12օր անցած է 27 Սեպտեմբերի առաւօտուն Ղարաբաղի ամբողջ սահմանի տարածքով սկսած զինեալ գործողութիւններէն այս կողմ։ Պատերազմը կը շարունակուի թէ ճակատի եւ թէ քարոզչամեքենայի միջոցաւ։ Այսպէս յաճախ իրար կը յաջորդեն հակասական լրատուութիւններ։ Ատրպէյճան ընդմիշտ կը յայտարարէ ազատագրուած տարածքներ, որոնց մասին հայկական կողմը կը փոխանցէ բոլորովին տարբեր տեղեկութիւններ։ Հայկական կողմը պաշտօնապէս կը հաղորդէ մարզադաշտի զոհուարծներու անուանացանկերը։ Փոխարէնը Ատրպէյճան կը նախընտրէ լուռ մնալ մահացող զինուորներու լրատուութեան դէմ, պնդելով որ այս հանգրուանին այդ տեղեկութիւնը նշանակութիւն չունի։ Սակայն նոյն Ատրպէյճան կը սիրէ չափազանցեալ թիւեր փոխանցել հայկական կողմի կորուստներուն համար։
Միւս կողմէն Հայաստան բարձր թիւերով կը բացատրէ հակառակորդի կորուստները։ Սակայն իրողութիւնթ այն է, թէ մարտնչող երկու կողմերն ալ կը կրեն մարդկային ծանր կորուստներ, սուգ ու շիւան պատճառելով իրենց ընտանիքներէն ներս։ Կայ նաեւ խաղաղ բնակիչներու քաղաքներու մէջ ռմբակոծութիւններու թիրախ դառնալու երեւոյթը։
Քանի մը օր առաջ էր, երբ հայոց հրետանին ռմբակոծեց Գանձակ (Կենճէ) քաղաքին մէջ զինուորական օդակայանը։ Օդակայանի ռմբակոծումը Ատրպէյճանական մամուլի կողմէ ներկայացուեցաւ իբրեւ խաղաղ բնակիչներու ուղղեալ յարձակում։
Հայաստանի հեռուստակայանները մինչ այդ կը հրապարակէին Ստեփանակերտի ռմբակոծման դրուակներ։
Պատարազմի կարեւորագոյն երեւոյթներն մէկն է Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը, թէ իր սպաներուն եւ թէ Սուրիայէն փոխադրուած վարձկան ահաբեկիչներու միջոցաւ։ Թէեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները խիստօրէն կը մերժեն այս մասին լրատաուութիւնները, բայց Հայաստան թէ թուրք սպաներուն աննուները հրապարակելով եւ թէ վարձկան զինուորներու մասին փաստացի տուեալներ փոխանցելով կը հաստատէ իր պնդումը։
Հայկական սփիւռքի մէջ մեկնարկած է համազգային դրամահաւաք «Հայաստան Հիմնադրամ»ի միջոցաւ։ Կը շարունակու նաեւ կամաւորներու հոսքը դէպի Արցախ։
«Ակօս»ի նախկին աշխատակից Արիս Նալճըի «Արթը Թիվի» կայքէջի մէջ հաղորդում ունեցաւ Ալֆովիլի Հրանդ Տինք Վարժարանի հոգաբարձու, բժիշկ Գէորգ Աբգարեանի հետ, որ արդէն իսկ հասած էր պատերազմի վայրը բժշկական օգնութիւն կատարելու համար վիրաւորեալներուն։ Նաեւ զանազան երկիրներէ հայ կամաւորներ եւս կը փութան ճակատ։ Կը շարունակուի նաեւ զինադադար ապահովելու ուղղեալ միջազգային ջանքերը, որոնք ցարդ կը մնան ապարդիւն։