ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Նորայր Տատուրեան

ՃԱԿԱՏ

Հայկական լե­զուաշ­խարհը ու­նի բազ­մա­թիւ լու­սա­ւոր բա­ռեր, որոնք հպար­տութիւն կը բե­րեն հա­յոց մայ­րե­նիին։ Անոնց մէջ, սա­կայն, կայ բառ մը, որ մէկ ճա­կատ բարձր է բո­լորէն ու միշտ ճեր­մակ կը պա­հէ հա­յու ճա­կատը. «ճա­կատ» բառն է ան։ Որ­պէս մեր հնա­գոյն գո­յական­նե­րէն մէ­կը, ան դեռ նա­խամաշ­տո­ցեան օրե­րէն եղեր է հայ­րե­նանո­ւէր եւ անձնա­զոհ։ Ճգնա­ժամա­յին այս օրե­րուն, յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ հա­յը կը ճա­կատի իր գո­յատեւ­ման հա­մար, պար­ծե­նանք այդ բա­ռով։ Իսկ անոր ոդի­սակա­նը բա­ցայայ­տե­լու հա­մար ար­տօ­նեցէք մտա­բերեմ դէ­պի հայ­րե­նիք ամառ մը առաջ կա­տարուծ դպրո­ցական պտոյ­տին այն օրը, երբ այ­ցե­լեցինք Եռաբ­լուրը եւ Չա­րեն­ցի կա­մարը։

Շատ հե­ռու չէր Եռաբ­լուրը մեր պան­դո­կէն։ Քա­ռասուն ճեր­մակ մե­խակ գրկած մտանք այդ սրբա­վայ­րէն ներս։ Պատ­րաստ էինք եր­կու քեր­թո­ւած ար­տա­սանե­լու։ Ճա­կատը համ­բուրե­լի տղա­ներու այս վեր­ջին հանգստա­վայ­րի մէջ աշա­կերտնե­րը սար­սա­փով նկա­տեցին, թէ տա­րիքով որ­քան մօ­տիկ էին իրա­րու։ Ապա բո­լորը, սեւ մէկ քա­րի շուրջ բո­լորո­ւած սկսան ար­տա­սանել նա­հատակ որ­դիի մը հա­մար գրո­ւած ամե­նէն սրտաճմլիկ բա­նաս­տեղծու­թիւնը՝ Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նի «Առ­կայծ Ճրա­գեը»։ Երկրորդ տան մէջ կուրծքե­րը ու­ռե­ցան ու բո­լորը ըսին. «Հա՛րս, վա­ռէ՚ լոյ­սը ճրա­գին։ / Տղաս կու գայ ճա­կատն հպարտ դափ­նիով»։ Աղ­ջիկնե­րը կար­ծե­ցին, թէ իրենք էին այդ հար­սը, իսկ տղա­ները՝ թէ իրենք էին դափ­նիով պսա­կուած հե­րոսը։ Ծա­ղիկ­նե­րը խո­նար­հե­ցան...

«Ճա­կատ» բա­ռը Ոս­կե­դարուն վա­յելուչ մուտք գոր­ծեց գրա­ւոր հա­յերէն։ Ո՛չ թէ միայն ու­նե­ցանք «առ­ճա­կատիլ, ճա­կատա­գիր, ճա­կատա­հար» բա­ռերը, այլ նաեւ՝ մարտ եւ հե­րոսու­թիւն բու­րող բա­ռեր, ինչպէս՝ «կռո­ւաճա­կատ, ճա­կատա­մարտ, ճա­կատա­մար­տիկ»։ Այս ցան­կին մէջ պէտք է նե­րառել նաեւ՝ «լայ­նա­ճակատ» ածա­կանը, որ յար­մար է նա­հատակ­նե­րու ճա­կատը յար­դա­րելու հա­մար։ Բառս իր ճա­կատը բարձրա­ցուց նաեւ Աս­տո­ւածա­շունչի հա­յերէն թարգմա­նու­թեան մէջ. «ճա­կատա­մարտ, ճա­կատել, ճա­կատա­ցու­ցա­նել» բա­ռերը, ու «ճա­կատ առ ճա­կատ» եւ «ճա­կատ յար­դա­րել» դար­ձո­ւածքնե­րը։ Յի­շել կ՚ար­ժէ, թէ «ճա­կատ յար­դա­րել» բուն չէ նշա­նակած ոս­կի­ներ կամ ու­լունքներ դնել ճա­կատի վրայ, այլ՝ «կար­գել զզօրն ընդդէմ թշնա­մեաց. ՛ի ճա­կատ հա­նել»։ Նոյն շրջա­նին, երբ լու­սա­ճակատ գրիչ­ներ իրենց խու­ցե­րուն մէջ կ՚ըն­թօ­րինա­կէին մա­տեան­ներ, ու­նե­ցանք «ճա­կատ գրոց»ը, այ­սինքն՝ գիր­քի մը անո­ւանա­թեր­թը։ Այ­սօր ճա­կատ բա­ռը մե­զի շնոր­հած է յի­սու­նի չափ բառ եւ քա­ռասու­նի չափ դար­ձո­ւածք, որոնց մե­ծամաս­նութիւ­նը կը խօ­սի մար­դու նկա­րագ­րի մա­սին, ինչպէս՝ «ճա­կատը բաց», «ճա­կատը դէմ տո­ւող», «ճա­կատը պարզ» ու «ճա­կատով մարդ»։

