Ստորեւ «Ակօս»ի ընթերցողներուն կը ներկայացնենք Հայաստանեան
«Սեւ Բիբար» կայքի վրայ անգլերէնով լոյս տեսած մանիֆեստի արեւմտահայերէն տարբերակը։
Թ.Թ., Մ.Ս., Ն.Ա., Փ.Հ.
Գաղութային հակամարտութեան ծագումը
Արցախեան հակամարտութիւնը՝ գաղութային քաղաքականութեան արդիւնք է, որ սկիզբ առած է սովետական վաղ շրջանին, երբ Սովետական Միութեան այդ ժամանակի ազգութիւններու ժողովրդական կոմիսար Իոսիֆ Ստալինը որոշած է նաւթով հարուստ Ատրպէյճանական ԽՍՀ-ին փոխանցել հայերով բնակեցուած Արցախը՝ այն ժամանակ սոցիալիստամետ թուացող աթաթուրքեան Թուրքիայի հետ դաշնակցութիւնը ուժեղացնելու նպատակով։ Սովետական տարիներուն՝ մինչեւ ԽՍՀՄ փլուզումը, Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզը (ԼՂԻՄ) մնաց սովետական Ատրպէյճանի իրաւասութեան տակ գտնուող ինքնակառավարուող տարածք՝ ունենալով մեծամա սնութիւն կազմող հայ եւ փոքրամասնութիւն կազմող ատրպէյճանցի, ռուս, ուկրաինացի, պելառուս, յոյն, թաթար եւ վրացի բնակիչներ։
Ժամանակակից շրջանը եւ 1988–1994 թթ. պատերազմը
Մարզի հայ բնակչութեան Ատրպէյճանի ԽՍՀ-ի կողմնակալ եւ ճնշող, գաղութատիրական քաղաքականութիւններուն տասնամեակներ շարունակ ենթարկուելէ ետք, 1988թ. Փետրուարին ԼՂԻՄ-ը Հայաստանի հետ միաւորելու պահանջով զանգուածային ցոյցեր կատարուեցան նախ մայրաքաղաք Ստեփանակերտ, իսկ այնուհետեւ՝ Երեւան։ Կարճ ժամանակ անց ԼՂԻՄ-ի մարզային խորհուրդը Սովետական Հայաստանին միանալու որոշում ընդունեց։
Ինքնորոշման այս փորձերուն, սակայն, հետեւեցան հակահայկական ցեղասպանական ջարդեր Ատրպէյճանի ծովափնեայ քաղաք Սումգայիթ, եւ այնուհետեւ Կիրովաբադ ու Պաքու, վերջինը՝ 1990 թ. Յունուարին։ Այս օրինակ լարումներն արագօրէն վերածուեցան երկու կողմերու միջեւ ընթացող զինուած բախումները, իսկ 1991թ. Սեպտեմբերի 2-ին Ստեփանակերտի մէջ հռչակուեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, որ Դեկտեմբերին հաստատուեցաւ հանրաքուէի միջոցով։ Սովետական Ատրպէյճանի կառավարութիւնը չընդունեց սա. մարզի 20% ատրպէյճանական բնակչութիւնը պոյքոտեց հանրաքուէն, որը, սակայն, ընդունուեցաւ ժողովրդավարական քուէարկութեամբ՝ ձայներու 99,98%-ի՝ անկախութեանը «կողմ» յարաբերութեամբ։
Բախումները վերածուեցան 1992–1994 թթ. ընթացող մեծածաւալ կործանիչ պատերազմի, որտեղ յետսովետական Ռուսաստանը եւ ՆԱՏՕ-ի դաշնակից ցեղասպան Թուրքիան կողմեր կը բռնէին՝ ելնելով իրենց աշխարհաքաղաքական նպատակներէն ու կայսերապաշտական ձգտումներէն, ինչը յանգեցրեց 1994թ. Բիշքեկ կնքուած արձանագրութեամբ ամրագրուած անժամկէտ զինադադարի։ Տասնեակ հազարաւոր մարդիկ, ներառեալ՝ խաղաղ բնակիչներ, սպանուեցան պատերազմի ժամանակ, տեղի ունեցան այնպիսի սարսափելի դրուագներ, ինչպիսին են ատրպէյճանցի խաղաղ բնակչութեան կոտորածը Խոճալուի մէջ։ Հարիւր հազարաւորներ տեղահանուեցան երկու կողմէն ալ, եւ նախկին ԼՂԻՄ տարածքի մեծ մասը ու յարակից 7 շրջանները անցան հայկական ուժերու վերահսկողութեան տակ։
