Արցախեան պատերազմը անգամ մը եւս առիթ ընդձեռեց, որ ապացուցուի Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ազգային դիմագիրծը։ Ամբողջ ազգի համար լինել-չլինելու խնդրի վերածուած Արցախեան պաշտպանութիւնը համախմբած է նաեւ հայ հոգեւորականութիւնը։ Ուստի էջի վրայ հրճուանքով կը ներկայացնենք մեր եկեղեցւոյ առաջնորդներու պատգամները յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան։
«Արցախ հայրենի մեր երկիրը կը կանչէ մեզ բոլորիս՝ պաշտպանելու մեր ազգի իրաւունքները»
«Այսօր վաղ առաւօտեան ատրպէյճանական զինուած ուժերը` վերստին խախտելով զինադադարը, ուխտադրուժ կերպով նախայարձակ են եղել շփման գծի ողջ երկայնքով՝ ռմբակոծելով Արցախի խաղաղ բնակավայրեր, այդ թւում եւ մայրաքաղաք Ստեփանակերտը։
Արցախ հայրենի մեր երկիրը վերստին կանչում է մեզ ամենքիս՝ պաշտպանելու մեր ազգի իրաւունքները, մեր սրբազան հողը, մեր ապագան ու ազգային արժանապատուութիւնը։
Կոչ ենք անում մեր ժողովրդին միասնութեան եւ քաղաքական բոլոր ուժերին՝ ստորադասելու հակասութիւնները յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան կարիքների։
Այս պահին, այցով գտնուելով Իտալիայում, որի ընթացքում պէտք է հանդիպում ունենայինք Մեր սիրեցեալ եղբայր Հռոմի Սրբազան Քահանայապետ Ֆրանցիսկոս Պապի հետ, ընդհատում ենք այն եւ անհապաղ վերադառնում հայրենիք։
Աստուած պահապան Արցախ աշխարհին, զօրավիգ ու ապաւէն՝ մեր քաջազուն զինուորներին ու հրամանատարներին». Գարեգին Բ, Ամենայն հայոց կաթողիկոս:
Սեպտեմբերի 27-ին հայրապետական այցով Իտալիայի Հանրապետութիւնում գտնուող Գարեգին Երկրորդ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը հեռախօսազրոյց է ունեցել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Վեհափառ Հայրապետը շեշտել է աշխարհասփիւռ հայութեան ներուժի համախմբման կարեւորութիւնը եւ իր զորակցութիւնը յայտնել ՀՀ իշխանութիւններին:
Ինչպէս աւելի վաղ տեղեկացուել է, Վեհափառ Հայրապետն ընդհատել է իր այցը Իտալիա ու Վաթիքան եւ վերադառնում է Հայրենիք։
Գարեգին Բ. Կաթողիկոս ուղերձեց Հայրապետական մաղթանքի ընթացքին
Սեպտեմբերի 29-ին, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի, Սուրբ Գայանէ վանքի մէջ կատարուեցաւ Հայրապետական մաղթանք մեր հայրենիքի՝ Հայաստան եւ Արցախ աշխարհի խաղաղութեան եւ անսասանութեան համար։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու մասնակցութեամբ կատարուած մաղթանքի աւարտին Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը իր ուղերձը յղեց աշխարհասփյիւռ մեր ժողովրդին։
«Սիրելի բարեպաշտ զաւակներ Մեր ի Հայաստան, Արցախ եւ ի սփիւռս,
Այսօր սրբազան այս տաճարի նուիրական կամարների ներքոյ համախմբուել ենք մեր հոգեւոր դասի եւ հաւատացեալների հետ`աղօթք առ Աստուած բարձրացնելու մեր հայրենիքի խաղաղութեան ու անվտանգութեան եւ մեր ժողովրդի ապահով կեանքի համար։
Արցախ աշխարհի ազատութիւնն ու անկախութիւնը, խաղաղ ու ստեղծագործ կեանքը, մեր սրբազան արժէքները պաշտպանելու գոյամարտն ենք վերստին մղում այս օրերին, նորօրեայ մեր պատմութեան այս վճռական պահին։
Անկախ ու ազատ ապրելու իրաւունքը աստուածապարգեւ շնորհ է, անվիճարկելի եւ անձեռնմխելի։ Այդ իրաւունքի պաշտպանութեան համար մեր ժողովուրդը վճռական է ու հաստատակամ։ Ինչպէս յաճախ մեր պատմութեան ընթացքին, այսօր էլ ազգս հայոց այլընտրանք չունի, քան զինուած դիմակայութեամբ արժանապատուօրէն պաշտպանելու իր կեանքն ու ազատութիւնը։ Մենք մեր ժողովրդի հետ խստօրէն դատապարտում ենք Ատրպէյճանի սանձազերծած ռազմական գործողութիւնները Արցախի Հանրապետութեան դէմ, ինչպէս եւ ոտնձգութիւնները Հայաստանի սահմանների նկատմամբ։ Ատրպէյճանի ռազմական