Անցեալ շաբաթ, յարգելի ընթերցող, ստուգեր էինք «պատասխան» բառի արմատները։ Տեսեր էինք, թէ այդ բառը հարուստ էր իր բազմաթիւ, պատկերալից արտայայտութիւններով, ինչպէս՝ «կտրուկ, խիստ, համապատասխան, համաչափ, անհամաչափ» պատասխաններ։ Պատճառը այն էր, թէ հայը դարերու ընթացքին հարկադրուած էր ստնձգողին եւ անիրաւին արժանի պատասխան տալ։
Իսկ այսօր, երբ հայը կը շարունակէ իր հակառակորդներու համարձակութիւններուն պատժիչ պատասխան տալ՝ փափաքեցայ Արցախի պատմութեան խորերէն դուրս հանել պատասխան-նամակ մը ու այդ ձեւով կրկին հաղորդուիլ մեր նախնիներու քաջ ոգիով։
Հարաւային Արցախի իշխան Եսայի Ապումուսէի պատասխանն է ան, ուղղուած՝ արաբ զօրավար Բուղային։ Որքան պատմական, նոյնքան ալ գրական բարձր արժէք ունի այդ պատասխան-նամակը։ Բնագիրը գրաբար է։ Ես փորձեմ աշխարհաբարի վերածել, ու զայն ներկայացնել պատմական անհրաժեշտ տեղեկութիւններու մէջբերումով։
Այս պատասխան-նամակը ունի նախապատմութիւն։ Եսայի Ապումուսէն 940-ական թուականներուն իր տիրոյթներուն կը միացնէ ժառանգաբար ստացած բազմաթիւ կալուածներ եւ գաւառներ, ու կը դառնայ հարաւային Արցախի ամենահզօր իշխանը։ Խաղաղասէր է։ Բայց երբ հարկ եղաւ՝ ցոյց կու տայ իր լեռնցի խիզախութիւնը եւ զօրավարական տաղանդը։ 850 թուականին Հայաստան կը ներխուժէ արաբ զօրավար Բուղան, 853-ին կ՚արշաւէ Արցախի վրայ։ Որոշ նուաճումներէ յետոյ, Բուղան խոխորտալով թուղթ կ՚ուղարկէ Եսայի իշխանին, որ կամաւոր գայ իր ոտքին, յանձնուի իրեն։ Իշխանը նախ կ՚ապահովէ բնակիչները՝ կիները եւ երեխաները լեռներ կ՚ուղարկէ, ապա իր զօրքով կ՚ամրանայ Տողասարի Քթիշ անառիկ ամրոցին մէջ։ Ահա այդ ամրոցէն է, որ իր յայտնի պատասխան-նամակը կ՚ուղարկէ Բուղային ու կ՚ըսէ. «Քու ձեռքդ է խաղաղութիւնը եւ խռովութիւնը»։ Եթէ, ինչպէս ըսի, հեռանաս՝ խաղաղութիւն է, թէ ոչ՝ պատերազմ եւ կռիւ եւ ճակատամարտ։
Սիրելի ընթերցող Քթիշ ամրոցի պատասխանը ռազմաշունչ է, բայց խիստ բանաստեղծական, սարսափեցնող է, բայց խիստ քնարական, խոցոտիչ է, բայց խիստ գեղարուեստական։ Ասիկա է պատճառը, որ ան մինչեւ այսօր կը վերահրատարակուի հին հայկական բանաստեղծութեան գանձարաններու եւ ժողոուածուներու մէջ։ Այժմ, լսենք այդ «Պատասխան»էն պատկերալից տողեր եւ ստանանք պատմական ընտիր գիտելիքներ.
«Պատասխանի առ ոստիկանն Արաբաց Բուղա»
Դուն նպատակ՝ եւ աղեղն իմ խոցոտիչ,
դուն ախոյեան (հակառակորդ)՝ եւ մանկունք իմ յաղթանակ,
դուն ոսոխ՝ եւ զօրք իմ դատապարտիչ.
քու պատերազմդ՝ եւ մեր յաղթութիւնը,
քու մարմինդ՝ եւ իմ նիզակս,
քու պարանոցդ՝ եւ իմ սուսերս...
Պատմութիւնը, որ կը փոխանցեմ, յիշուած է 10րդ դարու պատմիչ Թովմա Արծրունիի «Պատմութիւն Տանն Արծրունեաց» եւ «Պատմութիւն Աղուանից Աշխարհի» (Մովսէս Կաղանկատուացի կամ՝ Մովսէս Դասխուրանցի) աշխատասիրութիւններուն մէջ։ Երկու գիրքերն ալ կը պարունակեն Արցախի պատմութեան վերաբերեալ հարուստ տեղեկութիւններ։
Քու ստացուածքդ՝ եւ մենք ժառանգորդներ,
Քու աւարդ՝ եւ մենք աւարառուներ.
Դուն աւազակ՝ եւ մենք կողոպտիչներ...
