Այսօր, երբ աշխարհը ականատես, գոնէ ականջալուր կ՚ըլլայ, թէ հայոց մայրերու արգանդէն ի՛նչ քաջորդիներ ծնած են, կ՚արժէ խոնարհիլ այդ բառի առջեւ ու զրուցել «արգանդ» բառի եւ հայոց մտքի արգանդէն ծնած գրական զաւակներու վերաբերեալ։
Լեզուաբան եւ ստուգաբան բազմաթիւ այրեր, հայ, թէ օտար, փորձեր են «արգանդ» բառի ակունքին իջնել ու գտնել անոր ծնունդ տուող սերմը։ Կան առաջարկներ, թէ ան պտուղն է «արգ» արմատի, «երկ» բառի, դեռեւս ալ՝ սումերական «ռիկ, ռակ» բառերու։ Վերջինները կը նշանակեն՝ ստեղծել, երկնել, զաւակ բերել։ Աւելի հաւանական ըլլալ կը թուի «արգ» արմատը, քանի որ նոյն արմատով շինուած է «արգահատել» բայը։ Զարմանալի է, չէ՞։ Բառ մը, որ ծնունդ կու տայ սերունդներու, փոխաբերաբար նաեւ գաղափարներու, բայց սմուլ կը մնայ իր ստուգաբանութեան մէջ։ Հայ ռամիկը, մինչդեռ, գիտուններէն աւելի սրամիտ եւ արգասաբեր, սոսկ նկատի առնելով արգանդի պաշտելի պաշտօնը, անոր պարգեւեր էր պատկերալից հոմանիշեր, ինչպէս՝ զաւակատուն, սաղմնատուն, տղատուն, երեխատուն, Լորիի մէջ՝ խիզանատուն, ծնաման, պտղաման, սաղմնարան, որովայն, ապաւարտակ, փոր, տղին տեղը։ Իսկ հիմա յիշենք «արգանդ» բառէն ծնած քանի մը բարդ բառ. արգանդաբերան, արգանդակից, արգանդահատում, արգանդահերձում, արգանդապատ, արգանդափող, արգանդաբորբ, արգանդախեղդ, արգանդային, արգանդացաւ, արգանդաքար։
Ոսկեդարուն, մտաւոր երկունքի բեղմնաւոր օրերուն, հայկական մտքի արգանդներէն արդէն սկսեր էին հոսիլ գրական պտուղներ։ Այդ ժամանակաշրջանի կը պատկանին «Եկեալն յարգանդ» մօրն դարձեալ արգանդոյ երկրի պատրաստիե, «Ըզքեզ փառաւորէ երկիր բացեալ արգանդաւ իւրով», «Արգանդ մտաց» եւ «Արգանդ անորդի» արտայայտութիւնները, Աստուածաշունչի առաջին թարգմանութեան մէջ բառը գործածուեցաւ 47 անգամ, ներառեալ տիրական այն օրէնքը, թէ՝ (թարգմանաբար) «Ամէն արու զաւակ, որ արգանդ կը բանայ, Տիրոջ համար սուրբ պիտի կոչուի», Եղիշէ պատմիչը գրի առաւ քնարական հնչողութիւն ունեցող՝ «Արգանդ օրհնեալ», «Դալարեցաւ արգանդ» եւ «Փակեաց զարգանդ քո» արտայայտութիւնները, Եզնիկ Կողբացին յղացաւ իմաստասիրական, բարոյական բնոյթ ունեցող հետեւեալ միտքը, «Քանզի բարին եւ չար ի միում տեղի անկանել ոչ մարթէին (կարելի ըլլալ), որպէս զի ոչ գայլք եւ գառինք ի միոջէ արգանդ է ծնանին», իսկ Է. դարուն, ամենայն հայոց կաթողիկոս Կոմիտաս Աղցեցին, որ նախ քան կաթողիկոս ընտրուելը Տարօնի եպիսկոպոսն էր եւ պատմութեան մէջ յայտնի է որպէս «Շինող», եւ աւելի յայտնի՝ «Անձինք նուիրեալք» շարականով՝ «Կնիք հաւատոյ» աշխատասիրութեան մէջ գրի առաւ երեք նոր բառակապակցութիւններ՝ «Կուսական արգանդ», «Անապական արգանդ», «Սուրբ արգանդ»։ Միջնադարեան հայկական գրականութեան մէջ կան բազմաթիւ այլ հոմանիշներ- «Կոյս արգանդ», Գրիգոր Տաթեւացի, «Ամուլ արգանդ», Գրիգոր Տաթեւացի, «Անարատ արգանդ», Յովհաննէս Օձնեցի, «Ամենամաքուր արգանդ», Սիմէոն Երեւանցի, «Լուսազգեստ արգանդ», Պետրոս Սիւնեցի, «Հոգենկար արգանդ», Թեոդորոս Քռթենաւոր։ Հետաքրքրական են նաեւ՝ անապատացեալ, անսերմնական, անսերմն եւ անարօր արգանդ հոմանիշերը։
Գրական այս ժառանգութեան վրայ է, որ Ղրիմի մէջ Խաչտուր Խասպէկ Կաֆացին գրի պիտի առնէր տաղ մը ու պիտի գովաբանէր Աստուածամօր. «Պատիւ եւ փառք արարածոց, / Սիրտդ մաքուր գանձ է հոգոց, / Օրհնեալ արգանդ քո տուփ խնկոց»։
