Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարար Զոհրապ Մնացականեան Մոսկուայի մէջ Ռուսիոյ դաշնութեան ԱրտԳործ. Նախարար Լաւրովի հետ մամլոյ յայտարարութիւն մը ունեցաւ։ Երկու նախարարները մասնակից լրագրողներուն տեղեկացուցին թէ Ռուսիա, ԱՄՆ եւ Ֆրանսա ԵԱԽԿ-ի. հսկողութեան տակ պէտք է շարունակեն լուծում գտնելու ջանքերը։ Մնացականեան նշեց որ Ատրպէյճանին աշխուժօրէն զօրակցող Թուրքիա չի կրնար միջնորդի դեր ստանձնել։
Միւս կողմէ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Շոյկուի հետ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ, ուր պահանջեց որ Հայաստանի ուժերը լքեն իրենց կողմէ գրաւուած Ատրպէյճանական հողերը եւ վերջ տան խաղաղ բնակիչները թիրախաւորող յարձակումներուն։ Իսկ Շոյկու մտահոգութիւն յայտնեց Միջին Արեւելքէն Ղարաբաղեան մարտերու մասնակցելու համար ղրկուած ահաբեկիչներու պատճառաւ։
Մինչ այդ Արցաքի պաշտպանութեան բանակը հաղորդեց եւս 17 զինուորի մահանալու գոյժը։ Այսպէսով հայկական կողմի զոհերու թիւը բարձրացած է 542-ի։
12 Հոկտեմբերէն այս կողմ Ատրպէյճանական յարձակումներու հետեւանքով զոհուած են նաեւ 31 խաղաղ բնակիչներ։ Ատրպէյճան ալ կը հաղորդէ թէ դէպի Գանձակ (Կենճէ) ուղղեալ յարձակումներու հետեւանքով ալ 19 քաղաքացիներ զոհուած են եւ մօտ 30 անձեր վիրաւորուած։
Լաւորով մամլոյ ժողովի ընթացքին անդրադարձաւ նաեւ զինադադարի չգործադրուելու խնդրին։ «Նախորդ Ուրբաթ գիշերը եւ շաբաթը այս շէնքի մէջ մեր Ատրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ անցուցինք։ Նախագահ Փութինի զօրակցութեամբ կարեւոր համաձայնութիւն մը կնքեցինք։ Սակայն այս պահի դրութեամբ կը տեսնենք, թէ համաձանութիւնը չկիրարկուիր եւ զինեալ բախումները կը շարունակուի»։ Մնացականեան բաժնեց Լաւորւի մտահոգութիւնը յաւելելով, թէ զինադադարը չյարգողը Ատրպէյճանն է։
Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ալ թրքական «Հապեր Կլոպալ» հեռուստակայանէն ունեցած ելոյթին մէջ նշեց, որ ետ քաշուելու նշան մը չեն տեսներ։ «Մենք առաջին օրէն ի վեր կը փափաքինք նահատակներու կամ գերի առնուած զինուորներու փոխանակումը։ Հայաստանն էր, որ կը մերժէր մեր այդ փափաքը։ Կը յուսամ որ Հայաստան կիրարկէ զինադադարը։ Մեր բանակի այս գիշերուայ յաղթանակը զիրենք պիտի պարտադրեն զինադադարի հնազանդման»։
Եթէ Ալիեւի ակնարկածը դէպի Հադրութ թափանցել ջանացող միաւորումներն են, Հայաստանի պաշտօնական իշխանութիւնները յայտնեցին թէ հակարակորդի այդ բորձը ի սպառ եղած է ի գին բազմաթիւ Ատրպէյճանցի զինուորի մահուան։