ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՀԵՐՈՍ

Երկու շա­բաթ առաջ, յար­գե­լի ըն­թերցող, «զոհ» բա­ռի մա­սին խօ­սեր էինք։ Տե­սեր էինք, թէ այդ միավան­կը չա­րահռչակ՝ նկա­րագ­րեր էր հա­յը, իր պատ­մութեան եւ ներ­կա­յին մէջ։ Հա­յը, սա­կայն, ու­նի մէկ այլ երես,- եւ չստի­պէք, որ ցոյց տայ անի­կա-։ Ինչպէս Խա­չատուր Աբո­վեանը «Վէրք Հա­յաս­տա­նի» հե­րոսա­վէպի մէջ ըսեր էր- «Էդ ո՞ւմ վրայ էք թուր հա­նել։ Հա­յոց մեծ ազ­գին չէ՛ք ճա­նաչում»։ Այ­սօր յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ կը հա­մար­ձա­կին կրկին վի­րաւո­րել Հա­յաս­տա­նը, ու երբ ճա­կատող տղա­ները զո­հէն հե­րոսի կը կեր­պա­րանա­փոխո­ւին, անհրա­ժեշտ է ու վե­րին աս­տի­ճանի յա­րիր, որ խօ­սինք «հե­րոս» բա­ռի մա­սին, ու խո­րին ակ­նա­ծան­քով դի­տենք հա­յու այդ համ­բուրե­լի, միեւ­նոյն ժա­մանակ՝ բա­­րեկա­­մին ապա­­հովու­­թիւն, իսկ թշնա­­միին սար­­սափ պատ­­ճա­­­ռող երկրորդ երե­­սը։

1850-ական­­նե­­­րուն, հա­­յոց ազա­­տագ­­րա­­­կան պայ­­քա­­­րի թէժ օրե­­րուն, հա­­յերէ­­նը ըն­­դունե­­ցաւ «հե­­րոս» բա­­ռը։ Եգէակա­­նի զա­­ւակն է ան, յու­­նա­­­կան ծա­­գում ու­­նի։ Եւ այդ օրե­­րուն, հա­­յոց հնա­­մեայ «դիւ­­ցազն» բա­­ռը հրա­­ժեշտ տո­­ւաւ իր ժո­­ղովրդա­­կան գոր­­ծա­­­ծու­­թեան, ինքզինք նո­­ւիրեց Սա­­սունցի Դա­­ւիթի եւ մեր լեռ­­նաշխար­­հի բազ­­մա­­­թիւ այլ քա­­ջագործ զա­­ւակ­­նե­­­րու վէ­­պը պատ­­մե­­­լու առա­­քելու­­թեան, ու «հե­­րոս»ը յայտնո­­ւեցաւ հա­­յոց լեռ­­նե­­­րու վրայ, խրա­­մատ­­նե­­­րու մէջ եւ ան­­մա­­­հու­­թեան սե­­մին։

«Հե­­րոս» բա­­ռը աւե­­լի լաւ ըն­­դունե­­լու­­թիւն գտաւ Հայ­­կա­­­կան Լեռ­­նաշխար­­հի վրայ, քան իր ծննդա­­վայ­­րի մէջ։ Այս հաս­­տա­­­տու­­մը ու­­նի իր լե­­զուա­­կան փաս­­տը։ Մինչ յու­­նա­­­կան բա­­ռարան­­նե­­­րու մէջ «հե­­րոս»ով շի­­նուած բարդ բա­­ռերու թի­­ւը սահ­­մա­­­նափա­­կուած է ու­­թով, հա­­յերէ­­նը իրա­­ւունք ու­­նի պար­­ծե­­­նալու իր 35 պատ­­կե­­­րալից բա­­ռերով։ Աւե­­լին, վեր­­ջին եր­­կու շա­­բաթ­­նե­­­րու ըն­­թացքին յու­­նա­­­կան մա­­մու­­լը, դի­­տելով թէ ի՛նչ հե­­րոսու­­թիւններ կը կա­­տարէ հայ զի­­նուո­­րը՝ սի­­րայօ­­ժար ձե­­ւափո­­խեց իր ազա­­տամար­­տիկնե­­րու հա­­մար յի­­սուն տա­­րի առաջ ար­­տա­­­սանո­­ւած խօսք մը. «Հա­­յերը հե­­րոս­­նե­­­րու նման չեն պա­­տերազ­­միր, այլ՝ հե­­րոս­­ներն են որ հա­­յերու նման կը պա­­տերազ­­մին»։

