ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՊԱՏԱՍԽԱՆ

«Համա­չափ պա­տաս­խան է լի­նելու», «Խիստ պա­տաս­խան պի­տի տալ, որ շատ ցա­ւոտ լի­նի», «Պա­տաս­խա­նը լի­նելու է ան­հա­մաչափ ու խիստ», «Հա­յաս­տա­նը եւ Ար­ցա­խը հա­մար­ժէք ռազ­մա-քա­ղաքա­կան պա­տաս­խան կը տան»։ Ահա, հայ­կա­կան մա­մու­լը եւ լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րը վեր­ջին երեք շա­բաթ­նե­րու ըն­թացքին ողո­ղած վեր­նա­գիր­նե­րու քա­ռեակ մը...։ Երբ հա­յը այժմ «հա­մապա­տաս­խան», «հա­մաչափ» եւ «ան­հա­մաչափ» պա­տաս­խան կու տայ իր դէմ ցոյց տրո­ւած հա­մար­ձա­կու­թիւննե­րուն եւ ոտնձգու­թիւննե­րուն, յար­մար է որ խօ­սինք «պա­տաս­խան» բա­ռի վե­րաբե­րեալ։ Ձեզ, յար­գե­լի ըն­թերցող, կը վստա­հեց­նեմ, թէ շատ հին է այս բա­ռը, ուստի հա­մապա­տաս­խա­նօրէն ծա­ւալուն է հա­կառա­կոր­դին տրո­ւած ար­ժա­նի պա­տաս­խաննե­րու պատ­մութիւ­նը։ Փոր­ձեմ հա­մառօ­տել զայն ու ձե­զի ցոյց տալ, թէ գրա­կան-գե­ղարո­ւես­տա­կան ի՛նչ պա­տաս­խաններ տո­ւեր է հայ միտքն ու գրի­չը ընդդէմ չա­րին։

«Պա­տաս­խան» բա­ռը նախ­նա­պէս «պատ­սա­խան» էր։ Ըստ հայ եւ օտար ստու­գա­բաննե­րու օտա­րամուտ է։ Ոս­կե­դարուն ան դար­ձաւ «պա­տաս­խա­նի»։ Աս­տուածա­շունչի մէջ տեղ գտաւ կէս հա­զար «պա­տաս­խա­նի», ինչպէս՝ «Պատ­րաստ իցէք տալ պա­տաս­խա­նի»։ Նշեմ, թէ Ոս­կե­դարուն գո­յու­թիւն ու­նէր նաեւ «պա­տաս­խա­նատուու­թիւն» գո­յակա­նը։ Աս­տո­ւածա­շունչը կ՚ըսէ. «Զի որք պա­հեցին սրբու­թեամբ զսրբու­թիւն՝ սրբես­ցին. եւ որք ու­սա՚ն զնո­սա՝ գտցեն պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն»։ Գրա­բար հա­յերէ­նը հա­րուստ էր նաեւ «պա­տաս­խա­նի» ար­տա­յայ­տութիւննե­րով, ինչպէս «պա­տաս­խա­նի առ­նել», «ըն­դունել զպա­տաս­խա­նի», «ի պա­տաս­խա­նի նա­մակիդ», «չիք պա­տաս­խա­նի...»։

Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին 11-րդ դա­րուն Վա­նայ լի­ճի ափին խո­հուն նստած՝ աղօթքներ առա­քեց Աս­տուծոյ։ Բա­նաս­տեղծ սուրբը, երկրա­ծին մարդ, ան­հա­մար ախ­տա­նիշեր կռե­լով իր մէջ, կը մտա­ծէր, թէ ի՛նչ երե­սով պի­տի ներ­կա­յանար Վե­րինի դա­տաս­տա­նին ու պա­տաս­խան տար։ Սուրբը գրեց. «Ի պա­տաս­խա­նու­թեանն պա­հու պա­պան­ձեալ կար­կիմ»։ (Այժմ, նոյն մտա­տան­ջութիւ­նը ու­նին, մի՛ կաս­կա­ծիք, անոնք, որոնք ռմբա­կոծե­ցին սպի­տակա­փայլ մէկ եկե­ղեցի, ուր Աս­տուծոյ հրեշ­տակնե­րը կը բնա­կէին ու կ՚եր­գէին) Նա­րեկա­ցիի հո­գեկան տագ­նա­պը Պոլ­սոյ մէջ ապ­րե­ցաւ Երե­միա Չէ­լէպի Քէօմիւրճեանը։ Ան ալ չէր գի­տեր, թէ ի՛նչ պա­տաս­խան պի­տի տար Մեծ ատեանին առ­ջեւ. «Հո­գին սար­սա­փեալ դո­ղայ՝ ի մուտն իւր ահեղ դա­տաս­տան, / Թէ զի՚նչ տա­ցէ պա­տաս­խան ՝ յա­նաչառ ի մեծ յա­տեանն այն»։

Ուշ միջ­նա­դարուն բա­ռը դար­ձեր էր «պաց­խուն», իսկ աշուղ Նա­հապետ Քու­չա­կի հայ­րեննե­րու մէջ կայ անոր մէկ այլ ձե­ւը՝ «պա­տըս­խուն». «Ա՚ռ զիս ի ծոցդ ի քուն, / Կամ արա՚ զու­հալ պա­տըս­խուն»։ Բար­բառնե­րու մէջ բա­ռը ու­նե­ցաւ այլ տար­բե­րակ­ներ. Մշոյ եւ Ալաշ­կերտի մէջ՝ «պա­դաս­խան», Սե­բաս­տիոյ մէջ՝ «բա­դաս­խան», Զէյ­թունի մէջ՝ «բա­դաս­խօն»։ Ժա­մանա­կակից գրա­ւոր հա­յերէ­նի ար­շա­լոյ­սին բա­ռը առաւ իր վեր­ջին ձե­ւը՝ «պա­տաս­խան»։

Ար­ջի, փի­ղի, գայ­լե­րու եւ այլ գա­զանա­կերպ վոհ­մակնե­րու բազ­մա­թիւ ան­գամներ ար­ժա­նավա­յել եւ հնա­րամիտ պա­տաս­խաններ տո­ւած հա­յը, պէտք չէ զար­մա­նալ, զար­գա­ցուց «պա­տաս­խա­ն»ով շի­նուած բարդ բա­ռերու փոք­րա­թիւ, բայց դի­պուկ բա­ռապա­շար մը. պա­տաս­խա­նագիր, պա­տաս­խա­նարան, պա­տաս­խա­նատու, պա­տաս­խա­նորդ, պա­տաս­խա­նող, ան­պա­տաս­խա­նատո­ւու­թիւն, ելն.։