Զինադադարին յաջորդող տասնամեակները
Զինադադարէն ետք պատերազմի՝ վարպետօրէն գործիքաւորուող վտանգը կը վերահսկէր Հայաստանի, ԼՂՀ-ի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդներուն եւ անոնց կը զրկէր ընկերային, քաղաքական եւ տնտեսական խնդիրներու վերաբերեալ ինքնավար ու ապագաղութային որոշումներու կայացումէն։ Տասնամեակներ շարունակ այս երկրներու կոռումպացուած եւ չընտրուած իշխանութիւնները կողոպտած, ճնշած եւ բռնութեան ենթարկած են մարդկանց՝ կանխելով իշխանափոխութեան որեւէ հնարաւորութիւն։
Չարաշահման ու ճնշման նման օրինակ մեթոտները՝ հիմնաւորուած պատերազմի ու հետերօհայրիշխանութեան փառաբանմամբ, կիրառուած են Հայաստանի, Ատրպէյճանի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիոյ իշխող դասակարգերու կողմէ, որոնք օգուտ են քաղել կոռուպցիայէն, ավտորիտարիզմէն, մետաղներու եւ օրկանական հանածու վառելիքի արդիւնահանումէն, զանգուածային ոչնչացման զէնքերու առեւտրէն ու վաճառքէն։ Պատերազմի ազդեցութիւնը կրող բոլոր տարածքներուն անոնք խեղդած են դասակարգերու, էթնիքութիւններու, սեռականութիւններու, լեզուներու, կարողութիւններու ու տարիքներու միջեւ երկարաժամկէտ հետազգային, հետգաղութային, հետհայրիշխանական, հակաֆաշիստական, էկոֆեմինիստական համերաշխութեան դրսեւորման ցանկացած հնարաւորութիւն։
Այս երկրներէն իւրաքանչիւրի ներսին փոքրամասնութիւն կազմող քաղաքական ընտրանիները ու իշխող դասակարգերը աւելի շատ համերաշխութիւն ցուցաբերեցին միմեանց նկատմամբ, քան թէ ճնշուած մեծամասնութիւն կազմող ժողովրդի նկատմամբ՝ բողոքները լռեցնելով փակ սահմաններու երկայնքով ընթացող՝ զինադադարի խախտումներով։ Հարուստները կաշառքի դիմաց ազատուեցան զինծառայութենէ, մինչդեռ հասարակութեան ամենաաղքատ շերտերու նորակոչիկները ենթարկուեցան բռնութեան, չարաշահման, ինքնասպանութիւն գործեցին կամ սպանուեցան ծառայութեան ընթացքին։
Հայաստանի, Արցախիի ու Ատրպէյճանի ժողովուրդները յարմարուեցան միմեանց նկատմամբ ֆաշիստական, այլատեաց հռետորաբանութեան, որում երեք սերունդ մեծցաւ՝ վերարտադրելով էթնիկ եւ կրօնական թշնամութիւնը, որ նախապէս ինչ-որ չափով կանխւում/մեղմացւում էր սովետական շրջանի «ազգային եղբայրութեան» քաղաքականութեամբ։ Ֆաշիզմը, ցեղապաշտութիւնը եւ այլատեացութիւնը առանձնայատուկ մակարդակի հասան Ատրպէյճանի մէջ՝ դրսեւորուելով պաշտօնական խօսոյթում, ինչպիսին էր, օրինակ, նախագահ Ալիեւի 2015թ. թուիթերեան գրառումը, որտեղ կը նշուէր, որ «Հայաստանը նոյնիսկ գաղութ չէ, այն արժանի չէ նոյնիսկ ծառայ լինելու»։ Անոնք դրսեւորուեցան նաեւ պետական գործունէութեան մէջ, օրինակ, երբ Պուտապեշտ ՆԱՏՕ-ի կողմէ կազմակերպուած ուսումնական դասընթացի ընթացքին ատրպէյճանցի բանակային զինծառայող Ռամիլ Սաֆարովը քնած ժամանակ կացնահարեց հայկական բանակի լեյտենանտ Գուրգէն Մարգարեանին, ապա նախագահ Ալիեւի կողմէ ներում ստացաւ, հռչակուեցաւ հերոս, եւ կոչումի բարձրացման եւ պարգեւատրումներու արժանացաւ։