Առաջին անգամ բանաստեղծ, բանասէր Ասատուր Մնացականեանն է, որ նկատած է «Պատասխան»ի գրական արժէքը. «... Թշնամու դէմ- յանդիման գրուած այս բոցաշունչ նամակը տեղ-տեղ ներքին ոգեւորուածութիւնից վեր է ածւում ազատ բանաստեղծութեան՝ հանդիսանալով այդ ժամանակներից մեզ հասած գրականութեան ամենաուշագրաւ նմոյշներից մէկը»։
Դուն եղէգ՝ եւ մենք հուր դիւրածախ,
Դուն յարդ՝ եւ մենք դիւրափուչ հով,
Դուն ծաղիկ՝ եւ մենք խորշակ թառամեցուցիչ,
Դուն անդ պտղալից՝ եւ մենք ապականարար կարկուտ...
Բուղան բանակ կը հաստատէ բերդի արեւելեան պարիսպներու առջեւ։ Ունի 200 հազար զինուոր։ Շինել կու տայ հսկայ բաբաններ, կը հաստատէ զինուորական ճամբարներ։ (Այդ ճամբարներու հետքերը Տող գիւղի մօտակայքին են)
Դուն շինուած՝ առանց հիման,
եւ ես հեղեղ՝ հիմը ի վեր տապալող,
Բուղայի առաջին յարձակումը կը մնայ ապարդիւն։ Արծուաբոյն է Քթիշը։ Յարձակում 2, 3, 4... Անառիկ է Քթիշը... 5, 7, 9... Անթափանցելի է Քթիշը։
Դուն գէշ՝ զօրքն իմ պատառիչ գազան,
որ կը պատռէ քու սրտիդ առագաստը...
Բուղան կատղած՝ կը հրամայէ նոր յարձակումներ, 10, 15, 20..., բայց, կը ստանայ նոյն համապատասխան պատասխանը։ Արցախի քաջերը ետ կը շպռտեն ամբարտաւանները։ Եսային ամէն անգամ յաղթական դուրս կ՛ելլէ ճակատամարտէն։
Դուն խաղալիք՝ եւ մենք մանուկ,
ձեռք առնելով քու զօրութիւնդ՝
խաղալով խաղանք քեզի հետ...
Կ՚անցնի մէկ տարի։ Հակառակորդը կը ձեռնարկէ յուսահատ յարձակումներու... 25, 26, 27։ Բուղան իր պատիւը փրկելու համար կ՛որոշէ վերջին արշաւանք մը կատարել, 28-րդը։ Կը հրամայէ, որ իր զինուորները գունդ առ գունդ լեռ բարձրանան։ Սակայն Եսային նախայարձակ կը գտնուի. արեւածագէն առաջ հայկական զօրքը դուրս կ՚ելլէ ամրոցէն, նիզակի պէս կը սուրայ թշնամիի վրայ։ Բուղան պարտուած՝ նամակ կ՚ուղարկէ Պաղտատի խալիֆին՝ կը խոստովանի, թէ անպարտելի է Քթիշի արծիւը։
Դուն երէ վայրի՝ եւ մենք որսորդ,
Դուն թռչուն՝ եւ մենք բարձունքէն վար կ՚իջեցնենք
եւ գետին կը ձգենք.
Եսային հիմնադիրն է Արցախի հինգ իշխանութիւններէն Դիզակի մելիքութեան։ Դիզակը մօտաւորապէս Արցախի հարաւային մէկ երրորդն է, որ հարաւէն սահմանուած է Արաքս գետով։ Դիզակի նստավայրն էր Տող աւանը։ Տողը վերջին տարիներուն սկսեր էր ապրիլ վերածնունդի շրջան մը։ Տողի մէջ է, որ 2014 թուականէն ի վեր կը տօնէին արցախեան գինիներու միջազգային փառատօն մը, ու բացուեր էր տուն-պանդոկ մը։ Եսայի իշխանէն յետոյ Դիզակի իշխողները եղան անոր շառաւիղները՝ Մելիք-Եկանեանները։ Վերջին տարիներուն կատարուած պեղումներու շնորհիւ ալ յայտնաբերուած էր 18րդ դարու զօրաւոր իշխան Մելիք Եկանի 1737 թուականին շինած պալատական համալիրը։ Պալատը վերջերս վերանորոգման մէջ էր ու կը պատրաստուէր զբօսաշրջութեան ծառայելու։
Դուն վիշապ ծովական՝ եւ մենք կարթ՝
քու քիմքէդ վեր կը քաշէնք քեզ անդունդներու խորերէն.
եւ դուն իբրեւ զեղջերու առանց եղջիւրի՝
եւ մենք արծիւ քու վրադ, քու աչքերուդ կուրացուցիչը։
Եւ քու գէշդ կը նետենք մեր ձագերուն
եւ ծակերու մէջ բնակող աղուէսներուն։
Հարուստ է «պատասխան» բառը հայոց լեզուի մէջ, բազմատեսակ, պատկերալից, քանզի հայը փորձուած ժողովուրդ է, անցած է բոլոր չարիքներու բովէն ու երբ հարկ եղաւ՝ տուաւ համապատասխան պատասխաններ, թէ քնարական եւ թէ՝ ահաբեկող։