Վե­րադար­ձանք հան­րա­շարժ։ Այ­ցե­լու­թեան յա­ջորդ վայրն էր Երե­ւան-Գառ­նի ճա­նապար­հի վրայ մէկ այլ հպարտ ճա­կատ՝ Արա­րատով պսա­կուած գե­ղատե­սիլ Չա­րեն­ցի կա­մարը։ Այդ ճա­նապար­հորդու­թեան ըն­թացքին, պա­տու­հա­նէն դի­տեցինք գե­ղադա­լար տա­րածու­թիւններ ու բա­ռը իմաս­տա­ւորո­ւեցաւ իբ­րեւ տե­ղանուն, ամե­նամօ­տիկը՝ նոյն մար­զի «Ճա­կատ» լեռն էր։ Բա­ռը նաեւ գա­ւառի մը ամ­բողջ անունն էր դար­ձած՝ Այ­րա­րատ նա­հան­գի «Ճա­կատք» գա­ւառը, Արաքս գե­տի աջ կող­մը։

Հա­սանք Չա­րեն­ցի կա­մարը։ Անոր սե­ւաքար ճա­կատի տակ ան­խուսա­փելիօրէն մտա­ծեցինք, թէ քա­նի քա­նի սե­րունդներ դի­մացի սէգ ճա­կատը դի­տելով ար­տա­սաներ էին «Ես իմ անոյշ Հա­յաս­տա­նի» բա­նաս­տեղծու­թիւնը։ Հի­մա հեր­թը այս սե­րունդինն էր։ Անոնք ալ ար­տա­սանեն ու անցնին. Ես իմ անոյշ Հա­յաս­տա­նի, արե­ւահամ բարն եմ սի­րում...

Ուշ միջ­նա­դարուն բա­ռը դուրս ելաւ վան­քե­րէն, դադ­րե­ցաւ խո­հուն վա­նական­նե­րու ու ռազ­միկ իշ­խաննե­րու պատ­կա­նելէ, գե­ղեց­կա­ցաւ ան, դար­ձաւ քնա­րական՝ երբ հայ աշու­ղը հիացիկ դի­տեց գե­ղեց­կուհիի մը սպի­տակ ճա­կատը։ Հայ­կեան օրա­ցոյ­ցի ճա­կատը երբ ցոյց տո­ւաւ 999 թո­ւակա­նը, Վա­նայ ծո­վու ափին, Նա­հապետ Քու­չա­կը հա­ռաչեց. «Թուխ աչք եւ ունքեր ու­նիս, լայն ճա­կատ ու կար­միր երես», Լա­ցակու­մած լարն եմ սի­րում... Նոյն թո­ւական­նե­րուն Ստե­փանոս տա­ղասա­ցը ըսաւ. «Սպի­տակ ճա­կատ, բա­րակ ու­ներդ է կա­մար / Աչերդ ծով, ես, խեղճ, եղայ նա­ւավար»։ Ժո­ղովրդա­կան եր­գե­րու մէջ ալ փայ­լե­ցաւ ան. «Ակ ճա­կատ, կա­մար ու­նէր, / Ծով աչեր՝ լոյս ի վառ ու­նիս...», «Պագ­նեմ զքո լայն ճա­կատդ, / Որ աչեր ու­նիս ղա­զալի»։ Ապա Նա­ղաշ Յով­նա­թանը, 1600-նե­րու սկիզբն էր, եր­գեց. «Լայն եւ սպի­տակ ճա­կատ, երեսդ՝ վար­դի թեր»։ Իսկ Գա­րեգին Սրո­ւանձտեան­ցի «Մա­նանայ» ժո­ղովա­ծուին մէջ դեռ կը լսո­ւին Յով­հաննէս տա­ղասա­ցի խօս­քե­րը. «Սպի­տակ ճա­կատ, թուխ թուխ աչեր»։ Աշա­կերտնե­րը շա­րու­նա­կեցին... Ու նաիրեան աղ­ջինկե­րի հե­զաճ­կուն պարն եմ սի­րում...