Մինչ Ատրպէյճանը կը շարունակէ մնալ բռնապետական պետութիւն, Հայաստան մարդիկ փորձեցին դուրս գալ արատաւոր շղթայէն եւ 2018-ին նախաձեռնեցին բողոքի շարժում, որ յանգեցրեց իշխանութեան խաղաղ փոխանցմանը աւազակապետական օլիկարխիայէն նորազատական դրութիւն։ Նոր ձեւաւորուած ժողովրդավար կառավարութիւնը բազմաթիւ, թէեւ ոչ բաւարար, փորձեր կատարեց կողոպտուած հանրային ռեսուրսները վերականգնելու համար։ Այդուհանդերձ, պուրժուա-դեմոկրատական ազգային «յեղափոխութիւնը», որը չի դիմադրեր եւ չի ժխտեր հայրիշխանական, գաղութարար, նորազատական կապիտալիստական եւ հակաբնապահպանական համակարգը, որ կը ցուցաբերէ հաստատութենական դիմադրութիւն աշխատանքային իրաւունքներու հատուա ծային շարժումներու կամ հանքարդիւնաբերութիւնը մերժող էկոֆեմինիստական, արմատաբուխ, համայնքային դրսեւորումներու նկատմամբ, դատապարտուած է ձախողման եւ վաղ թէ ուշ ետդարձի վտանգին։ Անձնիշխանական տարածքաշրջանային ուժերը, անշուշտ, ջանասիրաբար կ՚աշխատին այդ ետդարձի ուղղութեամբ։ Եթէ ոչ պետական յեղաշրջման, ապա, գուցէ, պատերազմի միջոցով։
2020թ. պատերազմը
2020թ. Սեպտեմբերի 27-ին ատրպէյճանական տիքտաթէօրական ռեժիմը Թուրքիոյ աջակցութեամբ կատաղի պատերազմ սկսեց՝ քաղաքական նպատակ ունենալով «վերջ դնել հայկական օկուպացմանը» եւ վերականգնել իր «տարածքային ամբողջականութիւնը»։ Թէ ով սկսեց յարձակման, ոչ մեկնաբանման, ոչ էլ կարծիքի հարց է, ինչպէս առաջարկում են բազմաթիւ կեդրոնամետ «անկողմնակալ» տեսակէտներ։ Այդ արձանագրման հարց է պարզապէս։ Գտնուելով տնտեսական ու քաղաքական փակուղիի մէջ, որն աւելի է սրուել այս տարուայ Մարտին նաւթի միջազգային գների անկումով՝ Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւի անձնիշխանական ռեժիմը, կը թուի թէ, որոշած է եւս մէկ անգամ խաղալ պատերազմի ու ազգայնականութեան իր վերջին խաղաքարտով՝ մարդկանց ուշադրութիւնն այդպիսով շեղելով Արցախի վրայ։
Թուրքիան, հետեւելով իր նորօսմանական ծաւալապաշտական մօտեցմանը, հակամարտութեան յստակ կողմ է, Ատրպէյճանի կողքին է թէ՚ դիւանագիտօրէն եւ թէ՚ ռազմադաշտը՝ մատակարարելով ոչ միայն զէնքեր եւ փորձագիտական անձնակազմ, այլեւ առնուազն մի քանի հարիւր վարձկաններու Սուրիայէն։ Էրտողանի ռեժիմը կը փորձէ ոչ միայն կազմաքանդել ԵԱՀԿ Մինսկի խմբի ձեւաչափը եւ իրեն խնդրի մէջ մտցնել տարածքաշրջանում ասելիք ունենալու նպատակով, այլեւ նոր միջնորդաւորուած ռազմաճակատ բացել Ռուսաստանի հետ՝ ապակայունացնելով վերջինիս ազդեցութեան տակ գտնուող հերթական տարածքաշրջանը, ինչի նպատակն էլ այլ գաղութային ճակատներուն, մասնաւորապէս՝ Սուրիայի եւ Լիբիայի մէջ շահաբաժին կորզելն է։ Աւելին, Էրտողանի ռեժիմի համար սա կարող է նշանակութիւն ունենալ նաեւ տեղական մակարդակով, քանի որ տարիներ շարունակ թուրքական ծաւալապաշտութիւնը եւ նորօսմանական նկրտումները՝ դիմադրել փորձող քաղաքական ընդդիմախօսներու եւ հակաֆաշիստական խմբերու նկատմամբ դրսեւորուող ճնշումներով ագուցուած, Էրտողանին