Թուրքիոյ իշխանամէտ մամուլը իր բոլոր միջոցներով կը փորձէ հրահրել հետզհետէ սաստկացող պատերազմը։ Այդ ընթացքին մէջ կարգ մը շրջանակներ ալ կը փորձեն առկայ ատելութեան մթնոլորտէն օգտուելով հալածել խաղաղապաշտ քաղաքական գործիչները։ Նախորդ թիւի մէջ արձագանգած էինք ԱՍԱՄ կոչեալ կազմակերպութեան Կարօ Փայլանը թիրախաւորող յայտարարութիւններուն։ Այս հաղորդումէն ետք մեծ թիւով մտաւորականութիւն ահազանգ հնչեցուց Կարօ Փայլանի զօրակցելու համար։ Այժմ արդէն մեկնարկած է ստորագրահաւաք մը, որուն խորագիրն է «Կարօ Փայլանի կողքին ենք»։ Արդէն իսկ բազմաթիւ ստորագրութիւն հաւաքուած է այդ կոչին ներքեւ։