ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան 27 Հոկտեմբերին ուղերձով դիմեց ժողովուրդին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք որոշ յապաւումովով ու դասական ուղղագրութեամբ։
«Սիրելի ժողովուրդ,
Հայաստանի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ,
Արցախի Հանրապետութեան հպարտ քաղաքացիներ, սփիւռքի հպարտ հայութիւն.
Եղբայրներ , քոյրեր.
Արդէն մէկ ամիս է, ինչ թուրք-ատրպէյճան ահաբեկչական ուժերը պատերազմ մղած են Արցախի հայութեան դէմ։
Արցախի բանակի, քաղաքացիական բնակչութեան վրայ այս ընթացքին թափած են հազարաւոր արկեր, հրթիռներ, բաց թողնուած են հազարաւոր անօդաչու թռչող սարքեր։
Հակառակորդը յարձակուած է տանկերով, ինքնաթիռներով, ուղղաթիռներով, ատրպէյճանցիներով, ահաբեկիչներով, վարձկաններով, թուրք ու փաքիստանցի յատուկ ջոկատայիններով։
Մէկ ամիս առաջ՝ անոնք Արցախը արագ նուաճելու, Արցախը կործանելու, ծնկի բերելու խնդիր դրած էին իրենց առաջ։
Բայց այսօր Արցախը թէկուզ վիրաւոր, սակայն, կանգուն է եւ այս ամէնը առաջին հերթին մեր հերոսական բանակի, մեր հերոսական ժողովուրդի, մեր հերոսական մարդու շնորհիւ։
Այս դաժան, բայց հերոսական ընթացքը մեզ վստահութիւն կու տայ. Արցախը կանգուն է մնալու, որովհետեւ մեր ոգին անկոտրուն է, մեր կամքը անսասան։
Պատերազմը մտած է մի փուլ, երբ անոր շարունակութեան ամէն վայրկեանը տեղապտոյտի մէջ գցած է ամէն անգամ հրադադարը ուխտադրուժ կերպով խախտող հակառակորդին, փլուզելով անոր ունեցած երազանքները։
Ատրպէյճանի ռազմաքաղաքական ղեկավարութիւնը այնքան յաղթական լուրերով սնած է սեփական հանրութեանը, որ անոնք արդէն երկար ժամանակ ամէն օր, ամէն րոպէ, ամէն վայրկեան կը սպասեն Արցախի անկման, իրենց վերջնական եւ անշրջելի յաղթանակի մասին լուրին։
Ատրպէյճանի հանրութիւնը, սակայն, այդ լուրը չի ստանալու եւ այս լուրի անվերջ սպասումն է, որ քանդելու է Արցախը նուաճելու ատրպէյճանական ծրագիրները։
Արցախի ժողովուրդը, հայ ժողովուրդը, ամբողջ հայութիւնը կը կռուի անմնացորդ, ամէն ծառի, ամէն քարի, ամէն սանթիմեթրի եւ ամէն միլիմեթրի համար եւ անհրաժեշտ պահին ճշգրիտ հասցուած հակահարուածը հակառակորդի համար կործանարար փլուզման էֆեկտ կ՚ունենայ։
Հէնց այս պահը հասունցուած է Արցախի պաշտպանութեան բանակի խնդիրը եւ մենք պէտք է ամէն ինչով աջակցենք, թեւ ու թիկունք ըլլալը Արցախի Հանրապետութեանը, Պաշտպանութեան բանակին։
Մեր հնարաւորութիւնները անսահմանափակ չեն, բայց Արցախի պաշտպանութեան բանակը ունի բաւարար չափով զէնք եւ ներուժ՝ իր առաջ դրուած խնդիրները լուծելու համար։ Այո, մենք աշխարհի էջ ունինք բազմաթիւ թշնամիներ, բայց ունենք նաեւ բարեկամներ, որոնք դժուար պահին կը կանգնին, կանգնած են եւ կը կանգնեն մեր կողքին։ Շնորհակալ հայ ժողովուրդը այդ վերաբերմունքը երբեք չի մոռնար։ Երբեք չի մոռնար։
Եւ առաւելեւս այս ենթագետնին մեզ կը մնայ ամրացնել մեր կամքը, մէկտեղել մեր կամքը, սնել մեր վճռականութիւնը ու նուիրումը, առարկայացնել մեր որոշումը՝ պաշտպանելու մեր ժողովրդի, Արցախի հայութեան ինքնորոշման իրաւունքը։
Այս պատերազմը մեզմէ իւրաքանչիւրի համար պիտի դառնայ բացարձակ ու անփոխարինելի առաջնահերթութիւն ու մենք կը յաղթենք։
Այս պատերազմի ընթացքին էապէս փոխուած է ղարաբաղեան հակամարտութեան ընկալումը աշխարհի մէջ։ Միջազգային գլխաւոր դերակատարները այժմ կ՚ընդունին, բաց կը յայտարարեն, որ Ատրպէյճան ու Թուրքիան են ակրեսիֆ կողմը։ Ահաբեկիչների եւ վարձկաններու՝ Ատրպէյճանի կողմէն կռուիլը արդէն հաստատուած փաստ է աշխարհին։
Սա հնարաւոր դարձած է, այդ թիւին, մեր ճիշդ դիւանագիտական աշխատանքի, հրապարակային կառուցողական շեշտադրումներու արդիւնքին։ Անոնք ի ցոյց կը դնեն, որ Ատրպէյճանը ինչպէս առաջ, այնպէս ալ հիմա, պատրաստ չէ փոխզիջումներու, իսկ այս փաստը միջազգայնօրէն կը լեգիտիմացնէ մինչեւ վերջ պայքարելու, յաղթանակներ կերտելու եւ յաղթանակները վայելելու հայ ժողովրդի իրաւունքը։
Եկէք պայմանաւորուենք, որ մենք չենք վախնար ոչինչէն։ Թոյլ չենք տար ներքին եւ արտաքին որեւէ ուժի կասկած սերմանել ազատ եւ երջանիկ մեր ապագայի նկատմամբ։ Մենք չենք վհատուելու նոյնիսկ մեր սխալներէն, վրիպումներէն, անյաջողութիւններէն։
Այս ամէնը չի փոխեր վերը շարադրուած մեր ռազմավարութիւնը, որովհետեւ՝
Մենք պարտուել ենք, պարտուել ենք քանիցս,
Եւ տեսել քմծիծաղը ստի,
Բայց մեր կամքը ամուր է քարէն ալ,
Մեր ոգին յանձնուիլ չգիտեր։
Եւ ուրեմն՝ դուն յաղթող ես հայ ժողովուրդ։ Գնա՛ եւ վերցրու քու յաղթանակը, կանգնէ եւ կերտէ քու յաղթանակը։ Եւ վստահ եղիր, քու ընտրած կառավարութիւնը ոչ մի րոպէ ոչ մի վայրկեան չի շեղուել եւ չի շեղուելու այս յաղթանակի ճանապարհը քեզ ցոյց կու տայ իր գործէն ու պարտականութենէն։
Եւ ուրեմն,
Կեցցէ՜ Ազատութիւնը,
Կեցցէ՜ Հայաստանի Հանրապետութիւնը,
Կեցցէ՜ Արցախի հանրապետութիւնը,
Կեցցէ՜ հայոց բանակը
Եւ կեցցէե՜ն մեր երախաները, որ ապրելու են ազատ եւ երջանիկ Հայաստան, ազատ եւ երջանիկ Արցախ։ Շնորհակալ եմ»։