Թուրքիոյ Խորհրդարանի ԱՔՓ կուսակցութեան շարքերէն ընտրուած Մարգար Էսայեանի յուղարկաւորութիւնը կը կայանայ 22 Հոկտեմբեր Հինգշաբթի ժամը 14.00-ին Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ։ Մարգար Էսայեան միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր քաղցկեղէ, որու հետեւանքով մահացաւ 16 Հոկտեմբեր Ուրբաթ օր իր դարմանուած հիւանդանոցին մէջ։ Հանրապետութեան Նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան այս մասին սոցցանցերու մէջ յայտնեց իր կսկիծը եւ ցաւակցութիւնը յայտնեց 51 ամեայ Էսայեանի մերձաւորներուն։
Էսայեան ծնած է 1969-ին Իսթանպուլ։ Նախնական ուսումը ստացած էր Պոմոնթիի Մխիթարեան վարժարանը եւ ապա աւարտած Կեդրոնականը։ 1995-ին աւարտեց Անատոլու Համալսարանի Գործակալութեան բաժինը եւ «Պիլկի» համալսարանի Մշակութային Ուսումնասիրութեան բաժնի մէջ աւարտեց բարձրագոյն կրթութիւնը։ Որպէս յօդուածագիր 2001-2008 տարեթիւերուն աշխատակցեցաւ «Ակօս»ին։ Ապա որպէս սիւնակագիր 2008-ին սկսաւ գրել «Թարաֆ» թերթի մէջ։ Նոյն պաշտօնը շարունակեց նաեւ «Եէնի Շաֆաք» եւ «Տէյլի Սապահ» թերթերու էջերուն վրայ։ 2015-ին Արդարութիւն եւ Զարգացում Կուսակցութեան շարքերէն պատգամաւոր ընտրուեցաւ։ Ընտանիքի փափաքին համաձայն Անգարայի մէջ արարողութիւն մը պիտի չկատարուի։ Յուղարկաւորութիւնը պիտի կայանայ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ միայն ընտանեկան պարագաներու եւ պետական աւագանիի մասնակցութեամբ։