Իր դէմ գործուած մահափորձէն մօտ 5 տարի անց 21 Հոկտեմբերին Տիյարպէքիրի մէջ կայացաւ Թահիր Էլչիի սպանութեան դատավարութեան առաջին նիստը։
Թահիր Էլչի իբրեւ Տիյարպեքիրի Փաստաբաններու Կաճառի նախագահ մամլոյ յայտարարութիւն մը ընելու պահուն սպաննուած էր։ Սպանութիւնը կատարուած էր խուճապի մթնոլորտի մը մէջ եւ չէր պարզուած զինք սպաննող գնդակը արձակողը։ Տիյարպեքիրի Փաստաբաններու Կաճառը տեսնելով ոճիրին անորոշութեան մատնուելու միտումը, յամառ աշխատութիւն տարաւ դէպքը լուսաբանելու ուղղութեամբ։ Կաճառի ջանքերով պահը նկարագրող բազմաթիւ տեսանիւթեր ուղղարկուեցան Լոնտոն, Արդարադատական Ճարտարապետութեամբ զբաղուող աշխատանոց մը, որուն ղրկած տեղեկագիրը հիմք հանդիսացաւ սոյն դատավարութեան մեկնարկման։ Տեղեկագիրը մատնացոյց կ՚ընէր երեք ոստիկաններ, որոնք բազմաթիւ անգամներ կրակած են իրենց ատրճանակները եւ շատ հաւանական է, որ Էլչին սպաննուած է այդ ատրճանակներէն մէկէն ելլող փամփուշտի մը հետեւանքով։ Ցարդ չէ յայտնաբերուած Թահիր Էլչիի մահուան պատճառ դարձող գնդակը։
Այս պայմաններու մէջ կայացող դատական նիստի ընթացքին մեղադրեալ երեք ոստիկանները կը բացակայէին դահլիճէն։ Էլչիի ընտանիքի պաշտպանեալները նախապէս առարկած էին այս դրութեան դէմ, բայց դատակազմը նկատի չէր ունեցած այդ առարկութիւնները։
Նիստը կայացաւ Տիյարպէքիրի ամենաընդարձակ դատական դահլիճին մէջ, որ ունէր 500 անձեր ընդունելու կարողութիւն։ Սակայն համավարակի կանխամիջոցներու բերմամբ դահլիճ ընդունուեցաւ միայն 85 անձեր։ Ինչպէս կը պատահի յաճախ արգիլուեցան ընդդիմադիր լրագիրներու թղթակիցներուն դահլիճ մուտքը։ Անոնք դատական գործընթացին հետեւեցան մասնակից փաստաբանները լսելով։
Դատակազմի աշխատաձեւը ընդվզում յառաջացուց իրաւապաշտպաններու մօտ եւ այս վերջիններս մերժեցին դատակազմը պահանջելով որ նոր դատակազմ մը պատրաստուի։ Փաստաբաններու այս պահանջը պիտի քննարկուի Տիյարպէքիրի 11-րդ Եղեռնադատ Ատեանի կողմէ եւ յաջորդ նիստը պիտի կայանայ 3 Մարտ 2021 թուականին։