինս ինչպէս որ տեսնալ կ՚ուզէ այդպէս տեսնելու եւ վարուելու պիտի շարունակէ։ Յետոյ կը հրաժարիմ եւ այսպէս կը շարունակէ այս անել շրջագիծը եւ նորէն մտքիս մէջը կը լենայ «երբ» հարցման բառով սկսող զանազան հարցումներ։
Յուսամ բախտը կ՚ունենանք այս հարցումին վերջնական պատասխանը գտնելու։ Քանի չգտնենք այդքան պիտի խեղդուինք այդ անպատասխան հարցումներու ծանրութեան տակ։