եւ իր իշխանութեանը ծառայած են իբրեւ վաւերականութեան աղբիւր եւ մարդկանց ուշադրութիւնը շեղած են նորազատական տնտեսական քաղաքականութիւններու ու կանգ չառնող սեփականաշնորհումներու կործանարար ազդեցութիւններէն։ Ատրպէյճանի իշխող նաւթատոլարային դասակարգը բացէ ի բաց ողջունեց թուրքագերիշխանական հարցացոյցը. «մէկ ազգ, երկու պետութիւն» կարգախօսը ոչ այլ ինչ է, քան ատրպէյճանցիներու հարկադրուած ստորադասութիւն Թուրքիայի քաղաքական էլիտային։
Ռուսաստանը, միւս կողմէ, տասնամեակներ շարունակ զինելով երկու երկրները եւ հակամարտութիւնը օգտագործելով իր սեփական քաղաքական ու տնտեսական ազդեցութիւնը աւելացնելու նպատակով, հաւանաբար ակնկալում է, որ Հայաստանը կզիջի իր քաղաքական եւ տնտեսական ինքնիշխանութեան մնացուկները եւ թաւշեայ յեղափոխութեանը յաջորդած ժողովրդավարական առաջխաղացումներու մի մասը՝ խաղաղութեան դիմաց։
Երկու կողմէն միմեանց մասին հաղորդուող ռազմական կորուստներու թիւերու համաձայն՝ տասնեակ հազարաւորներ արդէն տեղահանուած կամ սպաննուած են այս պատերազմի պատճառով։
Պատերազմին յաղթողներ չկան
Պատերազմը «յաղթանակ» չունի ոչ մէկու համար, բացի անոնցմէ, որոնք շահոյթ կը ստանան անկէ։ Պատերազմի փառաբանումը խոր արմատներ ունի հայրիշխանական հետերոնորմատիվ համակարգի թունաւոր առնականութեան մէջ, որի յաւերժացումը կախուած է ինքնին պատերազմի գոյութենէն ու անոր գաղափարաբանական հեգեմոնիայէն։ Պատերազմը կը ջնջէ բոլոր հակակապիտալիստական, հակառազմատենչ, հակաֆաշիստական, հակառասիստական, բնապահպանական, ֆեմինիստական ու քուիր պայքարները։ Հայրիշխանական ու ազգայնական ամենաթափանց խօսոյթները կը դառնան ոչ միայն գերիշխող, այլ նաեւ պարտադիր, եւ հիմնահոսից ցանկացած շեղում կը դիտուի որպէս պատժի ենթակայ դաւաճանութիւն «ազգ-պետութեանը» եւ «ազգ-բանակին»։
Սովետական Միութիւնը խաղաղաշինական լուծում չէր, այլ ինքնին խնդրի մասն էր։ Արեւմտեան կապիտալիստական համակարգի ճիշդ նմանութեամբ՝ այն աքթիւօրէն նպաստել է «Մարդու» մարդակեդրոն եւ գաղութարար վերադասութեան, որը դրսեւորուած է գիտական առաջընթացում, ռազմաարդիւնաբերական ծաւալապաշտութեան ու զէնքի առեւտրում, աշխատուժի շահագործման, մարմնի ու մտքի կարգապահութեան ու վերահսկման մէջ։
Ապագաղութային, հակաֆաշիստական ու հակառազմատենչ էքօֆեմինիստական գործողութեան ժամանակն է
Մենք կոչ կ՚ընենք Ատրպէյճանին դադարեցնել յարձակումը. այս հակամարտութիւնը չի կարող ունենալ ռազմական լուծում։
Մենք կոչ կ՚ընենք ազգի եւ տարածքի գաղափարաբանական շրջանակը փոխարինել մարդկանց ու իրաւունքներու գաղափարաբանական շրջանակով։ Մարդկա՚նց իրաւունքներ, ոչ թէ պետութիւններու։ Չի կարելի հակամարտութեան շարունակել նայել սոսկ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի օրէնքապաշտ հասկացութեան միջով։
