Թուրքիա զէնքի վաճառքի շուկային մէջ ամենաշատ վաճառքը կատարեց Ատրպէյճանին։ «Անատոլու Աժանս» լրատու գործակալութեան «Թուրքիոյ Արտածողներու Խորհուրդ»ի տուեալներով պատրաստոած տեղեկութեան համաձայն Դեկտեմբեր ամսու արտածումը կ՚ազմած է 16 միլիար 13 միլիոն ԱՄՆ տոլար։ Ան կը գերազանցէ նախորդ տարուայ նոյն ամսուն հետ համեմատելով 4,8 եւ Օգոստոս ամսու հետ համեմատելով ալ 28,5 աճ։ Այս ամբողջի մէջ զինանիւթերը անցեալ տարուայ նոյն շերտին համաձայն 80 տոկոսով, Օգոստոս ամսուն բաղդատմամբ ալ 58,7 տոկոսով բարձրացած եւ հասած է 281 միլիոն 582 հազար ԱՄՆ տոլարի։
Զէնքի շուկան Սեպտեմբեր ամսու մէջ ամենամեծ արտածախսը իրականացած է Ատրպէյճանի հետ։ Այդ արեւտուրը կ՚արժէ 77 միլիոն 167 հազար ԱՄՆ տոլար։
Արցախի պաշտպանութեան բանակի յայտարարութեամբ կը նշուի,թէ սոյն տարուայ 27 Սեպտեմբերին սկսած Ատրպէյճանական զինեալ յարձակումի ընթացքին օգտագործուած են Թուրքիոյ արտադրութիւն բազմաթիւ անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ)։