«Հե­­րոս» բա­­ռով շի­­նուած բո­­լոր բա­­ռերը խի­­զախու­­թիւննե­­րու եւ զո­­հողու­­թիւննե­­րու ծնունդն են, ուստի կ՚ար­­ժէ ընտրա­­նի մը լսել ու հպար­­տա­­­նալ անոնցմով. հե­­րոսա­­զարմ, հե­­րոսաթ­­ռիչք, հե­­րոսա­­կերպ, հե­­րոսան­­ման, հերո­­սատիպ, հե­­րոսա­­սիրտ, հե­­րոսա­­պատում, հե­­րոսա­­վէպ, ու ամե­­նէն պաշտե­­լին եւ համ­­բուրե­­լին՝ հե­­րոսու­­հի։ Պէտք է մտա­­բերել նաեւ Ուրֆա­­յի, Հա­­ճընի, Զէյ­­թունի, Մու­­սա լե­­րան, Շա­­պին Գա­­րահի­­սարի, Վա­­նի, Ղա­­րագի­­լիսա­­յի, Սար­­տա­­­րապա­­տի հե­­րոսա­­մար­­տե­­­րը, ու Գա­­րեգին Նժդե­­հի խօս­­քը՝ «Կռիւ­­նե­­­րում հե­­րոսա­­նալուց աւե­­լի դժո­­ւար է կեան­­քում հե­­րոսա­­վայել կե­­ցուածք ու­­նե­­­նալը»։

Իր 150 տա­­րուայ պատ­­մութեան մէջ «հե­­րոս» բա­­ռը յա­­ջողե­­ցաւ գրա­­կան էջե­­րու եւ մա­­մու­­լի մէջ լայ­­նօ­­­րէն գոր­­ծա­­­ծուող ար­­տա­­­յայ­­տութիւններ յա­­ռաջ բե­­րել, ինչպէս՝ գրա­­կան հե­­րոս, քնա­­րական հե­­րոս, ժո­­ղովրդա­­կան հե­­րոս, աշ­­խա­­­տան­­քի հե­­րոս, անա­­նուն հե­­րոս, նո­­րօրեայ հե­­րոս, անձնու­­րաց հե­­րոս, ազ­­գա­­­յին հե­­րոս, առիւ­­ծա­­­տիպ հե­­րոս, դիւ­­ցազնա­­կան հե­­րոս, առաս­­պե­­­լական հե­­րոս ու վեր­­ջա­­­պէս՝ Վտան­­գի առաջ չընկճո­­ւած հե­­րոս։ Իսկ այժմ կ՚առա­­ջար­­կեմ խո­­նար­­հիլ քնա­­րական եր­­կու ար­­տա­­­յայու­­թիւննե­­րու առ­­ջեւ. «Հե­­րոսա­­ծին մայր» եւ «Հե­­րոսա­­մայր հայ­­րե­­­նիք»։ Վեր­­ջի­­­նը իր ար­­ժա­­­նի տե­­ղը գտաւ բա­­նաս­­տեղծու­­հի Սո­­նա Վա­­նեանի հե­­րոսա­­շունչ մէկ տո­­ղի մէջ. «Հե­­րոսա­­մայր եմ, բայց չե՛մ ար­­տասւում»։

«Հե­­րոս» բա­­ռի ան­­թե­­­րի ծա­­ռայու­­թիւննե­­րէն մէկն էր հայ­­կա­­­կան գրատ­­պութիւ­­նը։ Այս բա­­ռով լոյս տե­­սան բազ­­մա­­­թիւ հա­­տոր­­ներ։ Լոկ խո­­րագիր­­նե­­­րը կը բա­­ւեն, որ ըն­­թերցողս հա­­ղորդ ըլ­­լայ հա­­յոց պատ­­մութեան վեր­­ջին 150 տա­­րինե­­րու դիւ­­ցազներ­­գութեան. «Հե­­րոսը» Մի ար­­կած Զէյ­­թունի վեր­­ջին ապստամ­­բութիւ­­նից», Ռուսչուկ, 1904, «Սի­­րելի հե­­րոս» Հա­­սան խա­­նի ժա­­մանա­­կի պատ­­մութիւն («Վէրք Հա­­յաս­­տա­­­նի» հե­­րոսա­­վէպի վե­­րապա­­տում), Թիֆ­­լիս, 1905, «Ռուս-տաճ­­կա­­­կան պա­­տերազ­­մը (1877-1878 թ.) եւ նրա հա­­յազ­­գի հե­­րոս­­նե­­­րը», Թիֆ­­լիս, 1915, «Սա­­սուն» Դիւ­­ցազներ­­գութիւն 1915-ի հե­­րոսա­­մար­­տէ­­­նե, Պոս­­տոն, 1921, «Կի­­լիկեան դրո­­ւագ­­ներ Ֆնտը­­ճագի հե­­րոսա­­մար­­տը», Փա­­րիզ, 1921, «Զէյ­­թունի վեր­­ջին դէպ­­քե­­­րը- Վե­­րապ­­րող զէյ­­թունցի­­ներու դար­­ձը հայ­­րե­­­նիք. վեր­­ջին հե­­րոսա­­մար­­տը», Աղեք­­սանդրիա, 1922, «Լեռ­­նա­­­հայաս­­տա­­­նի հե­­րոսա­­մար­­տը- 1919-1921», Պուքրէշ, 1923։