Ապա եկան մեր պատ­մութեան կնճռոտ օրե­րը։ Հա­յու քնա­րը դար­ձաւ տխրա­մած։ Պետ­րոս Դու­րեանը «Վիշտք հա­յուն» քեր­թուածին մէջ ող­բաց Հա­յաս­տա­նի անմխի­թար վի­ճակին. «Եւ ճա­կատդ կրես պսակ / Արդ փշա­հիւս, սեւ նո­ճի / Քրտունքներ սառ՝ քար կտրած՝ / Կնճռոտ ճա­կատդ պճնե­ցին»։ Բա­նաս­տեղծը, որ ըստ Ար­շակ Չօ­պանեանի, ու­նէր «լայն տժգոյն ճա­կատ», օր մը, ներ­հա­յեաց գան­գա­տեցաւ. «Այս ճա­կատա­գիրն ի՜նչ սեւ է, Աս­տո­ւա՛ծ» ու շա­րու­նա­կեց. «Զե­փիւռն չե­կաւ նժդեհ ճա­կատս շո­յելու»։ Հա­զարա­մեայ քա՛րն եմ սի­րում... Մկրտիչ Պէ­շիկ­թաշլեանը հա­ւատքն ու­նէր անոր. «Ո՜հ, իմ պայ­ծառ փայ­լէ ճա­կատ... / Ո՜հ, իմ պայ­ծառ փայ­լէ ճա­կատ / Ի շո­ղիւն յաղ­թա­նակաց պերճ»։ Վե­նետի­կի մէջ Հայր Ղե­ւոնդ Ալի­շանը «Յու­շիկք հայ­րե­նեաց հա­յոց» աշ­խա­տասի­րու­թեան մէջ խօ­սեցաւ հա­յու «ար­շա­լոյս» եւ «սրբեալ» ճա­կատ­նե­րու մա­սին։ 1901 թո­ւակա­նին, Մխի­թարեան հայ­րե­րէն Վար­դան Հա­ցու­նին գի­շեր մը, Ս. Ղա­զար կղզիի մէջ լապ­տեր մը բռնած գնաց վա­նական գե­րեզ­մա­նոց ու խո­կաց. «Ճա­կատ­ներ՝ մտա­ծու­թեան եւ ժա­մանա­կի ծան­րութեան ներ­քեւ ճնշուած ու լո՛ւրջ... Ճա­կատ­ներ՝ աշ­խոյժ, կայ­տառ... Ճա­կատ­ներ՝ փա­փուկ, ժպտուն»։ ... Ո՛ւր էլ լի­նեմ չե՛մ մո­ռանայ ես ող­բա­ձայն եր­գե­րը մեր։

«Ճա­կատ» բա­ռի առ­ջեւ խո­նար­հած ու անոր հա­մար մար­գարտեայ տո­ղիկ­ներ գրած հայ բա­նաս­տեղծ է Դա­նիէլ Վա­րու­ժա­նը։ Կար­դանք ըն­տիր տո­ղեր՝ մինչ աշա­կերտնե­րը շա­րու­նա­կեն ար­տա­սանել Չա­րեն­ցի գլուխ գոր­ծո­ցը. «Թող ճա­կատիդ վրայ գրո­ւի հա­րիւր սաղ­մոս իմաս­տութեան», «Ար­շա­ւան­քիս արիւնն է՝ զոր ճա­կատս իմ կը դրոշ­մէ», «Ճա­կատ­նե՜ր՝ լի խոր­շո­մով, խոր­շոմնե՜ր՝ լի քըր­տինքով»։ Չե՜մ մո­ռանայ աղօթք դար­ձած եր­կա­թագիր գրքե­րը մեր... «Ահա Արեւ՜ն, Արեւ՜ն ահա. լոկ ձե­զի՝ Այ­սօր կը նա­յի. կը համ­բուրէ միայն ձե՚ր Ճա­կատ­ներ», «Դուն գի­տես լոկ ճա­կատա­գիրս ահա­ւոր», «Մար­մա­րեայ՚ ճա­կատէդ պոռթկաց Արիւնդ հրա­շող Ար­շա­լոյ­սին պէս ծա­գող» ... Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խո­ցեն արիւ­նա­քամ վէր­քե­րը մեր։