գործողութիւնները, որ ընթանում են Թուրքիայի անվերապահ աջակցութեամբ, կասեցկում են աննկուն ոգով եւ աստուածապաւինութեամբ հայոց քաջարի բանակի մեր խիզախ զօրականների եւ զինուորների։ Արդարեւ, «Տէրն է մեր օգնականն ու փրկութիւնը …եւ Տէրն է խորտակում պատերազմները» (hմմտ. Ելից 15.2-3) Սիրելիներ, ճշմարտութիւնն ու արդարութիւնը մեր կողմն են, եւ մեր հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործը Աստծոյ օգնականութեամբ եւ ողջ հայութեան միասնականութեամբ վերստին պսակելու ենք յաղթանակով։ Մեզ ոգեշնչում է հայրենասիրական եւ յաղթական այն ոգին, որով մեր ժողովրդի զաւակները շտապում են լրացնել հայրենիքի պաշտպանների շարքերը եւ միաւորել ուժերն ու հնարաւորութիւնները ի խնդիր անշրջելի յաղթանակի։ Այսօր պահն է, որպէսզի ազգովի անվեհեր պայքարով մեր հայրենիքը պաշտպանենք թշնամուց եւ վկայենք մեր միասնականութեան ուժն ու ոգու անպարտելիութիւնը։ Մեր հերոսական մաքառումները՝ արձանագրուած հայոց պատմութեան փառաւոր էջերին, ապացուցել են, որ ազգային համախմբումն ու միասնականութիւնն են յաղթանակներ կերտում եւ պարզում լուսաւոր հորիզոնները մեր գալիքի։
Սիրելի զաւակներ Մեր, Հայրապետիս յորդորն ու պատգամն է՝ ամուր պահել հայրենանուիրումի եւ ազգանուիրումի ոգին, համախմբել համազգային մեր ողջ ներուժը՝ պաշտպանելու մեր հայրենիքը եւ թոյլ չտալու ոտնահարումը մեր ազգային արժանապատուութեան, թանկ գնով ձեռք բերուած մեր ազատութեան ու անկախութեան եւ ազգային մեր իրաւունքների։
Մեր ժողովրդի առջեւ հառնած այս փորձութեան յանդիման։ Մենք ուղերձներ ենք յղել պետութիւնների ղեկավարներին, մեր քոյր Եկեղեցիների առաջնորդներին, կրօնապետերին եւ միջեկեղեցական տարբեր կազմակերպութիւնների ղեկավարներին։ Ատրպէյճանի բռնատիրական ու յարձակողական ընթացքների դէմ կարեւոր են քաղաքակիրթ աշխարհի ջանքերը տարածաշրջանում իրավիճակի կայունացման, խաղաղութեան եւ ստեղծագործ ու ապահով կեանքի վերահաստատման համար։ Մարդկային կեանքերը սուրբ են ու աստուածապարգեւ, եւ դրանց նկատմամբ ոտնձգութիւնը՝ աստուածամերժութիւն։ Խորապէս ցաւում ենք մեր ամէն մի զոհի եւ վիրաւորի համար։ Կորով ու քաջասրտութիւն ենք մաղթում մեր զինծառայողների ծնողներին, շուտափոյթ ապաքինում՝ բոլոր վիրաւորներին, Սուրբ Հոգու մխիթարութիւնը՝ զոհուածների հարազատներին։
Ի խորոց սրտի հայցում ենք Աստծոյ Սուրբ Աջի հովանին ու զօրակցութիւնը մեր բանակի քաջարի զինուորներին, արցախահայ մեր խրոխտ զաւակներին, աշխարհասփիւռ մեր ողջ ժողովրդին։ Թող Տիրոջ պահպանութիւնն ու օրհնութիւնը տարածեալ լինեն մեր հայրենյեաց եւ համայն հայութեան վրայ», - ասաց Ամենայն Հայոց Հայրապետը։
Վերջում Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց ներկաներին վերստին միասնական աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած հայրենիքի խաղաղութեան ու անվտանգութեան, հայոց բանակի յաղթանակի, համայն մեր ժողովրդի ապահով կեանքի ու բարօրութեան, նաեւ յանուն հայրենիքի պաշտպանութեան զոհուած մեր հերոս զաւակների հոգիների խաղաղութեան ու հանգստութեան համար։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ
Ա. կաթողիկոս հայ ազգին
ուղղեց հետեւեալ կոչը
Վերջին երկու օրերու ընթացքին Ազրպէյճանի կողմէ Արցախի վրայ կատարուած զինուորական յարձակումը ողջ հայութիւնը կը հրաւիրէ իր ամբողջական զօրակցութիւնը յայտնելու հայոց բանակին, Արցախին ու Հայաստանին: Խոր գոհունակութեամբ կ’ուզենք հաստատել, որ հայոց բանակը ամուր վճռակամութեամբ կը շարունակէ հակադարձել Ազրպէյճանի յարձակումներուն:
Այս վճռադրոշմ պահուն, երբ մեր հայրենիքին անբաժան մասը կազմող Արցախը վտանգի ենթարկուած է, մեր ժողովուրդը Հայաստանի թէ սփիւռքի մէջ չի կրնար սոսկ զգացական սահմաններուն մէջ իր զօրակցութիւնը յայտնել: Անհրաժեշտ է, որ իւրաքանչիւր հայ իր արեան կանչով եւ իր հայրենիքին նկատմամբ ունեցած անխախտ հաւատարմութենէն մղուած, գործնապէս իր օժանդակութիւնը բերէ հայոց բանակի առաւել հզօրացման:
Մենք մնայուն կապի մէջ ենք Հայաստանի ու Արցախի պետական իշխանութեան, ինչպէս նաեւ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին հետ: Հայաստանի ու Արցախի մէջ զօրակոչ յայտարարուած է: Մենք եւս Մեր կարգին, հայրական կոչ կ՛ուղղենք իւրաքանչիւր հայու ընդառաջելու համահայկական զօրակոչին` ինքզինք նկատելով Հայաստանի ու Արցախի պաշտպանութեան զինուոր: Կոչ կ՛ուղղենք նաեւ մեր բոլոր թեմերուն, կազմակերպութիւններուն, ընտանիքներուն ու զաւակներուն, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամին ճամբով իրենց օժանդակութիւնը բերելու հայոց բանակի ու Արցախի հզօրացման:
Մեր ջերմ թելադրութիւնն է միանգամայն, որ մեր աղօթքներուն մէջ յիշենք հայրենիքի պաշտպանութեան ու հայ ժողովուրդի յաւերժութեան համար իրենց արիւնը թափելու պատրաստ մեր զինուորները: Հայցենք Բարձրեալն Աստուծմէ, որ շուտափոյթ ապաքինում պարգեւէ մեր վիրաւոր զինուորներուն ու հայորդիներուն, լուսաւորէ հոգիները նահատակ զինուորներուն եւ Իր երկնային հովանիին ներքեւ պահէ ու պահպանէ Արցախը, Հայաստանը եւ մեր համայն ազգը:
Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական սիրով`
Աղօթարար`
ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ
Պատրիարքական Աթոռոյ Յայտարարութիւնը Ի Մասին Ղարապաղի Հարցին
Իսկապէս ցաւառիթ պարագայ մըն է, թէ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի պետութիւնները չեն կարողացած շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր շարունակուող Ղարապաղի հարցը սեղանի վրայ լուծել։
Երկիրներու միջեւ զինեալ բաղխումներն ու պատերազմները կողմերուն եւ մարդկութեան համար կը յայտնուին ահաւոր կործանման եւ կորուստի նշանակութեամբ։ Ըստ մեր կրօններու հրամայականին, կ՚աղօթենք որ ժամ առաջ խաղաղութիւնը հաստատուի, զէնքերը լռեն եւ կարելի ըլլայ արդար եւ մնայուն համաձայնութիւն մը գոյացնել։
Այս խաղաղութեան հաստատութեան մէջ Թուրքիոյ ստանձնելիք դերը անժխտելի կարեւորութիւն կը զգենու։ Որպէսզի Կովկասեան երկիրներու աշխարհագրական շրջանը խաղաղութեան վայրի մը վերածուի, հարկաւոր է շահագրգռուող պետութիւններու եւ ժողովուրդներու փոխադարձ զոհողութիւններն ու ներդրումը։
Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ժողովուրդները երկար դարեր խաղաղութեան մէջ միասնաբար ապրելու եւ գոյատեւելու փորձառութիւնը ունին։ Մեր ամենամեծ մաղթանքն ու աղօթքն է որ «Եղբայր Ազերի եւ Հայ ժողովուրդները» ասութիւնը ներկայ սերունդներու կողմէ եւս վերահաստատուի։
Յիշեցնելով Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի «Երանի անոնց, որոնք խաղաղութեան հաստատումին համար կ՚աշխատին, որովհետեւ անոնք Աստուծոյ որդիներ պիտի կոչուին» խօսքը, խաղաղութիւն հաստատելու իշխանութիւն ունեցողները կը քաջալերենք, որպէսզի այս ուղղութեամբ իրենց ջանքերը բազմապատկեն։
Անկասկած, կորուսեալ իւրաքանչիւր անձ թանկագին է եւ պատերազմի իւրաքանչիւր օրը անփոխարինելի կորուստներու ծնունդ կու տայ եւ կը բանայ՝ անդարմանելի վէրքեր։ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հետզհետէ սաստկացող պատերազմին ժամ առաջ դադարման եւ խաղաղութեան համար վերստին առիթ ընծայելու հարկաւորութեան նկատմամբ սնուցած մեր հաւատքով, մահացած զինուորներուն եւ ժողովրդային անհատներուն կը հայցենք Աստուծոյ ողորմութիւնը եւ մնացողաց կը մաղթենք համբերութիւն։
Դիւան Պատրիարքարանի