«Պա­տաս­խան» բա­ռը մե­րօրեայ ռազ­մա-քա­ղաքա­կանա­ցու­մէ շատ առաջ քնա­րական բոյր ու­նէր։ Միջ­նա­դարեան սի­րաբա­նու­թիւննե­րու մէջ վար­դը կը պա­տաս­խա­նէր սո­խակի դայ­լայլին, սո­խակն ալ կը փո­խադար­ձէր անոր։ Ահա գեղ­գե­ղանք մը տա­ղասաց Կա­րապետ դպի­րէ. «Վարդն նմա զայս պա­տաս­խան տայ, / Թէ՝ Սար­սեալ դո­ղամ, երբ հովն կու գայ, / Ձայն է ար­ձա­կեր, կու կան­չէ՝ Վա՜րդ, վա՜րդ, / Վա՜րդ, վա՜րդ, դու զո­ւարդ / Ես պիւլպիւլ, դու վարդ»։ 1401 թո­ւակա­նին, երա­ժիշտ, բա­նաս­տեղծ Առա­քել Բա­ղիշե­ցին, այն ժա­մանակ քսա­նամեայ սի­րատո­չոր տղայ, գրի առաւ մէկ այլ սի­րաբա­նու­թիւն, ուր սո­խակը կ՛ու­զէր երկնի ցօ­ղով զար­դա­րել վար­դին։ Եր­կխօ­սու­թիւնը կը շա­րու­նա­կէ հե­տեւեալ ձե­ւով. «Վարդն ի բլբուլն զայս պա­տաս­խան առ­նէ, / -Վա­խեմ, թէ հետ ցօ­ղոյն կայ­ծակ իջա­նէ / Եւ զիմ պայ­ծառ տե­րեւս հրոյ այ­րեսցէ»։ Առա­քել Բա­ղիշե­ցին ծնած էր Բա­ղէշէն ո՛չ շատ հե­ռու Բոռ, կամ Պոռ գիւ­ղի մէջ (այժմ՝ Değirmenaltı, Տէ­ղիր­մէ­նալ­թը)։ Այդ փոք­րիկ գիւ­ղը, ար­տօ­նեցէք նշեմ, թէ ծննդա­վայրն է նաեւ նոյն դա­րու բա­նաս­տեղծ, ման­րանկա­րիչ Մկրտիչ Նա­ղաշի։ Իսկ Խա­չատուր Խար­բերդցի բա­նաս­տեղծի հե­ղինա­կած տա­ղի մը մէջ իր վար­դին փնտռող սո­խակը այ­գե­պանին հարց կու տայ. «Եղ­բայր սի­րելի, / Յո՞ւր է վարդս պայ­ծառ, զոր աս­տէն թո­ղի, / Մի­թէ տե­սեալ ես դու, տուր պա­տաս­խա­նի, / Թէ ո՞վ տա­րաւ զնա ՚ւ արար զիս գե­րի»։

Բարդ բա­ռերէն աւե­լի՛ պատ­կե­րալից են «պա­տաս­խան» բա­ռի զու­գորդու­թիւննե­րը։ Անոնք են, որ մեր զրոյցնե­րը, բա­նաս­տեղծու­թիւննե­րը եւ նա­մակ-դի­մումնե­րը կը դարձնեն ար­տա­յայ­տիչ։ Անոնք պա­տաս­խա­նի 1001 տե­սակ­ներն են, ինչպէս՝ դրա­կան, ժխտա­կան, հա­մար­ձակ, հա­ւաս­տի, յան­դուգն, խու­սա­փական, աննշան, չոր, խիստ, ան­միտ, կարճ, կտրուկ, լա­կոնա­կան, ու վեր­ջա­պէս՝ վերջնա­կան։ Իսկ դուք, յար­գե­լի ըն­թերցող, եղէք շրջա­հայեաց, եթէ ստա­նաք պա­տաս­խաննե­րու ամե­նէն կաս­կա­ծելին՝ «Անա­նուն պա­տաս­խան»։ Հա­յը նաեւ «պա­տաս­խան կու տայ», «պա­տաս­խան կը ստա­նայ», «պա­տաս­խան կը սպա­սէ», երբ բար­կա­ցաւ՝ կ՚ըսէ, «ու­րիշ պա­տաս­խան չու­նիմ տա­լիք»։ Հա­յը կը սի­րէ խօսք առ­նել երբ ներ­կա­յացու­մէ մը ետք 10 վայրկեան թոյ­լատրո­ւած է՝ «հարց ու պա­տաս­խան», ու վեր­ջա­պէս՝ հա­յը կը սի­րէ տալ «պա­տաս­խան այց»։

