Արդէն բաւականին վիճելի դարձած էր Թուրքիոյ արդարադատական համակարգը, որ վերջերս դարձեալ զարմանալի որոշումներով օրակարգի կու գայ։ Այդ անօրինութիւններու մէջ բնականաբար օրակարգի առաջին շարքերուն տեղ կը գտնեն քաղաքական դէմքերու դէմ օրէնքի զանցառումները։ Անցեալին պետութեան գաղտնի տեղեկութիւնները հրապարակելու մեղադրանքով դատուած եւ պատիժ ստանալեն ետք ալ բանտարկուած Հանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Էնիս Պերպերօղլու առարկած էր այդ որոշումներուն դէմ ու վերջապէս Սահմանադրական ատեանը անօրէն համարած էր Շրջանային դատարանի վճիռը։ Այս դէպքի մէջ բնական ընթացքը պէտք է ըլլար դատավարութեան վերսկսումը եւ պատգամաւորի գրաւուած իրաւունքներուն վերադարձը։ Նոյնիսկ կ՚ակնկալուէր թէ Խորհրդարանի նախագահը Սահմանադրական Ատեանի այս որոշումէն ետք ինքնաբերաբար վերահաստատէր Էնիս Պերպերօղլուի երեսփոխանութիւնը Հանրապետական Կուսակցութեան շարքերէ ներս։ Ի դէմ այս ակնկալութիւններու թէ Խորհրդարանի նախագահը եւ թէ Շրջանային դատարանը անդրդուելի մնացին իրենց որոշուներուն մէջ։ Հանրապետական կուսակցութեան նախագահ Քեմալ Քըլըչտարօղլու Սահմանադրական Ատեանի վճիռին դէմ նման անփոյթութիւնը բացատրեց «Այժմ աղն ալ նեխած է» ըսելով։
Ինչպէս ծանօթ է Սահմանադրական Ատեանը դատական համակարգի ամենաբարձր աստիճանը կը ներկայացնէ, որուն վճիռները անվիճելի կը համարուէին մինչեւ վերջերս։ Իսկ ներկայիս կառավարական շրջանակները բացի անոր որոշումներուն չհնազանդելէ նաեւ կը սպառնան այդ կառոյցը առհասարակ վերացնելով։ Այս ուղղութեամբ յայտարարութիւն ունեցողը եղած էր Ներքին Գործոց Նախարար Սիւլէյման Սոյլու, որուն իսկոյն յաջորդեց Ազգային Շարժում կուսակցութեան նախագահ Տեւլեթ Պահչելի։