10Հոկտեմբերի առաւօտեան առաջին ժամերուն ՌԴ Արտագին Գործոց Նախարար Սերկէյ Լաւրով իր հայ եւ ատրպէյճանցի պաշտօնակիցներուն հետ կատարած երկար քննարկումներէ ետք յայտարարած էր մարդասիրարական բնոյթով զինադադարի մը հռչակումը։ Պայմանաւորուածութեան համաձայն զինադադարի ընթացքին կողմերը ռազմադաշտին ինկած զինուորներու մարմինները պիտի կրնային փոխադրել եւ պիտի կայանար գերիներու փոխանակում։ Սակայն զինադադարը գրեթէ երբեք չգործադրուեցաւ փոխադարձ հրթիռակոծումներու հետեւանքով։
Այս մասին կողմերը իրար մեղադրեցին զինադադարը ոտնակոխելու նիւթով։ Այդ օրէն ի վեր թէժ կռիւներ կը շարունակուին Ղարաբաղի ամբողջ սահմանագծին վրայ։ Ատրպէյճան այս պահուն նոր ռազմավարութիւն մը կը մշակէ, ըստ որու երկարատեւ հրթիռակոծումներէ ետք լաւ մարզուած խումբեր կը փորձեն թափանցել շփման գծէն ներս։ Սակայն հայկական իշխանութիւնները կը յայտնեն թէ ընդհանրապէս ապարդիւն կըմնան այդ փորձերը եւ թշնամին ետ կը շպրտուի ահռելի թիւով զոհեր թողելով իր ետին։ Ինչպէս ծանօթ է Ատրպէյճան երբեք չի յայտարարեր սպաննուած զինուորներու թիւը։ Այդ թիւի մասին Արցախի պաշտպանութեան բանակը կը ներկայացնէ աւելի քան 5 հազար ատրպէյճանցի զինուրներու մահանալը։
Անդին Պաշտպանութեան բանակը կը հրապարակէ նաեւ թշնամիի կորսնցուցած ռազմական սարքերու մասին ալ բաւականին տեղեկութիւն։ Ըստ որու ոչնչացուած են աւելի քան 180 անօդաչու թռչող սարք։ Նաեւ մեծ թիւով ՍՈՒ25 կործանիչ ինքնաթիռներ, ուղաթիռներ եւ հրասայլեր։ Այս բոլորի փոխարէն հայկական կողմը պաշտօնապէս յայտարարելով հանդերձ նահատակուած զինուորներու թիւը պաշտօնական տեղեկութիւն չի փոխանցեր իր կորսնցուցած զէնքերու մասին։ 14 Հոկտեմբերի դրութեամբ Պաշիպանութեան Բանակը հրապարակեց նահատակուած եւս 17 զինուորներու լուրը։
Թրքական մամուլի մէջ հետզհետէ կը խօսուի ռազմադաշտի վրայ Ատրպէյճանական յարձակումներուն ապարդիւն մնալուն մասին։ Թուրքիացի դէտեր բաղդատելով երկու երկիրներու մարդկային եւ զէնքի հաշիւները կը յայտնեն թէ Ատրպէյճան կը գերազանցէ Արցախի Պաշտպանութեան բանակը, բայց չի յաջողիր համապատասխան արդիւնք քաղելու։ Այս երեւոյթը կը բացատրուի յարձակող կողմի պաշտպանութիւն ցուցադրողներու նկատմամբ շատ աւելի վտանգուած ըլլալու երեւոյթով։ Նոյնիսկ կարգ մը դիտորդներ կը փառաբանէն հայկական խրամատներու ամրութիւնը։ «Դժուար է ամողջ սահմանագծի երկայնքով կառուցուած հայկական խրամատներէն դէպի ներս թափանցել» կ՚ըսեն վերլուծաբանները։ Ի դէմ այս հաստատումներուն Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւննեան չի բացառեր կարգ մը դիրքերու մէջ թշնամիի յառաջխաղացումը։ 14 Հոկտեմբերի իր ելոյթին մէջ Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց պատերազմի օրհասական ըլլալու երեւոյթը եւ յայտնեց թէ Թուրքիոյ մասնակցութեամբ խնդիրը գերազանցած է Արցախի պաշտպանութեան սահմանումը եւ ուղղուած է ամբողջ հայութեան։ «Սպառնալիքը թիրախաւորած է Արցախը։ Եթէ այդ ճակատի մէջ յաջողին պիտի վտանգուի նաեւ Հայաստանը եւ ապա ամբողջ հարաւային Կովկասը» ըսած է Արայիկ Յարութիւնեան։
Արցախի նախագահը շնորհակալութիւն յայտնելով հանդերձ սփիւռքի նիւթական օժանդակութեան համար, նշեց որ սա անբաւարար է եւ կարիքը ունին ֆիզիքական մասնակցութեան։
Նոյնպէս ՀՀ Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ալ Չորեքշաբթի ցերեկուան ժամերուն կատարած ելոյթով նշեց պատերազմի սարսափելի պատկերները եւ խոնարհեցաւ նահատակուած զինուորներու յիշատակին, սգակցեցաւ անոնց ծնողներուն։
Միւս կողմէ քաղաքներու խաղաղ բնակիչներն ալ կորուստներ կ՚ունենան հրթիձակոծութիւններու հետեւանքով։ Ատրպէյճան ընդհանրապէս ահազանգ կը հնչեցնէ Գանձակ (Կենճէ) եւ Տէրտէրի ռմբակոծումներու մասին։ Իսկ Արցախի Պաշտպանութեան Բանակը կը յայտնէ թէ դէպի Գանձակ ռմբակոծումները կը նպատակադրեն այդ քաղաքի զինուորական օդակայանը անգործունակ դարձնելու։ ԱԹՍ եւ ՍՈՒ25-ներ ընդհանրապէս կ՚օգտագործեն Գանձակի զինուրական օդակայանը։
Հայկական կողմն ալ կը նշէ Ստեփանակերտի, Հադրութի եւ Մարտունիի ուղղեալ հրթիռակոծումը։