Մենք կոչ կ՚ընենք ճանաչել Արցախի ինքնորոշումը։ Պոլշեւիքներու կողմէ 20-րդ դարի սկզբին գծուած եւ անկախ Ատրպէյճանի կողմէ վերահաստատուած սահմանները երբեք չեն արտացոլել Արցախի մեծամասնութեան իրաւունքները։ Անոնք պայմաններ են ստեղծած տարածքաշրջանին անդադար շարունակուող պատերազմի, այնուհետեւ՝ բնակչութեան տարհանման եւ յարակից տարածքներէն կազմուած բուֆերային տարածքի ստեղծման անհրաժեշտութեան համար։
Մենք կ՚ընդգծենք բոլոր փախստականներու՝ իրենց տուները վերադառնալու իրաւունքի եւ անոնց ինքնորոշման իրաւունքի կարեւորութիւնը ապառազմականացման, հասարակութիւններու՝ միմեանց նկատմամբ տածած ատելութեան ախտահանման, անվտանգութեան ամուր երաշխիքներու առկայութեան եւ տարածաշրջան խցկուող ֆաշիստական կայսերապաշտական ուժերու սանձման պայմաններով (Ատրպէյճանցի փախստականներուն 7 յարակից շրջաններէն, ԼՂԻՄ-էն ու Հայկական ԽՍՄ-էն եւ հայ փախստականներուն Շահումեանէն, Պաքուէն, Սումգայիթէն, Նախիջեւանէն ու ատրպէյճանական այլ քաղաքներէն)։
Մենք կոչ կ՚ընենք վար դնել ծաւալապաշտական եւ մաքսիմալիստական դիրքաւորումները՝ յօգուտ հետազգայնական դիրքաւորումներու։
Մենք նախկին ցեղասպանութիւններու ու ջարդերու, մասնաւորապէս՝ հայոց ցեղասպանութեան, Շուշիի կոտորածի, Սումգայիթի, Կիրովաբադի, Պաքուի ջարդերու ու Խոճալուի կոտորածի բազմակողմանի ճանաչման եւ փոխ հատուցման կոչ կ՚ընենք՝ յանուն նորերի կանխման։
Մենք մեր համերաշխութիւնը կը յայտնենք Ատրպէյճանի, Թուրքիայի եւ այլ երկրներու ընկերներուն այս պատերազմի դէմ իրենց ձայնը բարձրացնելու համար։
Մենք համաշխարհային խաղաղութեան ու ապառազմականացման կոչ կ՚ընենք։ Մետաղներու հանքարդիւնաբերութեամբ ու օրկանական հանածոյ վառելիքով հովանաւորուող գաղութային ռազմարդիւնաբերական համալիրը եւ զէնքի վաճառքը վերացնել է պէտք։
Մենք համերաշխութեան ու խաղաղ համագոյութեան կոչ կ՚ընենք՝ սահմաններն ու ինքնութիւններէն այն կողմ, ու ճնշուած դասակարգերու միջեւ։
Մենք կոչ կ՛ընենք ընդունիլ թէ՚ մարդկային, թէ՚ ոչ մարդկային կեանքի յարգման իրաւունքը՝ որպէս տիրապետող քաղաքական սկզբունք։
Մենք միջազգային պայքարի կոչ կ՚ընենք՝ ընդդէմ ֆաշիզմի, կապիտալիստական համակարգի եւ անոր գործակալ տիքտաթէօրներու ախորժակներու՝ մեր տարածաշրջանին ու անկէ անդին։ Մենք կը ժխտենք ամբողջատիրութիւնն ու անոր քարոզչութիւնը իր բոլոր ձեւերով։
Մենք կ՚երազենք յետազգայնական, բազմազան կենսակայուն համակեցութեամբ եւ կեանքն արժեւորող քաղաքական էկոլոքիայով Կովկասի մասին՝ ինքնակառավարուող ու ինքնավար ինթերնացիոնալիստական համայնքներու ստեղծման միջոցով։
Յ.Գ. Ընթերցողների արձագանգը ստանալուց յետոյ կ՚ուզէինք մի դիտարկում անել. ինչպէս նշել են որոշ ընթերցողներ, «յարակից տարածքներից կազմուած բուֆերային տարածքի ստեղծման անհրաժեշտութիւն» արտայայտութիւնը, որն իրականում գրուել է որպէս պատմական նարատիվի մաս, կարող էր դիտուել իբրեւ պնդում այդ իրավիճակի մշտատեւ անշրջելիութեան մասին։ Նման կերպ ընկալած ընթերցողներին հրաւիրում ենք (վեր)ընթերցել այս նախադասութեանն անմիջապէս հետեւող պարբերութիւնը, որը պէտք է որ հարթի թիւրըմբռնումը։