Արցախի Հանրապետութեան Մարդու իրաւունքներու պաշտպանի աշխատակազմը պատրաստած է երկրորդ փակ զեկոյցը ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ հայ ռազմագերիներու եւ դիակներու հանդէպ անմարդկային վերաբերմունքի դէպքերու վերաբերեալ եւ ուղարկած է բազմաթիւ միջազգային կառոյցներու։
Երկրորդ զեկոյցին զետեղուած են Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութիւններու Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու աշխատակազմերու կողմէ Հոկտեմբերի 16-25-ին արձանագրոած փաստերը հայ ռազմագերիներու եւ դիակներու նկատմամբ ատրպէյճանական զինուած ուժերու կողմէ կատարուած տարբեր բնոյթի իրաւախախտումներու վերաբերեալ։ Փաստերու վերլուծութիւնը ցոյց կու տայ, որ ատրպէյճանական զինուած ուժերու մօտ տարածուած ու խրախուսուող վարքագիծ է հայ զինծառայողներու մարմիններու ու ռազմագերիներու նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքը եւ անոր դրսեւորումներու հրապարակայնացումը։ Այդ վարքագիծը մեծապէս կը սերի ատրպէյճանում երկար տարիներ պետական մակարդակով վարուող հայատեացութեան քաղաքականութենէն։
Հաշուի առնելով, որ այդպիսի դէպքերու մասին վկայող ապացոյցները աւելի քան բաւարար են, որոնց մի մասը հրապարակուած է նաեւ միջազգային հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու ու կազմակերպութիւններու կողմէ, ինչպէս նաեւ այդ կոպտագոյն իրաւախախտումներու շարունակական ու համակարգային բնոյթը՝ Մարդու իրաւունքներու պաշտպանն կ՚ընդգծէ միջազգային հանրութեան պարտաւորութիւնը պատշաճօրէն արձագանգելու նման դէպքերուն եւ իր ունեցած գործնական լծակներով կանխարգելելու հետագայ հնարաւոր ոճրագործութիւնները։