Այժմ Երե­ւանի մէջ բա­ցուած են նոր տե­սակի ճա­կատ­ներ, ինչպէս՝ «Հայ­կա­կան բնա­պահ­պա­նական ճա­կատ», «Երե­ւանի պաշտպա­նու­թեան ճա­կատ»։ Իսկ մայ­րա­քաղա­քէն շատ հե­ռու, Սիւ­նի­քի մար­զի սահ­մա­նամերձ Ճա­կատեն գիւ­ղը կ՚ապ­րի ճա­կատագ­րա­կան օրեր։ Գիւ­ղա­պետը կ՚ըսէ. «Ճա­կատեն գիւ­ղում... հինգ-վեց ըն­տա­նիք է ապ­րում։ Վեց տա­րինե­րին գիւ­ղում երե­խաներ չեն ծնո­ւել։ Ճա­կատե­նում ճա­կատ են տա­լիս ապ­րե­լու հա­մար»։ Նոյն երկրա­մասի մէջ Գա­րեգին Նժդե­հը ըսեր է. «Մայ­րե­րի ափի մէջ պի­տի փնտրել ազ­գե­րի ճա­կատա­գիրը... Յաղ­թութեան դի­ցու­հին իր ոս­կէ մատ­նե­րով պսա­կադ­րել է հայ զի­նուո­րի ճա­կատը»։ Իր կար­գին, Յով­հաննէս Թու­մա­նեանը բա­ցատ­րեց, թէ ին­չո՛ւ հայ ազ­գը տո­կուն է. «Հայ ժո­ղովուրդը դա­րէ դար ճա­կատ ճա­կատի է զար­կել հին Պարսկաս­տա­նի ու Արե­ւել­քի բո­լոր աշ­խարհա­կալ­նե­րի հետ» ... Ինչքան էլ սո՜ւր սիրտս խո­ցեն արիւ­նա­քամ վէր­քե­րը մեր...

Մտա­բերենք մէկ այլ ճա­կատ՝ Գրի­գոր Նա­րեկա­ցին, զոր ըն­դունած ենք որ­պէս՝ «Հայ­կա­կան քեր­թո­ղու­թեան սրբա­լոյս ճա­կատ»։ Իսկ Պա­րոյր Սե­ւակը, տե­սէք, ինչպէս պա­տուեր է անոր «Նա­րեկ» մա­տեանը. «Ո՛չ այնքան ըն­թերցո­ւել է, որ­քան համ­բուրո­ւել, դրո­ւել ո՛չ այնքան դա­րակի կամ գրա­կալի, որ­քան հի­ւան­դի ճա­կատի վրայ»։ ... Նա­րեկա­ցու, Քու­չա­կի պէս լու­սապսակ ճա­կատ չկայ։

Յա­ջորդ օր հրա­ժեշտ տո­ւինք հայ­րե­նիքին, առանց գիտ­նա­լու, թէ ի՛նչ ճա­կատա­գիր կը սպա­սէր անոր... Յար­գե­լի ըն­թերցող, երբ ճա­կատագ­րա­կան օրեր կ՚ապ­րի հայ­կեան հո­ղը, լու­սա­ւոր եւ համ­բուրե­լի ճա­կատ­ներ կը զո­հուին անոր հա­մար՝ յօ­դուածս կ՚աւար­տեմ Ալեք­սանդր Ղու­մա­շեանի «Զո­հուած­նե­րը» բա­նաս­տեղծու­թե­նէն մէջ­բե­րու­մով մը.

Կեանք չեն ու­զում ար­դէն զո­հուած­նե­րը մեզ­նից,

Փառք չեն ու­զում, նրանք սի­րոյ յա­նուն մե­ռան.

Սեւ գիր էր խա­րանո­ւած նրանց ճա­կատ­նե­րին,

Եւ սեւ նժոյգնե­րի հե­ծուոր­նե­րը եղան։