27 Սեպտեմբերին մեկնարկած Արցախի ներկայ պատերազմի ընթացքին Ատրպէյճան բացարձակ լռութիւնը կը պահէ իր զոհերու քանակի նկատմամբ։ Զոհուած օդաչու Սապիր Վալիեւի այրին Սապինա Ճինկիզ Վալիեւա ուշագրաւ յայտարարութիւններ ըրաւ համաշխարհային հանրութեան, որոնք կ՚արտատպենք օգտուելով «Արեւելք»ի լրատուութենէն։
Ատրպէյճանական 7News.az կայքէջի հրապարակած տեղեկատուութեան համաձայն Ղարաբաղեան հակամարտութեան ընթացքին զոհուած ատրպէյճանցի զինուորներէն մէկուն կինը կարեւոր յայտարարութիւններ ըրած է, նշելով հակառակորդի բանակի կրած վնասները։ Ան ըսած է հետեւեալը. «Ես ատրպէյճանցի ռազմաօդային ուժերու զոհուած օդաչուի կինն եմ՝ Վալիեւա Սապինա Ճինկիզ։ Եւ կը դիմեմ ատրպէյճանցի բոլոր քաղաքացիներուն եւ այլ երկիրներու կառավարութիւններուն։ 3 Հոկտեմբեր 2020-ին Ղարաբաղի մէջ զոհուեցաւ ամուսինս Ատրպէյճանի օժային ուժերու օդաչու Վալիեւ Սապիրը։ Ան սպաննուեցաւ եւ իր մարմինը դեռ չէ յայտնաբերուած։ Մենք ունինք երկու երախայ։ Ես իր ռազմական գործընկերէն տեղեկացայ կատարուածի մասին։ Ես հարցուցի թէ Սապիրը ինչո՞ւ չէ սեղմած ինքզին օդանաւէն դուրս շպրտող կոճակը։ Պատասխանեց թէ չեն կրնար այդ ընել, քանի որ իրենց հետ կը թռչին նաեւ թուրք օդաչուներ, որոնցմէ երկուքը արդէն մահացած են։ Եւ եթէ ոեւէ մէկը գերի իյնայ Ատրպէյճան մեծ խնդիրներ կ՚ունենայ։ Իրենց տոմսերը «մէկ ուղղութեան» են։ Զիս չի հետաքրքրեր թէ ինչ խնդիրներ կ՚ունենայ Ատրպէյճան։
Ամուսնոյս ռազմական գործընկերը նաեւ ըսաւ, որ իրենց զինուորներուն վիճակը ալ աւելի վատ է։ Զանոնք յարձակման կ՚ուղղարկեն առանց զրահամեքենաներու, որպէս թնթանօթի միս։ Հազարաւոր դիակներ կը մնան մարզի դաշտին վրայ եւ կը նեխին։ Այդ դէմ է մեր իսլամական սովորոյթներուն եւ մեր պաշտպանութեան նախարարութիւնը նոյնիսկ չի ցանկար վերցնել դիերը։
Մէկ այլ զինուորական ինծի ըսաւ որ մեր տղամարդիկը Մերձաւոր Արեւելքէն ժամանած ահաբեկիչներու աղբակոյտին հետ պատերազմի կը նետուին։ Անոնք իրական յանցագործներ են եւ ոեւէ մէկը չեն հանգստանար մեր զինուորներուն համար։ Հարիւրաւոր զինուորներ որ կը զոհուին այդ մարտերուն, բայց հրամանատարները կը վախնան ճշմարտութիւնը ըսելու մեր նախագահին։ Անոնք աւելի ու աւելի շատ զինուորներ կ՚ուղղարկեն մարտադաշտ որպէսզի չպատժուին։ Զինուորականները կը պատմեն որ եթէ ժողովուրդը իմասնայ մեր կորուստներու մասին, կառավարութիւնը կը կործանի։ Ես մեր զոհուած նահատակներու բազմաթիւ լուսանկարները կը տեսնեմ, բայց իշխանութիւններուն համար անոնք պարզապէս թնթանօթի միս են։ Ես կը դիմեմ իմ ազգին, կառավարութեան, աշխարհի մարդոց, տարբեր երկիրներու կառավարութիւններուն ու կը խնդրեմ դադրեցնել պատերազմը եւ պատժել մեր կառավարութիւնը նահատակներու եւ մարդկանց նկատմամբ անմարդկային վերաբերմունքի համար։
Նախագահ Ալիեւ, դնդրեցուցէք մի՛ սպաննէք մեր երախաները։ Ձեր հրամանատարները կը ստեն։ Անոնք ձեզմէ կը թաքցնեն մեր կորուստները եւ անմարդկային վերաբերմունք ցոյց կու տան մեր զինուորներուն հանդէպ։ Մեր երկրէն դուրս հանեցէք Մերձաւոր Արեւելքի ահաբեկիչները։ Թող Էրտողանը տունը թափէ իր զինուորներուն արիւնը՝ իր սեփական շահերուն համար։
Ես գիտեմ որ, երբ իմանան թէ ես դիմած եմ համաշխարհային հանրութեան, անոնք կը սկսին հետապնդել զիս եւ կը ստիպեն հերքել իմ խօսքերը։ Բայց ես կը փորձեմ յամառ ըլլալ։ Բոլորին կ՚աղաջեմ որ բարձրացնէք ձեր ձայնը»։