20-րդ դա­րուն, Եղի­շէ Չա­րեն­ցի «Պա­տաս­խան թշնա­մինե­րիս» բա­նաս­տեղծու­թե­նէն յե­տոյ «պա­տաս­խան» բա­ռի վե­րաբե­րեալ միտ­քեր գրի առաւ Պա­րոյր Սե­ւակը, ինչպէս՝ «Երբ ի զուր հարց չեն տա­լիս՝ / Սուտ պա­տաս­խան չե՜ն ստա­նում»։ Իսկ Հայ­րե­նի մե­րօրեայ բա­նաս­տեղծնե­րը, հե­տեւե­լով իրենց մար­դա­սէր ու բա­րեպաշտ նախ­նի­ներու օրի­նակը, շա­րու­նա­կեցին «պա­տաս­խան» բա­ռի մէջ փնտռել ու գտնել սի­րոյ կա­թիլ մը։ Այդ բա­նաս­տեղնե­րէն մէկն է Ար­մէն Մխէեանը։ Ըստ անոր, ան­կեղծ սէ­րը պի­տի ըլ­լայ ան­փո­խադարձ, անհրա­ժեշտ չէ պա­տաս­խա­նը. «Քո սի­րով ապ­րել եմ ու թա­քուն պա­հել ամե­նից, / Քան­զի սի­րել եմ՝ չսպա­սելով պա­տաս­խա­նի»։ Յի­շել կ՚ար­ժէ նաեւ, թէ 1960-ին «պա­տաս­խան» բա­ռը, գե­ղան­կա­րիչ Էդո­ւարդ Իսա­բեկեանի վրձի­նի հա­րուած­նեդրով մե­ծադիր իւ­ղա­ներկ կտաւ դար­ձեր էր՝ »Պա­տաս­խան Յազ­կերտին»։

Մին­չեւ Սեպ­տեմբեր ամի­սը, երբ Հա­յաս­տա­նի մէջ «Ոս­կէ Աշուն» էր, հայ­րե­նի եղա­նակ­նե­րուն ամե­նէն գու­նա­ւորը եւ քնա­րակա­նը, երի­տասար­դա­կան պար­բե­րաթեր­թե­րու մէջ դեռ կը շա­րու­նա­կէին լոյս տես­նել սի­րայոյզ յօ­դուած­ներ. «Մի ան­պա­տաս­խան սի­րոյ մա­սին», «Ի՞նչ անել ան­պա­տաս­խան սի­րոյ դէպ­քում»։ Սա­կայն, թեր­թե­րու եւ լրա­տուա­կան մի­ջոց­նե­րու էջե­րը դար­ձեալ սկսեր են ողո­ղուիլ. «Փախ­չում են իրենց դիր­քե­րից՝ հայ­կա­կան կող­մի պա­տաս­խան կրա­կի ար­դիւնքում», «Պա­տաս­խան հուժկու հա­րուած­նե­րը հաս­ցո­ւել են ար­դէն...»։

Հա­յը երեք շա­բաթ զրկո­ւեցաւ սի­րային նա­մակ­նե­րու պա­տաս­խան գրե­լէ, բե­մադ­րիչներ նկա­րահա­նումներ չկա­տարե­ցին, բա­նաս­տեղծներ ան­պա­տաս­խան սէ­րերու նո­ւիրո­ւած թախ­ծոտ քեր­թո­ւած­ներ չյօ­րինե­ցին, ան­պա­տաս­խան մնա­ցին ճա­կատ զա­ւակ ու­ղարկած մայ­րե­րու հե­ռաձայննե­րը։ Քան­զի բո­լորը խնդիր մը կը լու­ծէին՝ պա­տաս­խա­նատու­նե­րուն տալ հա­մապա­տաս­խան պա­տաս­խան։ Շու­տով կը վե­րադառ­նան անոնք ու կ՛եր­գեն իրենց կեան­քի եր­գը։ Իսկ անոնք, որոնք չվե­րադար­ձան, կաս­կած մի՛ ու­նե­նաք, անոնք հրեշ­տա­կի վե­րափո­խուած՝ կը բնա­կին հրկի­զուած տա­ճարի սպի­տակա­փայլ կա­մար­նե­րու տակ։