27Սեպտեմբեր առաւօտուն Հայաստանի ժամով 07.15-ին Արցախի ամբողջ սահմանի տեւողութեամբ սկսաւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու նախապատրաստուած զինեալ յարձակումը։ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ յաճախ կը խօսէր բանակցութիւններու անարդիւնաւէտութեան մասին եւ կը սպառնար ըսելով թէ Ատրպէյճան ի վիճակի է իր գրաւեալ հողերը ուժի միջոցաւ ետ վերցնելու։ Այս յայտարարութիւններով հանդերձ Ալիեւ նախայարձակումը վերագրեց Հայաստանին։ Նոյն լրատուութիւնը կրկնեցին եւ դեռ կը շարունակեն կրկնել Թուրքիոյ իշխանութիւնները եւ ԶԼՄ-ները։
Արցախի Հանրապետութեան Նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան մամլոյ ներկայացուցիչներուն բացատրեց թէ պաշտպանութեան բանակը կը մարտնչի ոչ միայն Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու, այլ նաեւ Թուրքիոյ դէմ։ Գաղտնիք չէ որ Թուրքիա Սուրիայէն դէպի Ատրպէյճան փոխադրած է բազմահարիւր վարձկան զինեալներ։ Միւս կողմէն Յուլիս ամսուայ բախումներէն ետք կազմակերպուած Թուրքիա-Ատրպէյճանական ռազմափորձերէն ետք բազմաթիւ թուրք սպաներ եւ թրքական զինամթերք շարունակեցին մնալ հարեւան երկրի մէջ։ Սակայն այս իրողութիւնն ալ հերքուած է երկու «եղբայր» պետութիւններու իշխանութիւններուն կողմէ։ Կռիւներու սկսած առաջին օրուայ երեկոյեան ժամերուն հայկական կողմը յայտարարեց 16 զոհեր, որոնցմէ երկուքը քաղաքացիներ էին։ Յաջորդ օրը սկսաւ եւս 15 զոհերով, որոց թիւը ժամերու ընթացքին հասաւ 58-ի։ Երկուշաբթի երեկոյեան անոնց վրայ աւելցած էր 26 նոր անուններ եւս։ Իսկ հակառակորդի կորուստները վերջին տուեալներով հասած են 800-ի սահմաններուն։ Նշենք որ Ատրպէյճան կը խուսափի իր կորուստներու մասին պաշտօնական հաղորդում փոխանցելէ։
Պաքուի օդակայանը փակուած միջազգային թռիչքներու
Կայ նաեւ ուրիշ հետաքրքրական երեւոյթներ։ Ատրպէյճանի մէջ միջազգային թռիչքներու փակուած է Պաքուի օդակայանը։ Մինակ արտօնուած է դէպի Թուրքիա եղած չուերթները։ Այս երեւոյթը սոցցանցերու մէջ կը մեկնաբանուի հասարակութեան պատերազմի պատճառաւ խուճապի մատնուելով երկրէն հեռանալու վարկածով։ Նշենք որ Ատրպէյճանի մէջ խանգարուած է նաեւ բոլոր ընկերային սանցերը բացի «Թուիթըր»է, որ իր կարգին կը շահագործուի որպէս քարոզչամեքենա։ Թէ Արցախի Հանրապետութիւնը եւ թէ Ատրպէյճան յայտարարած են արտակարգ ռեժիմ եւ զինակոչած իրենց պահեստի ուժերը։
Հայաստանի մէջ կը նկատու դէպի ճակատ մեկնելու պատրաստ մեծ թիւով կամաւորներու ներկայութիւնը։ Նոյն երեւոյթը կը ձեւաւորու սփիւռքի մէջ ու բազմաթիւ մարդիկ կը դիմեն Հայաստանի ներկայացուցչութիւններուն Արցախ մեկնելու համար։
Զանազան դէտեր այս երեւոյթը կը բացատրեն Թուրքիոյ այս խնդրին մէջ ունեցած դերակատարութեամբ։ Արդարեւ ճակատ մեկնողներու մէջ կը տիրէ այն համոզումը թէ սա կենաց-մահու պայքար է եւ կարելի չէ զիջել հայրենի երկրի պաշտպանութիւնը թշնամու դիմաց։
Նոյնիսկ հեռուստաընկերութիւնները կը սփռեն տարբեր տարիքի մարդկանց հանրաշարժներով դէպի Արցախ մեկնումէն դրուագներ, ուր օրն ի բուն կը լրանայ իր հերթը սպասողներու թիւը։ Միւս կողմէ բազմաթիւ մարդասիրական կազմակերպութիւն ձեռնարկած են օգնութեան արշաւի մը։ Այս մասին պատասխանատուներ կը զգուշացնեն ինքնակոչ եւ անկազմակերպ աշխատանքի հետեւանքները նշելով։ Կարեւորագոյն զգուշացումը այն է թէ բանակը յագեցած է պարէնի պաշարով եւ կարիք չկայ սննդամթերիք մասին մտահոգուելու։ Սփիւռքի զանազան կեդրոններու մէջ ալ արագօրէն կազմակերպուած է մարդասիրական բնոյթի աշխատութիւններ գրեթէ բոլոր ցամաքամասերու վրայ։