Վե­­րոյի­­շեալ բո­­լոր հե­­րոսու­­թիւննե­­րը ան­­կասկած պի­­տի վե­­րածո­­ւէին քնա­­րական եր­­գի եւ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան։ 1956 թո­­ւակիր եր­­գա­­­րանի մը մէջ գտնենք այդպի­­սի խօս­­քեր, ու երբ ըն­­թերցենք զա­­նոնք, թող հնչեն ռազ­­մա­­­շունչ թմբու­­կը եւ շե­­փորը. «Հա­­յաս­­տա­­­նը զարդ ու­­նի, / Մեզ պէս հա­­զար մարդ ու­­նի, / Օդում, ծո­­վում, ցա­­մաքում / Հա­­զար հե­­րոս մարդ ու­­նի», «Քա­­ղաք­­ներ, գիւ­­ղեր իրար են ձայ­­նակցում, / Մեր հե­­րոս­­նե­­­րի ան­­մահ անուննե­­րից», «Հե­­րոսի փառ­­քով, մայ­­րիկ, կը գամ մի օր ետ», «Հե­­րոս­­նե­­­րով ենք զօ­­րանում...»։ Ապա եկաւ հայ գրո­­ղը ու բա­­ցատ­­րեց, թէ մենք ին­­չո՛ւ ենք այսպէս. «Հա­­յուն մէջ եր­­կու հո­­գի կայ՝ վախ­­կոտ մը եւ քաջ մը, կամ ստրուկ մը եւ հե­­րոս մը։ Ամէն ազ­­գի մէջ վախ­­կո­­­տը կը կծկո­­ւի քա­­ջին ետե­­ւը. ընդհա­­կառակն է Հա­­յուն մէջ. քա­­ջը կը գտնո­­ւի վախ­­կո­­­տին տա­­կը... Կը ցցո­­ւի պա­­հես­­տի հո­­գին՝ խեն­­թի նման։ Ու կը զար­­նէ։ Եւ իր հա­­րուա­­ծը անսխա­­լական է… Պա­­պին պէս», Նշան Պէ­­շիկ­­թաշլեան։ Սիաման­­թօն, որ ըստ Յ. Յ. Չագ­­մագճեանի՝ Հե­­րոսա­­պաշտ բա­­նաս­­տեղծու­­թեան հուժկու գրի­­չն էր, ձօ­­ներգներ գրեց իր մար­­տա­­­կան ըն­­կերնե­­րուն հա­­մար. «Աւաղ, աւաղ, ըն­­կեր, / Յա­­ճախ, հե­­ռաւոր ձայնդ հո­­ղին խո­­րերէն արիւ­­նա­­­ծաղ­­կի մը պէս կը բարձրա­­նայ… / Քու հե­­րոսա­­կերպ ու­­րո­­­ւակա­­նիդ հետ եւ ասի­­կա՝ խստա­­դէմ՝ ին­­ծի հետ կը քա­­լէ», «Եւ թո՛ղ քու հե­­րոսի շունչիդ հո­­վերէն գի­­նով­­նամ, / Թէեւ հո­­գիս անար­­ժան ըլ­­լայ քու հե­­րոսի հո­­գիդ խո­­րասու­­զե­­­լու»։ Դա­­նիէլ Վա­­րու­­ժա­­­նը աւե­­տեց ապառ­­նի հե­­րոս­­նե­­­րու ծնունդը- «Ու վա՜ղը, վա՜ղն, ո՚վ հէգ Մայ­­րեր, լսե­­ցէ՛ք, / Ձեր ար­­գանդէ՚ն մի առ մի / (Նոր Որ­­դի­­­ներ) Պի­­տի ել­­լեն անոնք հսկայ եւ հե­­րոս»։ Վա­­րու­­ժանն էր, որ նկա­­րագ­­րեց, թէ ինչպէ՛ս հայր մը տան բա­­կը ելած էր իր որ­­դին հե­­րոսա­­վայել դի­­մաւո­­րելու։ Ող­­բերգու­­թիւն։ Զօ­­հուած էր ան. «Հե­­րոս տղաս հոն զար­­նո­­­ւա՜ծ է սրտէն. / Ա՜խ հարս, ճրագդ մա­­րէ՜…»։ Աւե­­տիք Իսա­­հակեանը, մինչդեռ, ճրագ մա­­րելու փո­­խարէն բո­­լոր հայ­­րե­­­րուն հրա­­ւիրեց կե­­նաց վերձնե­­լու։ Ահա «Մեծ յաղ­­թա­­­նակի օրը» բա­­նաս­­տեղծու­­թեան այդ յու­­զիչ պատ­­կե­­­րը. «Եղ­­բայրներ, որ­­դուս կե­­նացը խմե՚նք. / Հե­­րոս է որ­­դիս, յաղ­­թեց թշնա­­մուն, / Ձեր որ­­դի­­­ների կե­­նացն էլ խմենք»։