Հայկական հոգեւոր գրականութեան կամ շարականներու մէջ կը հանդիպինք «Արգանդ փակեալ» (Խրիմեան Հայրիկ, «Հրաւիրակ Արարատեան»), կամ «Դուռն փակեալ» արտայայտութիւններուն։ Անոնք կը վերաբերին Աստուածամօր կուսութեան եւ անարատ յղութեան։ Հ. Գաբրիէլ Աւետիքեանը տուաւ հետեւեալ մեկնաբանութիւնը, թէ «Տիրամօր արգանդը փակուած էր մարդկային զաւակի համար «անխախտելի ուխտիւ», մինչեւ հրեշտակի աւետումը»։ Նոյն այլաբանական պատկերը կը գտնենք Զ. դարի հեղինակ Միւնեաց Պետրոս եպիսկոպոսի «Աստուածածնի գովեստ» շարականի մէջ. «Ուրախ լեր, Մարիամ, դուռն աղխեալ, ընդ որ հրեշտակաց Տէրն մուտ եւ ել, եւ զկուսական արգանդդ ոչ ելոյծ»։
11-րդ դարուն Գրիգոր Նարեկացին խոնարհեցաւ անոր առջեւ ու գրեց. «Մի տացես ինձ արգանդ սրտի անորդի»։ Անոր գրիչին կը պատկանին նաեւ հետեւեալ միտքերը. «Արգանդ մթութեան», «Հաճեցաւ մտանել յարգանդ մայրենի Աստուածածին կուսին մաքրութեան», «Մտեալ ի սենեակ կուսին արգանդի»։
«Արգանդ» բառը նաեւ դարձաւ... անէծք, «Արգանդդ չորանայ», այսինքն զաւակ չծնիս։ Իսկ Գողթան երգիչներու օրրան Նախիջեւանի վերջին հայ ընտանիքի՝ Յարութիւնեաններու սերունդէն, Վերին Ագուլիս քաղաքի զաւակ, նկարիչ, ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին «արգանդ» բառը գործածեց տոհմիկ աւանդութիւն մը նկարագրելու համար. «Չպէտք է մոռանանք, որ մարդիկ մինչեւ 1920-ական թուականը հայ կնոջ գոգնոցի առաջ խոնարհուել են, որովհետեւ մարդը ծնւում է կնոջ արգանդից, եւ լսած կը լինէք, որ անիծում են այն կնոջը, ով վատ զաւակ է բերել՝ ասելով անիծուի արգանդդ, եւ օրհնում են արգանդը կնոջ, ով լաւ զաւակ է ծնում»։
Մեր գրականութեան մերձաւոր պատմութեան մէջ, աննախադէպ երեւոյթ, Դանիէլ Վարուժանը գովերգեց պտղաբեր արգանդը՝ մայր հողի։ Անոր ցայտուն օրինակը կարդանք «Մշակները» քերթուածի մէջ. «Երբ որ քալեն (մշակները)՝ մայր երկիրն իր արգանդէն կը սարսռայ»։ Իսհ հայոց լեռներու մէջ հայ տիկինները զարդեր շինեցին, հայրապետները՝ սկիհներ, իսկ ասպետները նետեր կոփեցին, որովհետեւ, ըստ Վարուժանի՝ «Լեռներ, լեռներ հայրենի... Արծաթն, ոսկին կ՚եռան ձեր արգանդներուն մէջ»։ Նոյն օրերուն, Ռուբէն Սեւակը, Ոսկեղջիւրի ջուրերը դիտելով հիացիկ, փառաբանեց տժգոյն օտարուհի մը. «Ո՛չ մէկ արգանդ քեզ պէս հրաշք չը ծնաւ, / Տժգոյն աղջիկ հիւսիսայգի աչքերով», իսկ Սամուէլ Աւագեանը նզովք հիւսեց մահուան դէմ. «Գարշելի՚ մահ... Դո՛ւ, թշնամին / Ապրող կեանքին... Կեանքին ծնած օրէն ի վեր, / Մինչեւ հիմա, - անթի՜ւ դարեր - / Արգանդդ դեռ / Չէ՛ կշտացեր»։
Ու վերջապէս եկաւ պոլսահայ ժամանակակից բանաստեղծ Անդան Էօզէրը, արգանդ բառին վերադարձուց ստեղծագործելու, յղանալու, երկնելու փոխաբերական իմաստները։ Բանաստեղծը, անգէտ մեր օրերու արհաւիրքին, երեք տասնեակ մը առաջ, վերանկախութեան Ոսկեդարուն, երբ մտաւոր երկունքի բեղմնաւոր օրեր էին, սրամտօրէն գրեց, թէ ինչպէ՛ս կը ծնին իր քերթուածները.
«... Շատ անգամ՝
յղի կ՚ըլլամ, յղի,
-արգանդս գլխուս մէջ-
քերթուած մը պիտի ծնիմ
կամ պատմուածք մը»։
Այսօր, սակայն, երբ ազգը կը պայքարի ափ մը հայրենի հողի եւ անոր վրայ սերունդներ ծնանելու իրաւունքի համար, դուք, յարգելի ընթերցող, աւելի քան երբէք, ինչպէս տիկին Լուսիկ Ագուլեցին՝ Նախիջեւանի վերջին հայուհին թելադրեց, խոնարհեցէք «արգանդ» բառի առջեւ եւ օրհնաբանեցէք անոր քաջազուն ծնունդները։