Այժմ անդրա­­դառ­­նամ «հե­­րոս» բա­­ռի վեր­­ջին զո­­հողու­­թեան։ Ան հայ ազ­­գի եր­­կու հան­­րա­­­պետու­­թիւննե­­րու մէջ պե­­տական վե­­հագոյն կո­­չում է։ Ար­­տօ­­­նեցէք նկա­­րագ­­րեմ զա­­նոնք. «Հա­­յաս­­տա­­­նի ազ­­գա­­­յին հե­­րոս», Հա­­յաս­­տա­­­նի Հան­­րա­­­պետու­­թեան բարձրա­­գոյն կո­­չում, հիմ­­նադրո­­ւած՝ 1994 թո­­ւակա­­նին «Բարձրա­­գոյն կոչ­­ման մա­­սին» օրէն­­քով։ «Ար­­ցա­­­խի հե­­րոս», Ար­­ցա­­­խի Հան­­րա­­­պետու­­թեան բարձրա­­գոյն պե­­տական կո­­չում։

Դեռ նոր է «հե­­րոս» բա­­ռը հա­­յոց բա­­ռարան­­նե­­­րու մէջ։ Օտա­­րամուտ է միեւ­­նոյն ժա­­մանակ եւ դեռ ան­­հա­­­ղորդ հա­­յոց մեծ ազ­­գին։ Ժա­­մանակ տո­­ւէք, որ ան լաւ ճանչնայ մեր տե­­սակը, ապա կ՚ըմբռնէ հա­­յու նկա­­րագի­­րը եւ կը նկա­­րագ­­րէ զայն նո­­րանոր ածա­­կան­­նե­­­րով։ Ես առա­­ջար­­կեմ մէկ եր­­կու հա­­տը՝ ան­­հա­­­մար ան­­գամներ իրա­­կանա­­ցած, բայց շրթունքով չար­­տա­­­յայ­­տո­­­ւած գա­­ղափար­­ներ- հե­­րոսա­­միտ, հե­­րոսա­­ճեմ, հե­­րոսաս­­լաց, հե­­րոսա­­բոյր, հե­­րոսա­­պար...։ Իսկ երբ տես­­նէք տասնչորս տա­­րեկան տղայ մը, շի­­կահեր, կա­­պու­­տա­­­չեայ ու ժպտա­­դէմ, որ մա­­հը ար­­հա­­­մար­­հե­­­լով մայր ու քոյր կը փրկէ թշնա­­միի կրա­­կէն, -երբ ճա­­կատ մեկ­­նած է հայ­­րը-, զայն կո­­չեցէք՝ «ման­­կա­­­հերոս»։

Յօ­­դուածս այ­­սօր աւար­­տեմ մէջ­­բե­­­րելով Վան ծնած, Վա­­նի հե­­րոսա­­մար­­տին վա­­ռօդ շնչած բա­­նաս­­տեղծ Մկրտիչ Խե­­րանեանի տո­­ղերով, որոնք կը պա­­րու­­նա­­­կեն «հե­­րոս» բա­­ռի ըն­­տիր մէկ տար­­բե­­­րակը. «Ու կար­­ծե­­­ցիք, թէ / Ջնջե­­ցի՞ք դուք մեր հետ­­քե­­­րը բո­­լոր, / Խեղ­­դե­­­ցի՞ք ձայ­­նը չորսհա­­զարա­­մեայ հա­­յոց պատ­­մութեան… / Օ՜, խե­­լագար­­նե՛ր… / Ամէն մի ճամ­­փայ եւ ամէն ափ հող՝ / Մեր ոտ­­նա­­­հետքն է պա­­հում իր վրայ. / Հետ­­քը մեր մուրճի՝ իւ­­րա­­­քան­­չիւր քար, / Որ վէպ է, վի­­պերգ, հե­րոսեր­գութիւն»։